Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք

Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք

«Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։19

1, 2. Ի՞նչ կեղծ մեսիաներ կրնաք թուել։

ԴԱՐԵՐ շարունակ, կեղծ մեսիաներ փորձած են ապագան գուշակել։ Հ.Դ. հինգերորդ դարուն, մարդ մը որ ինքզինք Մովսէս կոչեց, Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Հրեաները համոզեց որ ինք մեսիան էր, եւ զիրենք պիտի ազատագրէր հարստահարութենէ։ Անոնց ազատագրման համար նշանակուած օրը, անոնք իրեն հետեւեցան մինչեւ Միջերկրական Ծովուն նայող բարձունք մը։ Անոնց ըսաւ որ պարզապէս իրենք զիրենք ծովուն մէջ նետեն եւ ծովը իրենց առջեւ պիտի բաժնուէր։ Բազմաթիւ անհատներ ջուրին մէջ նետուելով խեղդամահ եղան, իսկ այդ խաբեբայ մեսիան մէջտեղէն շոգիացաւ։

2 ԺԲ. դարուն, Եէմէնի մէջ մեսիա մը ի յայտ եկաւ։ Խալիֆան, կամ կառավարիչը, իրմէ խնդրեց որ իր մեսիականութիւնը ապացուցանող նշան մը տայ։ Այս «մեսիան» խալիֆային առաջարկեց որ զինք գլխատել տայ, մարգարէանալով որ իր արագ յարութիւնը որպէս նշան պիտի ծառայէր։ Խալիֆան համաձայն գտնուեցաւ այս ծրագրին եւ այս կերպով այդ «մեսիան» վերջ գտաւ։

3. Ո՞վ է ճշմարիտ Մեսիան եւ իր ծառայութիւնը ի՞նչ ապացուցանեց։

3 Կեղծ մեսիաներն ու իրենց մարգարէութիւնները կատարեալ ձախողութիւն մըն են, բայց Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը բնաւ յուսախաբ չ’ըներ։ Ճշմարիտ Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոս, Աստուածաշունչի բազմաթիւ մարգարէութիւններուն կենդանի կատարումը եղաւ։ Եսայիի մարգարէութիւնը մէջբերելով, զոր օրինակ, Մատթէոս գրեց. «‘Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան. խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին’։ Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. ‘Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’»։ (Մատթէոս 4։15-17. Եսայեայ 9։1, 2) Յիսուս էր այդ «մեծ լոյս»ը, իսկ իր ծառայութիւնը փաստեց որ ինք էր այն Մարգարէն, որու մասին Մովսէս նախագուշակած էր։ Յիսուսի մտիկ չընողները պիտի կորսուէին։—Բ. Օրինաց 18։18, 19. Գործք 3։22, 23

4. Յիսուս ի՞նչպէս կատարեց Եսայեայ 53։12–ը։

4 Յիսուս Եսայեայ 53։12–ի մարգարէութիւնն ալ կատարեց. «Իր անձը մահուան մատնեց, յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. շատերու մեղքը վերցուց ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ»։ Գիտնալով որ շուտով իր կեանքը որպէս փրկանք պիտի տար, Յիսուս իր աշակերտներուն հաւատքը զօրացուց։ (Մարկոս 10։45) Ասիկա արտակարգ կերպով մը ըրաւ՝ այլակերպութեան միջոցաւ։

Այլակերպութիւնը Հաւատք կը Կերտէ

5. Ձեր բառերով ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել այլակերպութիւնը։

5 Այլակերպութիւնը մարգարէական իրադարձութիւն մըն էր։ Յիսուս ըսաւ. «Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ . . . Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։27, 28) Արդեօք առաքեալներէն ոմանք իրապէս Յիսուսը տեսա՞ն իր Թագաւորութիւնովը եկած։ Մատթէոս 17։1-7–ը կ’ըսէ. «Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։ Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ»։ Ի՜նչ շշմեցուցիչ դէպք մը։ «Իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս։ Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէսն ու Եղիան ու իրեն հետ կը խօսակցէին»։ Նաեւ՝ «լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ՝ ըսելով. ‘Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք’։ Աշակերտները երբ լսեցին, երեսնուն վրայ ինկան ու խիստ վախցան։ Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք’»։

6. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ այլակերպութիւնը տեսիլք կոչեց։ (բ) Այլակերպութիւնը ի՞նչ բանի նախատեսիլն էր։

6 Այս ապշեցուցիչ դէպքը հաւանաբար տեղի ունեցաւ Հերմոն Լերան կատարներէն մէկուն վրայ, ուր Յիսուս եւ իր երեք առաքեալները անցուցին գիշերը։ Ակներեւաբար, այլակերպութիւնը գիշեր ատեն տեղի ունեցաւ, զայն աւելի վառ դարձնելով։ Յիսուս զայն «տեսիլք» կոչելուն պատճառներէն մէկը այդ էր որ Մովսէսն ու Եղիան, որոնք շատոնց մահացած էին՝ բառացիօրէն ներկայ չէին։ Միայն Քրիստոս իրապէս հոն ներկայ էր։ (Մատթէոս 17։8, 9) Այսպիսի շլացուցիչ ցուցադրութիւն մը, թագաւորական հեղինակութեամբ Յիսուսի փառաւոր ներկայութեան շքեղ նախատեսիլը տուաւ Պետրոսի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի։ Մովսէսն ու Եղիան լաւ կերպով կը պատկերացնէին Յիսուսի օծեալ ժառանգակիցները, իսկ տեսիլքը, Թագաւորութեան եւ իր ապագայ իշխանութեան մասին Յիսուսի տուած վկայութիւնը ազդու կերպով կը հաստատէր։

7. Ի՞նչպէս գիտենք որ Պետրոս վառ կերպով կը վերյիշէր այլակերպութիւնը։

7 Այլակերպութիւնը երեք առաքեալներուն հաւատքը զօրացնելու նպաստեց, որոնք քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդող դեր մը պիտի ունենային։ Քրիստոսի փայլուն դէմքը, իր հանդերձներուն լոյսի պէս ճերմկիլը եւ Աստուծոյ ձայնը, որ կը ծանուցանէր թէ Յիսուս Իր սիրելի Որդին էր, որու պէտք էր մտիկ ընէին, ազդու կերպով իրենց նպատակին ծառայեցին։ Բայց առաքեալները ոչ մէկու պէտք էր պատմէին տեսիլքը մինչեւ Յիսուսի յարուցուիլը։ Շուրջ 32 տարիներ ետք, այս տեսիլքը տակաւին վառ էր Պետրոսի մտքին մէջ։ Անոր ու անոր իմաստին մատնանշելով, ան գրեց. «Ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ»։—Բ. Պետրոս 1։16-18

8. (ա) Իր Որդւոյն մասին Աստուծոյ ըրած ծանուցումը ի՞նչ բանի վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր։ (բ) Այլակերպութեան մէջ երեւցած ամպը ի՞նչ կը նշէր։

8 Ամենէն կարեւորը Եհովայի շշմեցուցիչ ծանուցումն էր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Այս ծանուցումը ուշադրութիւնը Յիսուսի կը դարձնէ, որպէս Աստուծոյ գահակալուած Թագաւորը, որու պէտք է հնազանդի ամբողջ ստեղծագործութիւնը։ Անոնց վրայ հովանի եղող ամպը կը նշէր որ այս մարգարէութեան կատարումը անտեսանելի պիտի ըլլար։ Թագաւորական զօրութեամբ Յիսուսի անտեսանելի ներկայութեան «նշանը» ճանչցողները միայն հասկացողութեան աչքերով պիտի տեսնէին զանիկա։ (Մատթէոս 24։3) Իրականութեան մէջ, մինչեւ իր յարուցանուիլը տեսիլքը մէկու մը չպատմելու մասին Յիսուսի տուած հրահանգը ցոյց կու տայ որ իր բարձրացումն ու փառաւորումը իր յարութենէն ետք պիտի ըլլային։

9. Այլակերպութիւնը ինչո՞ւ պէտք է զօրացնէ մեր հաւատքը։

9 Այլակերպութեան ակնարկելէ ետք, Պետրոս նշեց. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։ Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ (Բ. Պետրոս 1։19-21) Այլակերպութիւնը Եհովայի մարգարէական խօսքին վստահելի ըլլալը կ’ընդգծէ։ Պէտք է անոր ուշադրութիւն ընծայենք ու ոչ թէ՝ «վարպետութեամբ շինուած առասպելներու», որոնք աստուածային հաւանութիւնը կամ հաճութիւնը չունին։ Մարգարէական խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը պէտք է զօրանայ այլակերպութեամբ, քանի որ Յիսուսի փառքին եւ թագաւորական զօրութեան այդ նախատեսիլը հիմա իրականութիւն մը դարձած է։ Այո, անժխտելի ապացոյց ունինք որ Քրիստոս հիմա ներկայ է որպէս հզօր երկնային Թագաւոր։

Արուսեակը Ի՛նչպէս կը Ծագի

10. Ո՞վ կամ ի՞նչ է Պետրոսի յիշած «արուսեակը». ինչո՞ւ այսպէս կը պատասխանէք։

10 Պետրոս գրեց. «Աղէկ կ’ընէք՝ եթէ [մարգարէական խօսքին] ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի»։ Ո՞վ կամ ի՞նչ է «արուսեակը»։ «Արուսեակ» բառը եւ «առաւօտեան աստղ»ը նոյն բանին կ’ակնարկեն։ Կը նկատենք որ Յայտնութիւն 22։16–ը Յիսուսը կը կոչէ «առաւօտեան պայծառ աստղը»։ Տարուան որոշ եղանակներուն, այս աստղերը արեւելեան հորիզոնին վրայ վերջին բարձրացողները կ’ըլլան։ Անոնք արեւը ծագելէն ճիշդ առաջ կ’երեւան եւ այս կերպով, նոր օրուան մը արշալոյսը կ’աւետեն։ Պետրոս «արուսեակ» բառը կը գործածէ Յիսուսի ակնարկելու համար՝ Ան թագաւորական հեղինակութիւն ստանալէն ետք։ Այդ ժամանակ, Յիսուս ամբողջ տիեզերքին՝ մէջը ըլլալով մեր երկրին, մէջ ծագեցաւ։ Որպէս Մեսիական Արուսեակ, ան հնազանդ մարդոց համար նոր օրուան մը, նոր դարաշրջանի մը ծագումը կ’աւետէ։

11. (ա) Ինչո՞ւ Բ. Պետրոս 1։19–ի խօսքերը չեն նշանակեր որ «արուսեակը» իրապէս մարդոց սրտին մէջ կը ծագի։ (բ) Բ. Պետրոս 1։19–ը ի՞նչպէս կրնաք բացատրել։

11 Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն շատեր այն գաղափարը յառաջ կը քշեն թէ Բ. Պետրոս 1։19–ի մէջ արձանագրուած Պետրոսի խօսքերը մարդոց բառացի սրտին կ’ակնարկեն։ Չափահասի մը սիրտը 250-300 կրամ կը կշռէ։ Արդ, հիմա երկնքի մէջ փառաւոր ու անմահ արարած դարձած Յիսուս Քրիստոս, ի՞նչպէս կրնայ մարդկային այս պզտիկ անդամին մէջ ծագիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։16) Անշուշտ, այս հարցին մէջ մեր այլաբանական սիրտը բաժին ունի, քանի որ անով է որ ուշադրութիւն կ’ընծայենք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին։ Բայց ուշադրութեամբ նայեցէք Բ. Պետրոս 1։19–ին եւ պիտի տեսնէք որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը՝ «մինչեւ որ ցերեկը լուսնայ ու արուսեակը ծագի» միջանկեալ նախադասութիւնը ստորակէտով մը բաժնած է՝ «ձեր սրտերուն մէջ» արտայայտութենէն։ Այս համարը հետեւեալ կերպով կարելի է արտայայտել. ‘Մարգարէական խօսքն ալ ունինք որ աւելի հաստատուն է. ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս լոյս տուող ճրագ մը որ մութ տեղը կը ծագի՝ այսինքն, ձեր սրտերուն մէջ, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը ծագի’։

12. Ընդհանուր առմամբ, մարդոց սրտի վիճակը ի՞նչ է, սակայն անկեղծ Քրիստոնեաներուն պարագան ի՞նչ է։

12 Ընդհանուր առմամբ, մեղաւոր մարդոց այլաբանական սրտերուն վիճակը ի՞նչ է։ Այո, անոնց սրտերը հոգեւոր խաւարի մէջ են։ Սակայն եթէ մենք ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ենք, կարծես թէ մեր սրտին մէջ վառած ճրագ մը ունինք, առանց որու անիկա խաւարի մէջ պիտի ըլլար։ Ինչպէս Պետրոսի խօսքերը կը նշեն, Աստուծոյ լուսաւորող մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայելով է որ անկեղծ Քրիստոնեաները արթուն պիտի մնան եւ նոր օրուան ծագումին համար լուսաւորուած պիտի ըլլան։ Անոնք պիտի գիտակցին որ Արուսեակը ծագած է ոչ թէ մարդոց մարմնեղէն սրտերուն մէջ, հապա ամբողջ ստեղծագործութեան դիմաց։

13. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Արուսեակը արդէն ծագած է։ (բ) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան մեր օրերուն համար Յիսուսի նախագուշակած դժուար կացութիւններուն տոկալ։

13 Արուսեակը արդէն ծագած է։ Ասկէ կրնանք վստահ ըլլալ, ուշադրութիւն ընծայելով իր ներկայութեան մասին Յիսուսի տուած մեծ մարգարէութեան։ Ներկայիս, անոր կատարումը կը տեսնենք. աննախընթաց պատերազմներով, սովերով, երկրաշարժներով եւ բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեամբ։ (Մատթէոս 24։3-14) Թէեւ Յիսուսի նախագուշակած դժուար ժամանակները որպէս Քրիստոնեաներ մեզի ալ կ’ազդեն, բայց մենք սրտի խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ կը տոկանք անոնց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ուշադրութիւն կ’ընծայենք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին եւ կը հաւատանք ապագայի նկատմամբ իր տուած խոստումներուն։ Գիտենք որ լաւագոյն ժամանակի մը սեմին կը գտնուինք, քանի որ վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք։ (Դանիէլ 12։4) Աշխարհը Եսայեայ 60։2–ի մէջ նախագուշակուած նեղ կացութեան մէջ է. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ»։ Այս խաւարին մէջ ոեւէ մէկը ի՞նչպէս կրնայ իր ճամբան գտնել։ Անհատ մը պէտք է հեզութեամբ ուշադրութիւն ընծայէ Աստուծոյ մարգարէական խօսքին՝ հի՛մա՝ շատ ուշ ըլլալէ առաջ։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները պէտք է կեանքի ու լոյսի Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ դառնան։ (Սաղմոս 36։9. Գործք 17։28) Միայն այսպէս ընելով է որ անհատ մը կրնայ իրական լուսաւորութիւն, եւ հնազանդ մարդկութեան համար Աստուծոյ որոշած հոյակապ ապագան վայելելու յոյսը ունենալ։—Յայտնութիւն 21։1-5

«Լոյսը Աշխարհ Եկաւ»

14. Աստուածաշունչի սքանչելի մարգարէութիւններուն կատարումը վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

14 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Յիսուս Քրիստոս ներկայիս կ’իշխէ որպէս Թագաւոր։ Քանի որ 1914–ին ան իշխանութեան գլուխ անցած է, ուրեմն սքանչելի մարգարէութիւններ տակաւին պիտի կատարուին։ Զանոնք տեսնելու համար, պէտք է փաստենք որ հեզ անհատներ ենք, եւ կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի, տգիտութեան մէջ մեր գործած մեղքերուն եւ սխալներուն համար զղջալով։ Անշուշտ, անոնք որոնք կը սիրեն խաւարը, յաւիտենական կեանք պիտի չունենան։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։—Յովհաննու 3։19-21

15. Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ իր Որդւոյն միջոցաւ Աստուծոյ կարելի ըրած փրկութիւնը անտեսենք։

15 Հոգեւոր լոյսը աշխարհ եկած է Յիսուսի միջոցաւ եւ անոր մտիկ ընելը կենսական է։ Պօղոս գրեց. «Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ»։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Արդ, ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ անտեսենք այս փրկութիւնը, զոր Եհովա Աստուած կարելի դարձուցած է իր Որդւոյն միջոցաւ։ Պօղոս կը շարունակէ ըսել. «Եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին, հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ. Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ»։ (Եբրայեցիս 2։2-4) Այո, Յիսուս մարգարէական խօսքի ծանուցման կորիզը կը կազմէ։—Յայտնութիւն 19։10

16. Ինչո՞ւ կրնանք կատարեալ վստահութիւն ունենալ Եհովա Աստուծոյ բոլոր մարգարէութիւններուն վրայ։

16 Ինչպէս նշուած է, Պետրոս ըսաւ. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի»։ Մարդիկ իրենք իրենցմէ չեն կրնար որեւէ իրական մարգարէութիւն ընել. բայց կրնանք լիովին վստահիլ Աստուծոյ բոլո՛ր մարգարէութիւններուն։ Անոնք ուղղակի Եհովա Աստուծմէ ծագում կ’առնեն։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ իր ծառաներուն օգնած է որ հասկնան թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՛նչպէս կը կատարուին։ Արդարեւ, Եհովայի երախտապարտ ենք որ 1914–էն ի վեր այսպիսի բազմաթիւ մարգարէութիւններու կատարման ականատես եղած ենք։ Իսկ բացարձակապէս վստահ ենք որ այս ամբարիշտ իրերու դրութեան վախճանին համար մնացած մարգարէութիւններն ալ պիտի կատարուին։ Կենսական է որ ջանադրութեամբ շարունակենք ուշադրութիւն ընծայել աստուածային նախագուշակութիւններուն, մինչ մեր լոյսը կը փայլեցնենք։ (Մատթէոս 5։16) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա լոյս ‘կը սփռէ մեզի այս թանձր խաւարին մէջ’, որ ներկայիս պատած է երկիրը։—Եսայեայ 58։10

17. Ինչո՞ւ Աստուծմէ եկած հոգեւոր լոյսին կարիքը ունինք։

17 Ֆիզիքական լոյսը մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք։ Անիկա նաեւ կարելի կը դարձնէ որ մեզի այլազան ուտելիք հայթայթող բերքը աճի։ Առանց ֆիզիքական լոյսի չենք կրնար գոյատեւել։ Ի՞նչ կրնանք ըսել հոգեւոր լոյսին մասին։ Անիկա մեզ կ’առաջնորդէ եւ մեզի ապագան ցոյց կու տայ, ինչպէս որ նախագուշակուած է Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ (Սաղմոս 119։105) Եհովա Աստուած սիրալիր կերպով իր ‘լոյսը եւ ճշմարտութիւնը կը ղրկէ’։ (Սաղմոս 43։3) Անշուշտ, խոր գնահատութիւն պէտք է ցոյց տանք այս հայթայթումներուն հանդէպ։ Հետեւաբար, մեր կարելին ընենք «Աստուծոյ փառքի գիտութեան լոյս»ը իւրացնելու համար, որպէսզի անիկա մեր այլաբանական սիրտը լուսաւորէ։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Երուսաղէմ. Եփեսացիս 1։18

18. Եհովայի Արուսեակը հիմա ի՞նչ ընելու պատրաստ է։

18 Որքա՜ն օրհնուած ենք գիտնալով որ 1914–ին, Յիսուս Քրիստոս՝ Արուսեակը, ծագեցաւ ամբողջ տիեզերքին մէջ եւ այլակերպութեան տեսիլքը սկսաւ հոյակապ կերպով կատարել։ Եհովայի Արուսեակը ներկայիս հորիզոնին վրայ է, այլակերպութեամբ ներկայացուած Աստուծոյ նպատակին մնացեալ մասը կատարելու պատրաստ. որ է՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Այս հին դրութիւնը մէջտեղէն վերցուելէ ետք, Եհովա պիտի կատարէ «նոր երկինք ու նոր երկիր» հաստատելու իր խոստումը, ուր պիտի կարենանք յաւիտեան փառաբանել զինք, որպէս տիեզերքի Գերիշխան Տէրը եւ ճշմարիտ մարգարէութեան Աստուածը։ (Բ. Պետրոս 3։13) Մինչեւ այդ հոյակապ օրուան գալը, շարունակե՛նք աստուածային լոյսով քալել, Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայելով։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Յիսուսի այլակերպութիւնը ի՞նչպէս կը նկարագրէք։

• Այլակերպութիւնը ի՞նչպէս հաւատք կը կերտէ։

• Ո՞վ կամ ի՞նչ է Եհովայի Արուսեակը եւ անիկա ե՛րբ ծագեցաւ։

• Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Այլակերպութեան իմաստը կրնա՞ք բացատրել

[Նկար՝ էջ 15]

Արուսեակը արդէն ծագած է։ Գիտէ՞ք ե՛րբ եւ ի՛նչպէս