Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդալով գոհ մնացի՞ք։ Շատ աղէկ, կրնա՞ք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Ի՞նչ բան ճամբան հարթեց որ Ծնունդը որդեգրուի Քորէայի մէջ։

Քորէայի եւ կարգ մը ուրիշ երկիրներու մէջ հին հաւատալիք մը կար, ըստ որուն կը կարծուէր թէ խոհանոցի աստուած մը Դեկտեմբերին ծխնելոյզին մէջէն կու գար եւ նուէրներ կը բերէր։ Նաեւ, Բ. Աշխարհամարտէն ետք Ամերիկացի զինուորներ նուէրներ եւ նպաստ կը բաշխէին տեղւոյն եկեղեցիներուն մէջ։—12/15, էջ 4, 5

Եսայեայ 21։8–ի որպէս կատարում, Աստուած ի՞նչպիսի «դէտ» մը ունի ներկայիս։

Հոգիով օծուած Քրիստոնեաներ, որպէս դէտ դասակարգ ծառայելով, մարդիկը զգուշացուցած են Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կատարող աշխարհի դէպքերուն իմաստին նկատմամբ։ Անոնք նաեւ օգնած են Աստուածաշունչի աշակերտներուն, որ սուրբ գրային չեղող ուսուցումները եւ սովորութիւնները բնորոշեն եւ անոնցմէ խուսափին։—1/1, էջ 8, 9

Որո՞նք էին «Լեհ Եղբայրները»։

Անոնք 16 եւ 17–րդ դարերուն Լեհաստանի մէջ գտնուող կրօնական փոքր խումբ մըն էին, որոնք քաջալերեցին Աստուածաշունչին կառչած մնալ, հետեւաբար մերժեցին տիրական եղող եկեղեցական վարդապետութիւնները, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը, մանուկներու մկրտութիւնը եւ դժոխքի կրակը։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք խստօրէն հալածուեցան եւ հարկադրուեցան այլ երկիրներու մէջ ցրուիլ։—1/1, էջ 21-23

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններո՛ւն եւ ոչ թէ ապագայաբաններուն կամ աստղագուշակներուն պէտք է վստահինք։

Մարդկային այդպէս կոչուած մարգարէները փաստօրէն անվստահելի են, քանի որ անոնք Եհովան եւ Աստուածաշունչը կ’անտեսեն։ Միայն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կրնան օգնել ձեզի, ըմբռնելու համար թէ դէպքերը Աստուծոյ նպատակին մէջ ի՛նչ տեղ կը գրաւեն, մնայուն օգուտ բերելով ձեզի եւ ձեր ընտանիքին։—1/15, էջ 3

Ի՞նչ են ապացոյցներէն ոմանք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։

Սատանային երկնքէն արտաքսուելուն հետեւանքները կրնանք նշմարել։ (Յայտնութիւն 12։9) Յայտնութիւն 17։9-11–ի մէջ յիշուած «թագաւոր»ին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Հարազատ օծեալ Քրիստոնեաներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի, թէեւ ակներեւաբար ոմանք տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։—1/15, էջ 12, 13

Ամբակումայ մարգարէութիւնը ե՞րբ գրուեցաւ, եւ անիկա ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։

Աստուածաշունչի այս գիրքը գրուած է շուրջ Հ.Դ.Ա. 628–ին։ Անիկա Եհովայի դատաստանը կը պարունակէ վաղեմի Յուդայի եւ Բաբելոնի դէմ։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ ներկայ ամբարիշտ դրութեան վրայ աստուածային մօտալուտ դատաստանը։—2/1, էջ 8

Աստուածաշունչին մէջ ո՞ւր կրնանք գտնել առաքինի կիներու մասին մօր մը իմաստուն խրատը։

Առակաց գրքի 31–րդ, կամ վերջին, գլուխը այսպիսի խրատի սքանչելի աղբիւր մըն է։—2/1, էջ 30, 31

Ինչո՞ւ երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովան մեզի յայտնած է «Քրիստոսին միտքը»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16)

Աւետարաններուն արձանագրութեամբ, Եհովա կարելի դարձուցած է որ Քրիստոսի խորհուրդները, զգացումները, գործունէութիւններն ու նախապատուութիւնները գիտնանք։ Ասիկա կրնայ օգնել որ աւելի շատ Յիսուսի նմանինք, մանաւանդ քարոզչութեան փրկարար գործին վրայ շեշտը դնելու մէջ։—2/15, էջ 25

Ներկայիս Աստուած աղօթքներու կը պատասխանէ՞։

Այո։ Թէեւ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած բոլոր աղօթքներուն չի պատասխաներ, սակայն արդի փորձառութիւններ կ’ապացուցանեն թէ ան յաճախ պատասխանած է անհատներու, որոնք մխիթարութեան եւ ամուսնական խնդիրներ լուծելու նման հարցերու շուրջ՝ օգնութեան համար աղօթած են։—3/1, էջ 3-7

Ի՞նչ կրնանք ընել Աստուծմէ զօրութիւն ստանալու համար։

Կրնանք զանիկա խնդրել աղօթքով, Աստուածաշունչին դիմել հոգեւոր զօրութեան համար, եւ զօրանալ քրիստոնէական ընկերակցութեամբ։—3/1, էջ 15, 16

Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան օգնել իրենց զաւակներուն որ քրիստոնէական ժողովներէն լաւագոյնս օգտուին։

Անոնք կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ արթուն մնան, թերեւս կարգադրելով որ ժողովէն առաջ քուն մը քաշեն։ Մանուկներուն քաջալերութիւն կրնայ տրուիլ որ «նոթեր» առնեն, ինչպէս թուղթի մը վրայ նշան դնելով, ամէն անգամ որ իրենց ծանօթ եղող բառեր կամ անուններ գործածուին։—3/15, էջ 17, 18

Յոբի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Յոբ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը առաջնակարգ դասեց, մարդոց հետ իր գործառնութիւններուն մէջ արդար էր, ջանաց հաւատարիմ մնալ իր կողակիցին, իր ընտանիքին հոգեւորականութեան հանդէպ հոգատարութիւն ցոյց տուաւ, եւ փորձի տակ հաւատարմութեամբ տոկաց։—3/15, էջ 25-27

Աստուածաշունչը թաքուն ծածկագիր մը կը պարունակէ՞, որ թաքցուած պատգամներու շուրջ ներատեսութիւն կու տայ։

Ոչ։ Ենթադրեալ թաքուն ծածկագրերու մասին դաւանութիւններ հաւասարապէս կրնան կատարուիլ կարգ մը աշխարհային գրքերու մասին։ Աստուածաշունչին մէջ ենթադրեալ ծածկագրեր անիմաստ պիտի ըլլային Եբրայերէն ձեռագիրներուն մէջ գտնուած ուղղագրական տարբերութիւններուն պատճառաւ։—4/1, էջ 30, 31