Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Գլուխ գործոց ծրագիր մը»

«Գլուխ գործոց ծրագիր մը»

Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք

«Գլուխ գործոց ծրագիր մը»

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաները իրենց արդի պատմութեան սկիզբէն ի վեր, մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են Յիսուս Քրիստոսի տուած մարգարէութեան մը հանդէպ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Մինչ 1914–ը՝ «վերջին օրեր»ու սկիզբը՝ կը մօտենար, անկեղծ Աստուածաշունչի Աշակերտներ հաստատ համոզումով, Սուրբ Գրութիւններու վրայ հիմնուած համաշխարհային աննախընթաց դաստիարակչական արշաւի մը ձեռնարկեցին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

Համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզելու իրենց նպատակը իրագործելու համար, Եհովայի այս ծառաները մեթոտ մը որդեգրեցին, որ նոր, յանդուգն եւ կենսալից էր։ Այս մասին աւելի գիտնալու համար, յետադարձ ակնարկ մը նետենք։

Բարի Լուրը Ծանուցանելու Նոր Կերպ մը

1914–ի Յունուար ամիսն է։ Երեւակայեցէք որ ուրիշ 5,000 հոգիի հետ նստած էք Նիւ Եորք Քաղաքի մութ լսարաններէն մէկուն մէջ։ Ձեր առջեւ պարզուած է շարժապատկերի հսկայ պաստառ մը։ Սեւ թիկնոց հագած ալեհեր մարդ մը կը յայտնուի պաստառին վրայ։ Դուք անձայն շարժապատկերներ տեսած էք, բայց այս մարդը կը խօսի, եւ դուք կը լսէք իր ըսածը։ Բառին բուն առումով, կը գտնուիք նոր գիւտի մը առաջին ներկայացման, եւ պատգամը անզուգական է։ Խօսողը Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ Չարլզ Թէյզ Ռասըլն է, իսկ արտադրութիւնը՝ «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը»։

Չ. Թ. Ռասըլ գիտակցեցաւ որ շարժապատկերը հնարաւորութիւն պիտի տար մեծ թիւով ամբոխներու հասնելու։ Հետեւաբար, 1912–ին, «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» սկսաւ պատրաստել։ Ի վերջոյ, անիկա լուսանկարի սահիկներու եւ շարժուն պատկերներու ութ ժամ տեւող արտադրութիւն մը եղաւ, գունաւոր ու ձայնաւոր։

Չորս մասով ցուցադրուելու համար ծրագրուած այս «Պատկերատրամը», ստեղծագործութենէն սկսելով ու մարդկային պատմութեան մէջէն անցնելով, հանդիսականները հասցուց Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան՝ երկրի ու մարդկութեան համար Եհովա Աստուծոյ վերջնագոյն նպատակին։ Տարիներ պիտի անցնէին մինչեւ որ այս արուեստագիտութիւնը առեւտրական գետնի վրայ յաջողութիւն գտնէր։ Այսուհանդերձ, միլիոնաւոր անհատներ «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» ձրի՛աբար դիտեցին։

«Պատկերատրամ»ին համար ընտիր երաժշտական արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ֆոնոկրաֆ–ի ձայնապնակներու վրայ 96 դասախօսութիւններ պատրաստուեցան։ Աշխարհի պատմութիւնը պատկերացնող գեղարուեստական գործերէն սթէրիոբթիքըն սահիկներ պատրաստուեցան։ Նաեւ անհրաժեշտ եղաւ հարիւրաւոր նոր գծագրութիւններ եւ նախագծեր պատրաստել։ Գունաւոր սահիկներէն եւ ֆիլմերէն ոմանք, մեծ խնամքով ձեռքով ներկուեցան։ Իսկ ասիկա քանի մը անգամ եղաւ. ժամանակի ընթացքին, իւրաքանչիւրը չորս մասէ բաղկացած 20 ներկայացումներ պատրաստուեցան։ Ասիկա կարելի դարձուց որ «Պատկերատրամ»էն հատուած մը որեւէ օրուան ընթացքին 80 քաղաքներու մէջ ցուցադրուի։

Բեմին Ետին

«Պատկերատրամ»ի ցուցադրութիւններուն ընթացքին բեմին ետին ի՞նչ տեղի կ’ունենար։ Աստուածաշունչի Աշակերտ Ալիս Հոֆմէն ըսաւ. «Պատկերատրամը կը սկսէր Եղբայր Ռասըլի հանդէս գալով։ Երբ ան պաստառին վրայ երեւնար եւ սկսէր իր շրթունքները շարժել, ֆոնոկրաֆ մը կ’աշխատցուէր . . . եւ հաճոյքով իր ձայնը կը լսէինք»։

Թայմ–լէփս լուսանկարչութեան ակնարկութիւն ընելով, Զոլա Հոֆմէն մտաբերեց. «Նստարանիս վրայ ակնապիշ նստած էի, մինչ ստեղծագործական օրերուն ներկայացումը կը դիտէինք։ Մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնէինք շուշաններուն աստիճանաբար բացուիլը»։

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն, երաժշտասէր Գարլ Ֆ. Գլայն կ’աւելցնէ. «Այս պատկերներու ցուցադրութեան կ’ընկերակցէր շատ գեղեցիկ երաժշտութիւն մը, Նարկիսուսի եւ Հիւմորէսքի նման գլուխ գործոցներ»։

Կարգ մը այլ յիշատակելի միջադէպեր ալ կային։ Գլէյթըն Ճ. Ուուտուըրթ Կրտսերը մտաբերեց. «Երբեմն ծիծաղելի ձախաւերութիւններ կը պատահէին։ Անգամ մը, ձայնապնակէն կը լսուէր ‘Թռչնակի Պէս Դէպի Ձեր Լեռը Թռչէ’ խօսքը, եւ պաստառին վրայ երեւցաւ վիթխարի կիկանդոսորոս մը՝ նախա–Ջրհեղեղեան հսկայ անասուն մը»։

Սովորական «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»ին կողքին, շատ չանցած «Եւրէքա Տրամա»ի հաւաքածոն մատչելի եղաւ։ (Տես՝ շրջագիծը։) Անոնցմէ մէկը ձայնագրուած դասախօսութիւններէ ինչպէս նաեւ երաժշտութիւններէ կազմուած էր։ Ուրիշ մը, ձայնագրութիւններէ ե՛ւ լուսապատկերներէ կը բաղկանար։ Թէեւ «Եւրէքա Տրամա»ն շարժական պատկերներ չունէր, բայց անիկա շատ յաջողութիւն գտաւ, երբ ցուցադրուեցաւ սակաւ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ։

Վկայութեան Զօրաւոր Գործիք մը

1914–ի վերջաւորութեան, «Պատկերատրամ»ը ներկայացուած էր աւելի քան 9,000,000 հանդիսականներու, Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Թէեւ Աստուածաշունչի Աշակերտները սակաւաթիւ էին, սակայն անոնք բարի լուրը այս նոր միջոցով ծանուցանելու համար հարկ եղած հաստատ համոզումը ունէին։ Անոնք այս ներկայացումներուն համար յարմար վայրեր վարձելու համար, հարկ եղած գումարները յօժարակամօրէն նուիրեցին։ Այսպէս է որ «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը» մեծ դեր խաղցաւ հանդիսատեսները Աստուծոյ Խօսքին եւ նպատակներուն ծանօթացնելու մէջ։

Չ. Թ. Ռասըլին ուղղուած նամակի մը մէջ, անհատ մը գրեց. «Երբ առաջին անգամ ներկայ գտնուեցայ ձեր Տրամային, անիկա կեանքիս մէջ դարձակէտ մը նշեց. կամ աւելի ճիշդը՝ Աստուածաշունչի մասին ունեցած գիտութեանս մէջ դարձակէտ մը»։ Ուրիշ անհատ մը ըսաւ. «Քիչ մնացած էր որ անհաւատութեան թակարդին մէջ իյնայի, եւ կը խորհիմ թէ անցեալ ամառ հոս ցուցադրուած ‘Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ’ին շնորհիւ փրկուեցայ։ . . . Այժմ ունիմ այն խաղաղութիւնը որ աշխարհ չի կրնար տալ, եւ ես զայն չե՛մ փոխեր անոր բոլոր հարստութեան հետ»։

Տեմեթրիուս Փափաճորճը՝ Ընկերութեան կեդրոնատեղիի անձնակազմին հին անդամներէն մէկը, ըսաւ. «‘Պատկերատրամը’ գլուխ գործոց ծրագիր մըն էր, երբ նկատի առնենք Աստուածաշունչի Աշակերտներուն փոքր թիւը եւ մատչելի եղած համեմատաբար քիչ գումարը։ Իրա՛պէս անոր ետին Եհովայի հոգին կար»։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 8, 9]

«Եւրէքա տրամա»ն

«Պատկերատրամ»ի առաջին ներկայացումէն ութ ամիս ետք, Ընկերութիւնը կարիքը տեսաւ անոր ուրիշ մէկ օրինակը հայթայթելու, որ «Եւրէքա Տրամա»ն կոչուեցաւ։ Մինչ «Պատկերատրամ»ը ամբողջութեամբ շարունակուեցաւ ցուցադրուիլ մեծ քաղաքներու մէջ, «Եւրէքա»ն նոյն հիմնական պատգամը ներկայացուց գիւղական շրջաններու մէջ։ «Եւրէքա Տրամա»ին մէկ բաժնին մասին ըսուած էր որ անիկա «քոյրերուն բացառիկ պատեհութիւն մը» տուաւ քարոզելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ֆոնոկրաֆ–ի ձայնապնակները պարունակող անոր պայուսակը միա՛յն 14 քիլօ կը կշռէր։ Անշուշտ, զայն ներկայացնելու համար անհրաժեշտ էր ֆոնոկրաֆ մըն ալ կրել։