Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի կազմակերպութեան կարիքը ունինք

Եհովայի կազմակերպութեան կարիքը ունինք

Եհովայի կազմակերպութեան կարիքը ունինք

ԵՐԲԵՔ լսե՞ր էք անհատ մը որ կ’ըսէ. «Աստուծոյ կը հաւատամ, սակայն ոչ՝ կազմակերպուած կրօնքի»։ Յաճախ նոյնանման տեսակէտներ կ’արտայայտեն ատեն մը խանդավառութեամբ եկեղեցի յաճախողներ, որոնք յուսախաբ եղած են, երբ կրօնքը իրենց հոգեւոր կարիքներուն գոհացում չէ տուած։ Թէեւ շատեր ընդհանուր առմամբ կրօնական կազմակերպութիւններէն յուսախաբ եղած են, բայց տակաւին Աստուած պաշտելու փափաք կը յայտնեն։ Սակայն, կը հաւատան որ աւելի լաւ է որ Աստուած պաշտեն իրենց գիտցած կերպով, քան՝ եկեղեցիի մը կամ ուրիշ կազմակերպութեան մը ընկերակցութեամբ։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին։ Աստուած կ’ուզէ՞ որ Քրիստոնեաները կազմակերպութեան մը միանան։

Նախկին Քրիստոնեաները Կազմակերպուած Ըլլալով Օգտուեցան

Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովա իր սուրբ հոգին թափեց, ոչ թէ քանի մը մեկուսացած հաւատացեալներու վրայ, այլ՝ մարդոցմէ ու կիներէ բաղկացած խումբի մը վրայ, որ Երուսաղէմ՝ վերնատան մը մէջ «մէկտեղ» հաւաքուած էր։ (Գործք 2։1) Այն ժամանակ էր որ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, որ հետագային միջազգային կազմակերպութիւն մը դարձաւ։ Ասիկա այդ նախկին աշակերտներուն համար իսկական օրհնութիւն մը եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Նախ, քանի որ անոնց կարեւոր նշանակում մը տրուած էր. Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել ի վերջոյ «բովանդակ աշխարհի մէջ»։ (Մատթէոս 24։14) Ժողովքին մէջ, նորահաւատներ կրնային փորձառու հաւատակիցներէն սորվիլ քարոզելու կերպը։

Շատ չանցած, Թագաւորութեան պատգամը Երուսաղէմի պարիսպներէն անդին տարածուեցաւ։ Հ.Դ. 62–էն 64–ի միջեւ, Պետրոս առաքեալ իր առաջին նամակը գրեց, ուղղուած՝ Քրիստոնեաներու, ‘որոնք ցրուած էին Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ’. այս բոլորը կը գտնուին ներկայ Թիւրքիոյ մէջ։ (Ա. Պետրոս 1։1) Պաղեստինի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Կրետէի եւ Իտալիոյ մէջ ալ հաւատացեալներ կային։ Երբ Պօղոս Կողոսացիներուն կը գրէր, Հ.Դ. 60-61–ի միջեւ, բարի լուրը ‘երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուած էր’։—Կողոսացիս 1։23

Կազմակերպութեան մը հետ ընկերակցելուն երկրորդ օգուտը այն էր, որ Քրիստոնեաներ կրնային զիրար քաջալերել։ Ժողովքին հետ ընկերակցելով, Քրիստոնեաներ ներշնչեալ քարոզներ կրնային լսել, միասնաբար Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրել, հաւատք կերտող փորձառութիւններ բաժնել, եւ հաւատակիցներու հետ աղօթել։ (Ա. Կորնթացիս, 14–րդ գլուխ) Իսկ հասուն տղամարդիկ կրնային ‘Աստուծոյ հօտը արածել’։—Ա. Պետրոս 5։2

Որպէս ժողովքի անդամներ, Քրիստոնեաներ նաեւ զիրար ճանչնալով, զիրար պիտի սիրէին։ Ժողովքին հետ ընկերակցիլը փոխանակ բեռ մը նկատելու, նախկին Քրիստոնեաները անով կերտուեցան ու զօրացան։—Գործք 2։42. 14։26. Ա. Կորնթացիս 14։26. Կողոսացիս 4։15, 16

Միութեան սատարելը ուրիշ պատճառ մըն էր, որու համար համաշխարհային միացեալ ժողովքի մը կամ կազմակերպութեան մը կարիքը կար։ Քրիստոնեաներ սորվեցան ‘միեւնոյն խօսքը ունենալ’։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Ասիկա կենսական էր։ Ժողովքի անդամները ուսման եւ ընկերային այլազան ենթահողեր ունէին։ Անոնք տարբեր լեզուներ կը խօսէին, եւ անձնաւորութեան բացայայտ տարբերութիւններ ունէին։ (Գործք 2։1-11) Երբեմն, տեսակէտի իսկական տարբերութիւններ կային։ Սակայն, Քրիստոնեաներուն օգնութիւն կը տրուէր, որ այսպիսի տարակարծութիւններ ժողովքին մէջ լուծէին։—Գործք 15։1, 2. Փիլիպպեցիս 4։2, 3

Այն լուրջ հարցերը, որոնք տեղւոյն երէցներ չէին կրնար լուծել, Պօղոսի նման հասուն ճամբորդող տեսուչներու կը ներկայացուէին։ Վարդապետական կարեւոր հարցեր Երուսաղէմի մէջ հաստատուած կեդրոնական կառավարիչ մարմինի մը կը ներկայացուէին։ Սկիզբը կառավարիչ մարմինը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներէն կը բաղկանար, բայց հետագային ընդլայնելով, Երուսաղէմի ժողովքի երէցներէն ալ ընդգրկեց։ Իւրաքանչիւր ժողովք կ’ընդունէր կառավարիչ մարմինին ու անոր ներկայացուցիչներուն աստուածատուր հեղինակութիւնը՝ ծառայութիւնը կազմակերպելու, ծառայութեան դիրքերու վրայ տղամարդիկ նշանակելու, եւ վարդապետական հարցերու շուրջ որոշումներ կայացնելու։ Երբ կառավարիչ մարմինին կողմէ հարց մը լուծուէր, ժողովքները կ’ընդունէին այդ որոշումը եւ ‘կ’ուրախանային տրուած մխիթարութեան համար’։—Գործք 15։1, 2, 28, 30, 31

Այո, Եհովա առաջին դարուն կազմակերպութիւն մը գործածեց։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր օրերուն մասին։

Այսօր Ալ Կազմակերպութեան մը Կարիքը Ունինք

Առաջին դարու իրենց համանմաններուն նման, ներկայիս Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւնը լուրջի կ’առնեն։ Այս գործը կատարելու համար իրենց գործածած կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչեր ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքեր բաշխել, որ կազմակերպում կը պահանջէ։

Քրիստոնէական գրականութիւններ բծախնդրութեամբ պէտք է պատրաստուին, ճշգրտութեան համար ստուգուին, տպուին, ապա ժողովքներուն առաքուին։ Իրենց կարգին, անհատապէս Քրիստոնեաներ կամեցողութեամբ այս գրականութիւնները պէտք է տանին ընթերցել փափաքողներուն։ Այս կերպով, Թագաւորութեան պատգամը միլիոնաւոր անհատներու հասած է։ Բարի լուրը հրատարակողները կը ջանան իրենց քարոզչութիւնը կարգապահութեամբ կատարել, ուշադիր ըլլալով որ թաղամասի մը որեւէ մասը չափազանց չաշխատցուի, մինչ ուրիշ մասեր անտեսուին։ Այս բոլորը կազմակերպում կը պահանջէ։

Քանի որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», Աստուածաշունչեր ու Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ պէտք է թարգմանուին։ (Գործք 10։34) Ներկայիս, այս պարբերաթերթը մատչելի է 132 լեզուներով իսկ անոր հետ հրատարակուող Զարթի՛ր պարբերաթերթը՝ 83 լեզուներով։ Ասիկա աշխարհի տարածքին լաւ կազմակերպուած թարգմանութեան խումբեր կը պահանջէ։

Ժողովքի մը անդամները քաջալերութիւն կը ստանան երբ քրիստոնէական ժողովներու ու համաժողովներու ներկայ կը գտնուին։ Հոն անոնք Աստուածաշունչի ոգեւորիչ դասախօսութիւններ կը լսեն, միասնաբար Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրեն, շինիչ փորձառութիւններ կը բաժնեն, եւ իրենց հաւատակիցներուն հետ կ’աղօթեն։ Իսկ առաջին դարու իրենց եղբայրներուն նման, անոնք սիրալիր ճամբորդող տեսուչներու հաւատք զօրացնող այցելութիւններէն հաճոյք կ’առնեն։ Հետեւաբար, ներկայիս Քրիստոնեաներ «մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» կը կազմեն։—Յովհաննու 10։16

Անշուշտ, Եհովայի Վկաները կատարեալ չեն, ոչ ալ իրենց նախկին համանմանները կատարեալ էին։ Այսուհանդերձ, անոնք իրարու հետ միութեամբ կը գործեն։ Որպէս արդիւնք, համայն երկրի մէջ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կը շարունակուի։—Գործք 15։36-40. Եփեսացիս 4։13

[Նկար՝ էջ 31]

Ներկայիս Քրիստոնեաներ «մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» կը կազմեն