Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մօր մը իմաստուն խրատը

Մօր մը իմաստուն խրատը

Մօր մը իմաստուն խրատը

«Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր»։—Առակաց 1։8

ՄԵՐ ծնողքը՝ մեր հայրն ու մայրը՝ կրնան քաջալերութեան, օգնութեան եւ խրատի արժէքաւոր աղբիւր մը ըլլալ։ Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը կը խօսի Լեմուէլ անունով երիտասարդ թագաւորի մը մասին, որ իր մօրմէն «խրատ»ի «պատգամ» մը ստացաւ։ Այս խօսքերը արձանագրուած են Առակաց 31–րդ գլուխին մէջ, եւ կրնանք մենք ալ օգտուիլ այս մօր իմաստուն խրատներէն։—Առակաց 31։1, Արարատ

Թագաւորի Յարմար Խրատներ

Լեմուէլի մայրը կարգ մը հարցումներով կը սկսի, որոնք մեր հետաքրքրութիւնը կ’արթնցնեն. «Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին»։ Երեք անգամ կրկնուած այս աղերսը ցոյց կու տայ, թէ ան շատ մտահոգ է որ իր որդին ուշադրութիւն ընծայէ իր խօսքերուն։ (Առակաց 31։2) Իր որդւոյն հոգեւոր բարօրութեամբ մտահոգուիլը, այժմու Քրիստոնեայ ծնողներուն համար ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ։

Իր որդւոյն բարօրութեան նկատմամբ, ի՞նչ բան կրնայ մայր մը մտահոգել քան՝ ժողովրդական առած դարձած գինիին, կիներուն եւ երգերուն հետ առնչուող աղմկալից հաւաքոյթներն ու ցոփութիւնները։ Լեմուէլի մայրը մատը վէրքին վրայ կը դնէ, ըսելով. «Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար»։ Ան խառնակեաց վարքը կը յատկորոշէ որպէս «թագաւորներ բնաջինջ ընող» ճամբայ։—Առակաց 31։3

Չափազանց խմելը պէտք չէ թեթեւի առնուի։ Ան կ’ազդարարէ. «Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր»։ Թագաւոր մը ի՞նչպէս կրնայ ճշգրիտ եւ ողջամիտ վճիռ արձակել, ‘օրէնքը չմոռնալ եւ տառապեալներէն մէկուն դատը չծռել’, երբ ան միշտ հարբած է։—Առակաց 31։4-7

Ընդհակառակը, այսպիսի մոլութիւններէ զերծ մնալով, թագաւորը կարող պիտի ըլլայ ‘արդարութեամբ դատել եւ աղքատին ու տնանկին դատը տեսնել’։—Առակաց 31։8, 9

Թէեւ ներկայիս Քրիստոնեայ դեռատիներ կրնան «թագաւորներ» չըլլալ, սակայն Լեմուէլի մօր իմաստուն խրատը նոյնքան՝ եթէ ոչ աւելի՝ այժմէական է։ Այս օրերուն, խմիչքի սխալ գործածութիւնը, ծխախոտի գործածութիւնը եւ սեռային անբարոյութիւնը պատանիներուն մէջ ծաւալուն են, եւ կարեւոր է որ Քրիստոնեայ պատանիներ ուշադրութիւն ընծայեն, երբ իրենց ծնողները ‘պատգամներ’ ներկայացնեն իրենց։

Առաքինի Կին մը

Մայրեր իրաւացիօրէն հետաքրքրուած կ’ըլլան չափահասութեան դիմող իրենց տղոց ամուսնական հեռանկարներով։ Լեմուէլի մայրը յաջորդիւ իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ տիպար կնոջ մը յատկութիւններուն վրայ։ Անկասկած, երիտասարդ մը մեծապէս պիտի օգտուի այս կարեւոր հարցին շուրջ կնոջ մը տեսակէտը նկատի առնելով։

Առ. 31 10–րդ համարին մէջ, «առաքինի կինը» կը նմանցուի հազուագիւտ եւ արժէքաւոր գոհարներու, որոնք Աստուածաշունչի ժամանակներուն՝ միայն շատ ջանքով ձեռք կը ձգուէին։ Նմանապէս, առաքինի կին մը գտնելը ջանք կը պահանջէ։ Փոխանակ հապճեպով ամուսնութեան ձեռնարկելու, երիտասարդ մը լաւ կ’ընէ եթէ ընտրողական ըլլայ ու չաճապարէ։ Այն ատեն, աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ որ իր թանկագին գանձը մեծապէս արժեւորէ։

Առաքինի կնոջ մասին, Լեմուէլի ըսուեցաւ. «Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է»։ (Առ. 31 Համար 11) Ուրիշ խօսքով, ան պէտք չէ պնդէ որ իր կինը ամէ՛ն բանի մէջ իր հաւանութիւնը առնէ։ Անշուշտ, ամուսնացած կողակիցներ պէտք է իրարու հետ խորհրդակցին, սուղ առարկաներ գնելու կամ զաւակներ մեծցնելու նման կարեւոր որոշումներ տալէ առաջ։ Այս մարզերուն մէջ հաղորդակցիլը, իրարու միջեւ սերտ կապ մը ստեղծելու կը նպաստէ։

Անշուշտ առաքինի կին մը ընելիք շատ բաներ ունի։ 13-27–րդ համարները խրատներու եւ սկզբունքներու շարք մը կու տան, զորս կիներ որեւէ ժամանակաշրջանի մէջ կրնան գործածել իրենց ընտանիքին օգտին համար։ Օրինակ, հագուստեղէնի եւ կահկարասիներու գիներուն բարձրացումով, առաքինի կին մը կը սորվի ճարպիկ եւ խնայող ըլլալ, որպէսզի իր ընտանիքը պատշաճօրէն հագուած ու ներկայանալի ըլլայ։ (Առ. 31 Համարներ՝ 13, 19, 21, 22) Ընտանիքին ուտելիքի ծախսը նուազեցնելու համար, ան իր կրցածը կը սերմանէ եւ ուշադրութեամբ գնում կ’ընէ։—Առ. 31 Համարներ՝ 14, 16։

Բացայայտօրէն, այս կինը «ծուլութեան հացը չ’ուտեր»։ Ան ծանր կ’աշխատի եւ իր առտնին գործունէութիւնները յաջող կերպով կարգի կը դնէ։ (Առ. 31 Համար 27) Ան «իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ», այսինքն՝ ֆիզիքապէս ծանր աշխատանքի լծուելու կը պատրաստուի։ (Առ. 31 Համար 17) Արեւածագէն առաջ կ’արթննայ իր առօրեայ գործը սկսելու համար եւ մինչեւ գիշեր ժրաջանօրէն կ’աշխատի։ Իր աշխատանքը լուսաւորող ճրագը որպէս թէ միշտ վարած ըլլար։—Առ. 31 Համարներ՝ 15, 18։

Ամէն բանէ առաջ, առաքինի կինը հոգեւոր անհատ մըն է։ Ան Աստուծմէ կը վախնայ ու զայն կը պաշտէ պատկառանքով ու երկիւղածութեամբ։ (Առ. 31 Համար 30) Ան իր ամուսնոյն ալ կ’աջակցի իրենց զաւակները մարզելու մէջ, որպէսզի անոնք ալ նոյնը ընեն։ Առ. 31 26–րդ համարը կ’ըսէ թէ իր զաւակները «իմաստութեամբ» կը կրթէ եւ «իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ»։

Առաքինի Ամուսին մը

Առաքինի կին մը հրապուրելու համար, Լեմուէլ առաքինի ամուսինի մը պատասխանատուութիւնները պէտք էր կատարէր։ Լեմուէլի մայրը անոր կը յիշեցնէ ասոնցմէ քանի մը հատը։

Առաքինի ամուսին մը «երկրին ծերեր»էն բարի վկայութիւն մը ստանալու էր։ (Առակաց 31։23) Ասիկա կը նշանակէ թէ ան կարող, պարկեշտ, վստահելի եւ աստուածավախ անհատ մը պէտք էր ըլլար։ (Ելից 18։21. Բ. Օրինաց 16։18-20) Այս հանգամանքով, ան պիտի ‘ճանչցուէր դռներուն մէջ’, ուր կարկառուն տղամարդիկ կը հաւաքուէին քաղաքին հարցերը ղեկավարելու համար։ Որպէս աստուածավախ անհատ մը ‘ճանչցուելու’ համար, ան բանաւոր պէտք էր ըլլար, եւ «երկրին»՝ թերեւս նահանգին կամ շրջանին՝ երէցներուն հետ համերաշխօրէն աշխատէր։

Անկասկած անձնական փորձառութենէն խօսելով, Լեմուէլի մայրը իր զաւկին կը յիշեցնէ իր ապագացու կնոջ հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը։ Երկրի վրայ ո՛չ ոք անկէ աւելի սիրելի պէտք էր ըլլար իրեն։ Ուստի, ամուսնոյն ձայնին մէջ եղած խոր զգացումը երեւակայեցէք, երբ ան բոլորին առջեւ կը խոստովանի. «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։—Առակաց 31։29

Այնպէս կը թուի թէ Լեմուէլ իր մօր իմաստուն խրատը գնահատեց։ Զոր օրինակ, առաջին համարին մէջ կը նշմարենք թէ ան իր մօր խօսքերուն կ’ակնարկէ որպէս թէ անոնք իրը ըլլային։ Ուստի, ան իր մօր «խրատ»ը լուրջի առաւ ու անոր խրատէն օգտուեցաւ։ Մենք ալ այս «պատգամ»էն օգտուինք անոր սկզբունքները մեր կեանքին մէջ ի գործ դնելով։

[Նկարներ՝ էջ 31]

Առաքինի կին մը «ծուլութեան հացը» չ’ուտեր