Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1 Խնդիրներէ հեռու մնալ

1 Խնդիրներէ հեռու մնալ

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ իր տուած խրատը Աստուծոյ կողմէ է եւ ‘օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու եւ շտկելու համար’ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Նկատի առ թէ կարգ մը մարդիկ ինչպէ՛ս սուրբգրային իմաստութեամբ կրցած են հեռու մնալ կեանքին ամէնէն դժուար խնդիրներէն, եւ գլուխնին ցաւի չէ գացած։

ԱԼՔՈԼԻ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Տելֆին զգաց, թէ իր հոգերը զինք կը մղէին որ չափէ դուրս խմէ։ Սուրբ Գիրքը ալքոլը չափաւոր կերպով գործածելուն դէմ չէ, բայց կ’ըսէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն» (Առակաց 23։20)։ Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը առողջապահական լուրջ խնդիրներ կը պատճառէ, անհատներուն փոխյարաբերութեան կը վնասէ եւ միլիոնաւորներու մահուան պատճառ կը դառնայ ամէն տարի։ Եթէ մարդիկ Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատներուն հետեւին, կրնան այս խնդիրներուն մեծ մասէն հեռու մնալ։

Տելֆին այդպէս ըրաւ։ Ան հիմա կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ ալքոլը չէր անհետացներ հոգերս։ Գործադրեցի Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի իմաստուն խրատը, որ կ’ըսէ. ‘Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ’։ Ամէն գիշեր, երբ զգայի որ հոգերս ու մտահոգութիւններս կը կուտակուին, Եհովային կ’աղօթէի։ Բոլոր զգացումներս իրեն կը բացատրէի, մէջը ըլլալով՝ բարկութիւն, վիրաւորանք եւ յուսահատութիւն, եւ կ’աղաչէի որ ինծի ցուցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնամ աւելի դրական զգացումներ ունենալ։ Առաւօտուն, կը շարունակէի ջանք թափել որ դրականօրէն մտածեմ։ Այս սովորութիւնը ձգեց որ կեդրոնանամ ունեցածներուս վրայ եւ ոչ թէ չունեցածներուս վրայ։ Որոշեցի անգամ մըն ալ ալքոլ չխմել։ Չուզեցի վտանգի տակ դնել գտած խաղաղութիւնս, քանի որ շատ արժէքաւոր էր»։

ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆ

Անբարոյութիւնը շատ ցաւ եւ նեղութիւն պատճառող խնդիրներէն է։ Բայց Սուրբ Գիրքը կրնայ մեզի օգնել, որ անբարոյութեան մէջ չիյնանք, ցուցնելով որ ատոր բուն պատճառները ի՛նչ կրնան ըլլալ. օրինակ, անտեղիօրէն սիրային խօսքեր ըսել ուրիշին եւ պոռնկագրութիւն դիտել։ Սամուէլ անունով երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Շատ դիւրին էր սիրային խօսքեր ըսել։ Ատեններ, նոյնիսկ եթէ աղջիկ մը ուշադրութիւնս չգրաւէր, երբ նկատէի թէ ի՛նք կը հաւնէր զիս, կը մղուէի իրեն սիրային խօսքեր ըսելու»։ Երբ Սամուէլ գիտցաւ որ ուրիշներ իր մասին կ’ըսէին, որ յաճախ սիրային խօսքեր կ’ըսէ ուրիշներուն, հակառակ որ ատեններ առանց նպատակի կ’ըսէ, որոշեց որ այլեւս նպատակով ըսէ։ Բայց այս սովորութիւնը սկսաւ նեղացնել զինք։ Ան հիմա կ’ըսէ. «Ատիկա վնասակար է, քանի որ չափազանց անձնասէր ցանկութիւններ կը զարգացնէ»։

Սամուէլ jw.org կայքին մէջ կարդաց երիտասարդներուն ուղղուած յօդուած մը։ Ան նաեւ մտածեց Առակաց 20։11–ին մասին, որ կ’ըսէ. «Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը անոր գործերէն կը հասկցուի»։ Ասիկա ինչպէ՞ս օգնեց իրեն։ Սամուէլ անդրադարձաւ որ սիրային խօսքեր ըսելու սովորութիւնը ո՛չ մաքուր է եւ ոչ ալ ուղիղ։ Ան հիմա կ’ըսէ. «Նաեւ սորվեցայ թէ այն պատանին, որ սիրային խօսքեր ըսելու սովորութիւնը ունի, իր մէջը կը զարգացնէ գէշ յատկութիւններ, որոնք ապագային իր ամուսնութեան պիտի ազդեն։ Սկսայ մտածել որ ապագայ կինս ինչ պիտի զգայ, երբ տեսնէ թէ սիրային խօսքեր կ’ըսեմ ուրիշ կնոջ մը։ Ասիկա ձգեց որ անդրադառնամ թէ այս սովորութիւնը վնասակար է։ Թէեւ դիւրին է սիրային խօսքեր ըսել ուրիշներուն, բայց ասիկա ըսել չէ որ այս սովորութիւնը ճիշդ է»։ Սամուէլ փոխուեցաւ, ինչ որ նաեւ օգնեց որ անբարոյութեան մէջ չիյնայ։

Անթոնիօ անունով անձ մը աւելի մեծ վտանգի մէջ էր, որ անբարոյութեան մէջ իյնար. ան պոռնկագրութեան մոլի էր։ Թէեւ իր կինը շատ կը սիրէր, բայց կրկին անգամ այդ սովորութեան տեղի կու տար։ Ան կ’ըսէ որ Ա. Պետրոս 5։8–ին մասին մտածելը շատ օգնեց իրեն։ Համարը կը նշէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ Ան կ’ըսէ. «Մեր չորս կողմը պոռնկագրական նկարներ կան, եւ կրնան մեր մտքին մէջ դրոշմուիլ։ Այս համարը իրապէս օգնեց, որ մտածեմ թէ այս փորձութիւնները ուրկէ՛ կու գան։ Պէտք էր սովորութիւն դարձնէի, որ շուտով միտքս բերեմ թէ այդ աղտոտ նկարները Սատանայէն են։ Հիմա գիտեմ որ միայն Եհովան կրնայ ինծի օգնել, որ ‘արթուն ըլլամ եւ հսկեմ’, որպէսզի կարենամ պայքարիլ այն բաներուն դէմ, որոնք կը յարձակին միտքիս, սիրտիս եւ ամուսնութեանս վրայ»։ Անթոնիոն պէտք եղած օգնութիւնը ստացաւ եւ վերջապէս կրցաւ այս պիղծ սովորութիւնը ձգել։ Ասիկա իր կարգին իրեն օգնած է, որ շատ աւելի գէշ խնդիրներու մէջ չիյնայ։

Յստակ է թէ Սուրբ Գիրքը գործնական խրատներ կու տայ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ լուրջ խնդիրներէ հեռու մնանք։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն խնդիրներուն մասին, որոնք արդէն իսկ երկար ժամանակէ ունինք։ Տեսնենք թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ այսպիսի խնդիրներ լուծենք։

Սուրբ Գիրքին գործնական խրատները կրնան մեզի օգնել, որ կարգ մը խնդիրներէ հեռու մնանք