Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՄՔԵՐ

Ալհազեն

Ալհազեն

ԹԵՐԵՒՍ չես լսած Ալի ալ–Հասան իպն ալ–Հայսամին մասին։ Արեւմուտքին մէջ, ան ծանօթ է որպէս Ալհազեն, որ ալ–Հասան անունին լատիներէնն է։ Բայց շատ հաւանական է, որ անոր տարած աշխատանքէն կ’օգտուիս։ Իր մասին կ’ըսուի, որ «ամէնէն կարեւոր եւ հռչակաւոր դէմքերէն մէկն է գիտութեան պատմութեան մէջ»։

Ալհազենը ծնած է Ք.Ե. մօտ 965–ին՝ Պասրայի մէջ, որ հիմա Իրաքի մէջ կը գտնուի։ Ան հետաքրքրուած էր աստղագիտութեամբ, քիմիագիտութեամբ, թուաբանութեամբ, բժշկութեամբ, երաժշտութեամբ, տեսագիտութեամբ (optics), բնագիտութեամբ (physics) եւ բանաստեղծութեամբ։ Ի՞նչ բանի համար իրմէ շնորհակալ պէտք է ըլլանք։

ՆԵՂՈՍ ԳԵՏԻՆ ՎՐԱՅ ՋՐԱՄԲԱՐ

Ալհազենին մասին պատմութիւն մը տարածուած է։ Կ’ըսուի, որ ան կը ծրագրէր Նեղոս գետի ջուրերը ամբարել։ Իր ծրագիրը գետնի վրայ գործադրուեցաւ մօտ 1000 տարի ետք՝ 1902–ին, Ասուանի մէջ։

Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ Ալհազեն կը ծրագրէր ջրամբար մը շինել Նեղոս գետին վրայ, Եգիպտոսի մէջ հեղեղներն ու չորութիւնը նուազեցնելու համար։ Երբ Գահիրէի ալ–Հաքիմ խալիֆան Ալհազենին գաղափարը լսեց, զինք Եգիպտոս հրաւիրեց, որ ջրամբարը շինէ։ Բայց երբ Ալհազենը Նեղոս գետը անձամբ տեսաւ, զգաց որ հոն ջրամբար շինելը իր կարողութենէն վեր է։ Ան վախցաւ որ խալիֆան, որ գէշ անուն ունէր, զինք պատժէ։ Անոր համար ինքզինք խենթ ձեւացուց, որ իր կեանքը ազատէ։ Այսպէս, ան մօտ 11 տարի բանտարկուած մնաց մինչեւ խալիֆային մահը (1021)։ Բանտարկուած ժամանակ, Ալհազեն ազատ ժամանակ ունէր ուրիշ աշխատանքներ տանելու։

ՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔ–Ը

Երբ Ալհազեն ազատ արձակուեցաւ, ան գրեթէ ամբողջացուցած էր եօթը հատորնոց Տեսագիտութեան գիրք–ը (Book of Optics), որ կը նկատուի «ամէնէն կարեւոր գիրքերէն մէկը բնագիտութեան պատմութեան մէջ»։ Այս գիրքին մէջ, ան կը խօսի իր ըրած փորձերուն մասին։ Օրինակ, ան փորձեր ըրաւ հասկնալու համար լոյսին բնոյթը, մէջը ըլլալով՝ լոյսին բաժնուիլը տարբեր գոյներու եւ անոր ճառագայթներուն շեղումը, երբ մէկ միջավայրէ միւսը կ’անցնի։ Ասկէ զատ, ան սերտեց մարդու աչքին կազմը եւ տեսողութիւնը։

13–րդ դարուն, արդէն Ալհազենի աշխատանքները արաբերէնէ թարգմանուած էին լատիներէնի։ Անկէ ետք, դարեր շարունակ, եւրոպացի ուսումնականներ ատոնց կը դիմէին որպէս վստահելի աղբիւրներ։ Այն ինչ որ Ալհազեն գրեց ոսպնեակներու դերին մասին, յետագային օգտակար դարձաւ եւրոպացի ակնոց շինողներուն, որոնք մէկ ոսպնեակ միւսին վրայ դնելով՝ հնարեցին հեռադիտակը եւ մանրադիտակը։

ԳԼՈՒԽ–ԳՈՐԾՈՑ ԳԻՒՏ

Ալհազեն պատրաստեց «մութ սենեակ» մը, ուր լոյսը կը մտնէր գնդասեղի գլուխի չափ ծակէ մը եւ սենեակին մէջ՝ պատին վրայ՝ հակառակ դարձուած կերպով կը ցուցադրէր այն ինչ որ դուրսը կայ։ Այսպէս, ան արդի լուսանկարչութեան հիմերը դրաւ։ Կրնանք ըսել որ ասիկա աշխարհի «առաջին քամերա»ն էր։

Ալհազենի գլուխ–գործոց գիւտը

1800–ական թուականներուն, այս քամերային վրայ աւելցուեցան լուսանկարչական ապակիներ, որ մարդիկ իրենց նկարած բաներուն տպուած օրինակները ունենան։ Այսպէս, քամերան ունեցանք։ Այսօր բոլոր քամերաները,– մէջը ըլլալով մեր աչքը,– կը գործեն այդ հին քամերային ֆիզիքական օրէնքներուն հիման վրայ *։

ԳԻՏԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏԸ

Ալհազենի ըրած բծախնդիր եւ սիստեմատիկ պրպտումները շատ աչքառու են։ Իր մօտեցումը շատ տարօրինակ էր իր օրերուն։ Ան առաջիններէն էր, որ փորձե՛ր ընելով կը փաստէր թէ տեսութիւն մը ճիշդ է կամ սխալ։ Ալհազեն չէր վախնար իմաստուն մարդոց ընդհանրացած գաղափարներուն դէմը ելլելէ, եթէ ատոնք շօշափելի փաստեր չունենային։

Արդի գիտութիւնը կարելի է ամփոփել այս ասացուածքով. «Հաւատալիքներդ փաստէ՛»։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ Ալհազեն «արդի գիտական մեթոտին հայր»ն է։ Ուրեմն իրմէ շնորհակալ ըլլալու շատ պատճառներ ունինք։

^ պարբ. 13 Արեւմուտքը չէր հասկցած Ալհազենի աշխատանքէն մէջտեղ եկած քամերային եւ մեր աչքին նմանութիւնը։ 17–րդ դարուն, Եոհաննէս Քէփլըր ատիկա բացատրեց։