Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Բախտախաղ

Բախտախաղ

Կարգ մը մարդիկ բախտախաղը անվնաս ժամանց կը սեպեն, ուրիշներ ալ կ’ըսեն որ ատիկա գէշ սովորութիւն է։

Բախտախաղը սխա՞լ է

ԻՆՉ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ

Շատեր կ’ըսեն որ բախտախաղը անվնաս ժամանց է, այնքան ատեն որ օրինաւոր է։ Կարգ մը բախտախաղերու միջոցաւ, օրինակի համար վիճակահանութեան եւ ուրիշ տեսակ վիճակախաղերու միջոցաւ, գումարներ կը հաւաքուին՝ ժողովուրդին օգտակար դարձող ծրագիրներու համար։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

Աստուածաշունչը ուղղակի չի խօսիր բախտախաղին մասին։ Բայց անոր մէջ կը գտնենք կարգ մը կէտեր, որոնք յստակ կը դարձնեն Աստուծո՛յ կարծիքը։

Բախտախաղը ուրիշներու հաշւոյն դրամ շահիլ է եւ ասիկա դէմ է Աստուածաշունչի այս խօսքին. «Զգուշացէ՛ք ագահութենէ» (Ղուկաս 12։15)։ Շատեր բախտախաղ կը խաղան, քանի որ ագահ են։ Բախտախաղի ընկերութիւնները մարդոց կ’ըսեն միայն թէ որքա՛ն դրամ պիտի շահին, բայց անոնց չեն ըսեր թէ ատիկա որքա՛ն հաւանական է, քանի որ գիտեն որ մարդիկ հարստանալ կ’երազեն եւ ատոր համար շատ դրամ կը ծախսեն քազինօ–ներուն մէջ։ Փոխանակ մարդոց օգնելու որ ագահութենէն զգուշանան, բախտախաղը մարդիկը կը քաջալերէ որ դիւրութեամբ դրամ շահելու ետեւէ ըլլան։

Բախտախաղ խաղալը անձնասէր բան մըն է, քանի որ խաղցողները կ’ուզեն ուրիշներուն կորսնցուցած դրամը շահիլ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ‘միայն մեր անձին օգուտը չփնտռենք, հապա մեր ընկերինն ալ’ (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Իսկ Տասը պատուիրաններէն մէկը կ’ըսէ. «Քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար» (Ելից 20։17)։ Իրականութեան մէջ, բախտախաղ խաղցողը կ’ուզէ որ ուրիշներ իրենց դրամը կորսնցնեն, որ ի՛նքը շահի։

Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կ’ըսէ, որ բախտի կամ սուտ բաներու չհաւատանք։ Անցեալին, Իսրայէլի մէջ կային ոմանք, որոնք Աստուծոյ չվստահեցան եւ սկսան ‘Գադ կուռքին [«Բախտի աստուծոյն», ՆԱ] սեղան պատրաստել’։ Ասիկա ընդունելի՞ բան մըն էր։ Ո՛չ։ Ան անոնց ըսաւ. «Իմ առջեւս չարութիւն ըրիք եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք» (Եսայի 65։11, 12

Ճիշդ է որ կարգ մը երկիրներու մէջ կառավարութիւնները բախտախաղերէն եկած որոշ գումարներ կը գործածեն՝ ուսումի, երկիրը տնտեսական գետնի վրայ զարգացնելու եւ ուրիշ յայտագիրներու համար, բայց անոնք այս գումարները կ’առնեն խաղերէ, որոնք մարդիկը աչքը ծակ ու անձնասէր կը դարձնեն եւ զանոնք կը քաջալերեն, որ առանց ջանք թափելու եւ աշխատելու դրամ ձեռք ձգեն։

«Քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար» (Ելից 20։17

Բախտախաղի ժխտական կողմերը

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ» (Ա. Տիմոթէոս 6։9)։ Մարդիկ բախտախաղ կը խաղան, քանի որ ագահ են եւ ասիկա ա՛յնքան վնասակար է, որ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ որ ատկէ հեռու մնանք (Եփեսացիս 5։3

Բախտախաղը պատճառ կ’ըլլայ որ մէկը դրամը սիրէ, քանի որ այս խաղը կը խոստանայ որ անհատը կրնայ դրամ շահիլ՝ առանց ջանք թափելու։ Բայց անդին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ դրամասիրութիւնը «բոլոր չարութիւններուն արմատ»ն է։ Դրամասիրութիւնը կրնայ ա՛յնքան զօրաւոր դառնալ, որ կրնայ անհատին չափէ աւելի մտահոգութիւն պատճառել եւ իր հաւատքին վնաս հասցնել։ Աստուածաշունչը դրամ սիրողները կը նմանցնէ ‘իրենք զիրենք շատ ցաւերով խոցողներու’ կամ վիրաւորողներու (Ա. Տիմոթէոս 6։10

Երբ մէկը ագահ է, իր ունեցածով չի գոհանար եւ ուրախութիւնը կը կորսնցնէ։ «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն» (Ժողովող 5։10

Միլիոնաւորներ որոնք սկսած են բախտախաղ խաղալ, ատոր մոլին դարձած են։ Կարգ մը տեղեկագրութիւններու համաձայն, միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ միլիոնաւորներ բախտախաղի մոլին են։

Առակ մը կ’ըսէ. «Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք [«ագահութեամբ», ՆԱ] կ’առնուի, անոր վերջը պիտի չօրհնուի» (Առակաց 20։21)։ Բախտախաղին պատճառով ոմանք պարտքի տակ մտած են, իրենց գործը եւ նոյնիսկ իրենց ամբողջ դրամը կորսնցուցած են, ինչպէս նաեւ անոնցմէ շատերու ամուսնութիւնը եւ բարեկամութիւնները տուժած են։ Երբ Աստուածաշունչի խրատին կը հետեւինք, հեռու կը մնանք բախտախաղին գէշ արդիւնքներէն, որոնք կ’ազդեն մեր կեանքին եւ ուրախութեան։

«Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ» (Ա. Տիմոթէոս 6։9