Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բոլոր բաներուն վերահաստատուելու ժամանակները» մօ՛տ են

«Բոլոր բաներուն վերահաստատուելու ժամանակները» մօ՛տ են

«Բոլոր բաներուն վերահաստատուելու ժամանակները» մօ՛տ են

Յիսուս երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, իր հաւատարիմ աշակերտներէն ոմանք իրեն հարցուցին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Յիսուսի պատասխանէն կը հասկցուէր որ Թագաւորութիւնը գալէն առաջ որոշ ժամանակ մը պիտի անցնէր։ Այդ ժամանակամիջոցին, իր հետեւորդները ընելիք հսկայ գործ մը պիտի ունենային։ Անոնք Յիսուսի վկաները պիտի ըլլային, «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 1։6-8

ԱՅԴ նշանակումը քանի մը օրուան, շաբթուան կամ ամսուան մէջ կատարուելիք բան մը չէր։ Բայց առանց ամենադոյզն վարանութեան, աշակերտները սկսան քարոզել։ Բայց վերահաստատումի նիւթին շուրջ իրենց հետաքրքրութիւնը չկորսնցուցին։ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած հսկայ բազմութեան մը, Պետրոս խօսեցաւ այդ մասին, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն եւ նախապէս ձեզի քարոզուած Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ. որ պէտք է երկինք ընդունի մինչեւ այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին բոլոր բաներուն վերահաստատուելու ժամանակները գան», Երուսաղէմ], որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է»։—Գործք 3։19-21

Այս «վերահաստատուելու ժամանակները»՝ «սփոփանքի ժամանակներ» պիտի բերէին Եհովայէն։ Նախագուշակուած վերահաստատումը երկու հանգրուանով պիտի գար։ Նախ՝ սփոփող հոգեւո՛ր վերահաստատում մը պիտի ըլլար, որու մէջ կը գտնուինք ներկայիս։ Երկրորդ՝ անոր պիտի յաջորդէր երկրի վրայ ֆիզիքական դրախտի մը վերահաստատումը։

Վերահաստատումի Ժամանակը կը Սկսի

Ինչպէս Պետրոս ըսաւ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած բազմութեան, երկինք ‘Յիսուսը իր մէջ ընդունեց’։ Այս էր պարագան մինչեւ 1914, երբ Յիսուս սկսաւ տիրել որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։ Պետրոս նախագուշակեց որ այդ ժամանակ, Եհովա պիտի ‘ղրկէր’ իր Որդին, այն առումով որ Ան թոյլ պիտի տար որ Յիսուս իր դերը ստանձնէր, որպէս Աստուծոյ նպատակներուն գլխաւոր դերակատարը։ Աստուածաշունչը այլաբանական լեզուով մը կը նկարագրէ այս միջադէպը. «[Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնը] արու զաւակ մը ծնաւ [Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը], որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը»։—Յայտնութիւն 12։5

Բայց ազգերը Քրիստոսի իշխանութեան ենթարկուելու մտադրութիւն չունէին։ Արդարեւ, անոնք իր երկրային հաւատարիմ հպատակներուն վրայ յարձակում գործեցին, որոնք ներկայիս կը ճանչցուին որպէս Եհովայի Վկաներ։ Իրենց առաքելական նախակարապետներուն նման, Վկաները առանց վարանելու «Յիսուսին մասին վկայելու գործ»ին ձեռնարկեցին։ (Յայտնութիւն 12։17) Այս անկեղծ Քրիստոնեաներուն կատարած գործին դէմ հակառակութիւն մը ծայր տուաւ մէկ երկրէն միւսը։ 1918–ին, Պրուքլինի մէջ (Նիւ Եորք), Դիտարանի Ընկերութեան կեդրոնատեղիի անձնակազմին պատասխանատու անդամները ատեաններու առջեւ տարուեցան հնարուած ամբաստանութիւններու վրայ եւ անիրաւօրէն երկարատեւ բանտարկութեան վճիռ ստացան։ Ժամանակ մը այնպէս թուեցաւ որ «մինչեւ երկրին ծայրերը» վկայելու արդի գործունէութիւնը պիտի ձախողէր։—Յայտնութիւն 11։7-10

Սակայն 1919–ին, կեդրոնատեղիի անձնակազմին բանտարկուած անդամները ազատ արձակուեցան եւ հետագային բոլոր սուտ ամբաստանութիւններէն անպարտ հռչակուեցան։ Անոնք ընթացքի մէջ եղող հոգեւոր վերահաստատումի գործին ձեռնարկելու համար ժամանակ չկորսնցուցին։ Անկէ ի վեր, Եհովայի ժողովուրդը աննախընթաց հոգեւոր բարգաւաճութիւն մը կը վայելէ։

Համատարած արշաւ մը կազմակերպուեցաւ, որպէսզի ամէն ազգէ մարդոց սորվեցնեն որ իր հետեւորդներուն Քրիստոսի պատուիրած բաները պահեն։ (Մատթէոս 28։20) Որքա՜ն սփոփիչ էր տեսնել որ նախապէս գազանանման յատկանիշներ ցուցաբերող անհատներ իրենց տեսակէտը կը փոխեն։ Անոնք իրենց վրայէն հանեցին հին անձնաւորութիւնը՝ որ յառաջ կը բերէ «բարկութիւն», «հայհոյութիւն» եւ «անհամեստ խօսքեր», եւ նոր անձնաւորութիւնը հագան, «գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։ Եսայի մարգարէին խօսքերը հի՛մա իսկ կը կատարուին հոգեւոր առումով. «Գայլը [նախապէս գայլանման յատկանիշներ ցուցաբերող անհատ մը] գառին [հեզ բնաւորութեան տէր անհատի մը] հետ պիտի բնակի, ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին»։—Կողոսացիս 3։8-10. Եսայեայ 11։6, 9

Յաւելեալ Վերահաստատում մը Մօ՛տ Է

Ներկայ հոգեւոր դրախտը յառաջ բերող վերահաստատումէն զատ, ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ մեր մոլորակը բառացի դրախտի մը պիտի վերածուի։ Երբ Եհովա մեր նախահայրերը՝ Ադամն ու Եւան Եդեմի Պարտէզին մէջ տեղաւորեց, երկրին միայն պզտիկ մէկ մասը դրախտ մըն էր։ (Ծննդոց 1։29-31) Անոր համար կրնանք խօսիլ Դրախտին վերահաստատման մասին։ Սակայն անիկա տեղի ունենալէն առաջ, Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ անպատուաբեր սուտ կրօնքը։ Այս աշխարհի քաղաքական տարրերն են որ ասոր հոգ պիտի տանին։ (Յայտնութիւն 17։15-18) Անկէ ետք, քաղաքական եւ վաճառականական տարրերը եւ անոնց նեցուկ կանգնողները պիտի կործանին։ Վերջապէս, Աստուծոյ հակառակորդներուն վերջինը՝ Բանսարկու Սատանան եւ իր դեւերը, պիտի արգելափակուին հազար տարի, վերահաստատումի ծրագրին ամբողջ տեւողութեան։ Այդ ընթացքին, «անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի»։ (Եսայեայ 35։1) Ամբողջ երկիրը խռովութենէ զերծ պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 14։7) Նոյնիսկ մահացած միլիոնաւորներ ետ կեանքի պիտի բերուին։ Բոլորն ալ փրկանքի զոհին վերահաստատման օգուտները պիտի վայելեն։ (Յայտնութիւն 20։12-15. 22։1, 2) Երկրի վրայ կոյր, խուլ կամ կաղ մարդիկ պիտի չըլլան։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը վերջանալէն քիչ ետք, Բանսարկուն եւ իր դեւերը կարճ ժամանակուան մը համար պիտի արձակուին եւ պիտի տեսնեն թէ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ո՛ր տարողութեամբ կատարուած է։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։—Յայտնութիւն 20։1-3

Երբ երկիրը հազար տարուան վերահաստատման վերջաւորութեան հասնի, «ամէն շունչ ունեցող» Եհովան պիտի փառաբանէ, եւ ասիկա պիտի ընեն յաւիտեա՛ն։ (Սաղմոս 150։6) Դուք անոնց մէջ պիտի ըլլա՞ք։ Կրնա՛ք ըլլալ։