Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գաղաադու 108–րդ դասարանին յորդոր կը տրուի որ սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն

Գաղաադու 108–րդ դասարանին յորդոր կը տրուի որ սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն

Գաղաադու 108–րդ դասարանին յորդոր կը տրուի որ սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ, Աստուծոյ պաշտամունքին յաճախ ակնարկուած է որպէս «սրբազան ծառայութիւն»։ Անիկա Յունարէն բառէ մը կու գայ, որ Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցանելու կ’ակնարկէ։ (Հռովմայեցիս 9։4, ՆԱ) Դիտարանի՝ Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին 108–րդ դասարանի վկայականի բաշխման յայտագրի 5,562 ունկնդիրները լսեցին դասախօսներուն տուած գործնական խրատները, շրջանաւարտներուն օգնելու համար որ Եհովա Աստուծոյ ընդունելի սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն։ *

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն մէկը՝ Թէօտոր Ճէրըս որպէս ատենապետ կը ծառայէր։ Յայտագիրը սկսաւ թիւ 52 երգեցողութեամբ՝ «Մեր Հօրը Անունը»։ Այդ երգեցողութեան երկրորդ տունը կ’ըսէ. «Մենք ալ կերպեր կը փնտռենք Որ աննման անունդ սրբացնենք»։ Ասիկա իրապէս կ’արտայայտէր իրենց ստացած մարզումը իրենց միսիոնարական նշանակումին (17 երկիրներ) մէջ գործածելու, շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն (10 երկիրներէ եկած) զգացումը։

Իր բացման ուղերձին մէջ, Եղբայր Ճէրըս աշակերտներուն ուշադրութիւնը դարձուց հինգ ամսուան Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութեան վրայ, որ զիրենք պատրաստեց օտար դաշտերու մէջ ծառայելու։ Ասիկա իրենց օգնեց որ ‘ամէն բան փորձեն’, այսինքն, Աստուծոյ Խօսքին լոյսով զննեն ինչ որ նախապէս սորված էին եւ՝ ‘բարին ամուր բռնեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Ան քաջալերեց զիրենք որ հաւատարմաբար կառչին Եհովայի, իր Խօսքին եւ իրենց նշանակումներուն, որոնց համար մարզում ստացան։ Այս բոլորը ընելու մէջ ի՞նչ բան պիտի օգնէր իրենց։

Սրբազան Ծառայութիւն Մատուցանելու Համար Գործնական Խրատներ

Լան Շիլինկ՝ Պէթէլի Գործառնութեանց Յանձնախումբի մէկ անդամը, խօսեցաւ՝ «Տրամաբանական Ըլլալու Փորձէն Յաջող Դուրս Պիտի Գա՞ք» խորագրին ներքեւ։ Ան շեշտեց աստուածային իմաստութիւն ցոյց տուող տրամաբանական ըլլալու արժէքը։ (Յակոբու 3։17) Տրամաբանական ըլլալը կը ներփակէ տեղի տուող, անաչառ, չափաւոր, փափկանկատ եւ համբերատար ըլլալ։ «Տրամաբանական անհատները ուրիշներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ հաւասարակշռուած են։ Անոնք չափազանցութիւններու չեն երթար», ըսաւ Եղբայր Շիլինկ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել միսիոնարի մը որ տրամաբանական ըլլայ։ Իր անձը շատ կարեւոր չսեպելը, ուրիշներուն մտիկ ընելու եւ անոնցմէ սորվելու առիթներէն օգտուիլը եւ՝ առանց աստուածային սկզբունքներու մէջ զիջումներ ընելու, ուրիշներուն տեսակէտները նկատի ունենալու յօժարակամութիւնը։—Ա. Կորնթացիս 9։19-23

«Մի՛ Մոռնաք Ուտել». յայտագրին յաջորդ մասին հետաքրքրաշարժ խորագիրն էր, զոր ներկայացուց Կառավարիչ Մարմինի ուրիշ անդամ մը՝ Սամուէլ Հըրտ։ Ան ընդգծեց սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու յարմար ըլլալու համար, հոգեւոր լաւ սննդականոն մը ունենալուն արժէքը։ Եղբայր Հըրտ ըսաւ. «Ձեր հոգեւոր գործունէութիւնը շուտով պիտի աւելնայ, երբ քարոզելու ու սորվեցնելու ձեր նշանակումին մէջ կը խորասուզուիք։ Հետեւաբար, ձեր ուժերը հաւասարակշռելու ու բարձր պահելու համար հոգեւոր կերակուրը աւելցնելու կարիքը պիտի ունենաք»։ Հոգեւոր կերակուրի կանոնաւոր սննդականոն մը պիտի օգնէ միսիոնարի մը որ հոգեւոր ընկճուածութենէ եւ տան կարօտէն խուսափի։ Անիկա կը նպաստէ գոհունակութեան, եւ սրբազան ծառայութեան նշանակումին կառչած մնալու վճռակամութիւնը կը զօրացնէ։—Փիլիպպեցիս 4։13

Գաղաադու ուսուցիչներէն մէկը՝ Լորընս Պօուըն, շրջանաւարտները քաջալերեց, ըսելով՝ «Սկիզբին Գացէք»։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան բոլոր ունկնդիրներէն խնդրեց որ Առակաց 1։7–ն բանան, ուր կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] վախն է»։ Դասախօսը բացատրեց. «Որեւէ բան որ Եհովայի գոյութեան հիմնական իրողութիւնը կ’անտեսէ, բնաւ կարելի չէ որակել որպէս շիտակ գիտութիւն, ո՛չ ալ անիկա պատշաճ հասկացողութիւն կու տայ»։ Եղբայր Պօուըն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչի մանրամասնութիւնները բաղդատեց փազըլ–ի կտորներուն հետ։ Երբ կտորները իրարու քով դրուին, պատկեր մը կը կազմուի։ Որքան շատ կտորներ ըլլան, պատկերը այնքան աւելի մեծ ու յստակ կ’ըլլայ եւ անհատը աւելի մեծ գնահատութիւն կը զարգացնէ։ Ասիկա կրնայ օգնել բոլորին որ Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն։

Ուէլըս Լիվըրընս՝ Գաղաադու Դպրոցի դիւանադպիրը, դասախօսութիւններու շարքերը եզրափակեց։ Իր բնաբանն էր՝ «Որպէս Զոհ՝ Աստուծոյ Գոհութիւն Մատուցանեցէք»։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Յիսուսի տասը բորոտները բուժելու պատմութեան վրայ։ (Ղուկաս 17։11-19) Միայն մէկը վերադարձաւ Աստուծոյ փառք տալու եւ Յիսուսի իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար։ «Միւսները անկասկած մեծապէս ուրախացան որ մաքրուեցան։ Անոնք իրենց վիճակով գոհ էին, բայց այնպէս կը տեսնուի որ անոնք միայն քահանային կողմէ մաքուր յայտարարուիլ կ’ուզէին», ըսաւ Եղբայր Լիվըրընս։ Ճշմարտութիւնը սորվելու որպէս հետեւանք հոգեւոր մաքրութիւնը՝ գոհութիւնով մէկտեղ, պէտք է մղէ անհատը որ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնէ իր բարութեան համար։ Գաղաադու 108–րդ դասարանի աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ Աստուծոյ բոլոր գործունէութիւններուն ու բարութեան վրայ խոկան, որպէսզի իրենց ծառայութիւնը եւ զոհերը Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութիւն արտացոլացնեն։—Սաղմոս 50։14, 23. 116։12, 17

Ասիկա Ի՛նչպէս Ընելու Շուրջ Փորձառութիւններ եւ Տեսակցութիւններ

Գաղաադու ուրիշ ուսուցիչ մը՝ Մարք Նումէր, յայտագրին յաջորդ մասը վարեց։ Անիկա դասարանին մարզումի ընթացքին ունեցած դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններուն հետ կապ ունէր։ Աշակերտները Գաղաադ գալէ առաջ, միջին հաշուով շուրջ 12 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած էին։ Դպրոցի շրջանին, անոնք բաւական Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսան տարբեր ենթահողեր ունեցող անհատներու հետ, ցոյց տալով որ աշակերտները սորված էին ի՛նչպէս ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալ’։—Ա. Կորնթացիս 9։22

Աշակերտներու փորձառութիւններէն ետք, Չարլզ Մոլըհէն եւ Ուիլիըմ Սէմուէլսըն հարցազրոյց ունեցան Պէթէլի ընտանիքի կարգ մը անդամներուն եւ ճամբորդող տեսուչներու հետ, որոնք Գաղաադ յաճախած էին։ Անոնցմէ մէկը, Եղբայր Ռապըրթ Փէվին, Գաղաադու 51–րդ դասարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Ֆիլիպեան Կղզիներուն մէջ ծառայած էր։ Ան դասարանին հետեւեալ վերյիշեցումը ըրաւ. «Երբ խնդիր մը ծագի, ամէն մարդ իր կողմէ թելադրութիւններ կը ներկայացնէ զայն ի՛նչպէս լուծելու մասին։ Միշտ ձեզմէ աւելի սրամիտ մէկը կայ, մէկը՝ որ աւելի լաւ գաղափար մը կ’առաջարկէ։ Բայց եթէ Աստուածաշունչին դիմէք եւ փորձէք հարցերու մասին Աստուծոյ տեսակէտը գտնել, անկէ լաւագոյնը չի կրնար առաջարկուիլ։ Անիկա մի՛շտ շիտակ պատասխանը պիտի ըլլայ»։

Այս գեղեցիկ հոգեւոր յայտագիրը աւարտելու համար, Ճոն Պառ՝ Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն մէկը, խօսեցաւ հետեւեալ խորագրին ներքեւ. «Եհովայի Ընդունելի Ծառայութիւն Մատուցանեցէք»։ Ան ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս սրբազան ծառայութիւնը իր անդրադարձը կ’ունենայ դաշտի ծառայութեան մէջ, ուղղամիտ անհատներուն օգնելով որ Աստուած ընդունելի կերպով պաշտեն։ Մատթէոս 4։10–ի մէջի Յիսուսի խօսքին ակնարկելէ ետք, Եղբայր Պառ ըսաւ. «Եթէ միայն Եհովան պիտի պաշտենք, կռապաշտութեան բոլոր խորամանկ կերպերը պէտք է վանենք, ինչպիսին է ագահութիւնը, հարստութեան ցանկութիւնը եւ ինքզինք առաջ քշելը։ Որքա՜ն մեզ կ’ուրախացնէ խորհիլ թէ 1940–ական թուականներէն ի վեր մեր միսիոնարները այս ուղղութեամբ հոյակապ արձանագրութիւն մը պահած են։ Իսկ մենք վստահ ենք որ դուք՝ 108–րդ դասարանի աշակերտներդ ալ իրենց լաւ օրինակին պիտի հետեւիք։ Դուք Եհովայի սրբազան ծառայութիւն պիտի մատուցանէք, որու միայն ի՛նք արժանի է»։

Ասիկա դրական բարձունք մըն էր կերտիչ յայտագրի մը համար։ Ապա ժամանակ տրուեցաւ համայն աշխարհէն ղրկուած մաղթանքները լսելու, վկայականները բաշխելու եւ իրենց ստացած մարզումին համար դասարանին կողմէ գնահատական նամակ մը կարդալու։ Շրջանաւարտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իրենց նշանակումին եւ Եհովայի ծառայութեան հաւատարմաբար կառչին։ Բոլոր ներկաները՝ 25 երկիրներէ եկած հիւրերն ալ ներառեալ, յայտագրի աւարտին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգեցողութեամբ եւ աղօթքով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 11 Մարտ 2000–ի յայտագիրը պատրաստուած էր Նիւ Եորքի Փէթըրսընի մէջ գտնուող Դիտարանի Կրթական Կեդրոնին կողմէ։

[Շրջանակ՝ էջ 23]

ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ

Ներկայացուած երկիրներ՝ 10

Նշանակուած երկիրներ՝ 17

Աշակերտներուն թիւը՝ 46

Միջին տարիք՝ 34

Ճշմարտութեան մէջ միջին տարի՝ 16

Լիաժամ ծառայութեան մէջ միջին տարի՝ 12

[Նկար՝ էջ 24]

Դիտարանի՝ Աստուածաշունչի Գաղաադու դպրոցի 108–րդ դասարանի շրջանաւարտները

Ստորեւ տրուած ցանկին մէջ, շարքերը թուագրուած են առջեւէն դէպի ետեւ, իսկ անունները տրուած են ձախէն՝ աջ, իւրաքանչիւր շարքի համար։

(1) Ամատորի Է., Գուք Օ., Պայրն Մ., Լի Ա.։ (2) Նիւսամ Տ., Բետերզոլլի Ա., Պիկրա Հ., Գաթօ Թ., Կէյթվուտ Տ.։ (3) Էտ Տ., Էտ Ժ., Ուէլզ Ս., Ճէմիսըն Ճ., Կոնզալէս Մ., Կոնզալէս Ճ.։ (4) Գաթօ Թ., Լոն Տ., Նիքլաոս Ի., Փրիս Ս., Ֆոսթըր Փ., Իպարա Ժ.։ (5) Ամատորի Մ., Մէնինկ Մ., Ճէյմս Մ., Պօսթրոմ Ա., Կէյթվուտ Պ., Նիւսամ Տ.։ (6) Ֆոսթըր Պ., Ճէմիսըն Ր., Հիֆինկր Ա., Գոֆֆէլ Ս., Գոֆֆէլ Թ., Պայրն Ճ.։ (7) Հիֆինկր Գ., Մէնինկ Ք., Գուք Ճ., Պօսթրոմ Ճ., Լոն Է., Բետերզոլլի Ա.։ (8) Ճէյմս Ա., Ուէլզ Լ., Փրիս Տ., Նիքլաոս Է., Լի Մ., Իպարա Փ., Պիկրա Ի.։