Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԵՑԱՒ ՈՒ ՄԵՌԱՒ

Իրապէ՞ս պատահեցաւ

Իրապէ՞ս պատահեցաւ

Ք.Ե. 33–ի գարնան, նազովրեցի Յիսուս մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Ան իբրեւ խռովարար ամբաստանուած էր, վայրագ հարուածներ կերած էր եւ փայտին վրայ գամուած էր։ Ան տանջալից մահ մը ունեցաւ։ Բայց Աստուած զինք վերակենդանացուց եւ 40 օր ետք, Յիսուս երկինք համբարձաւ։

Այս արտասովոր դէպքը կը նշուի՝ սովորաբար Նոր Կտակարան կոչուած Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու չորս Աւետարաններուն մէջ։ Այս բաները իրապէ՞ս պատահեցան։ Ասիկա տեղին եւ լուրջ հարցում մըն է։ Եթէ չպատահեցան, ուրեմն քրիստոնէական հաւատքը արժէք չունի եւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը միմիայն երազանք մըն է (Ա. Կորնթացիս 15։14)։ Միւս կողմէ, եթէ այս բաները ի՛րապէս պատահեցան, ուրեմն մարդկութիւնը պայծառ ապագայ մը ունի, որուն մէջ կրնաս բաժին բերել։ Արդ, Աւետարաններուն արձանագրութիւնները իրականութի՞ւն են, թէ ոչ՝ առասպել։

ՓԱՍՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ

Աւետարանները ամենայն ճշգրտութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնեն դէպքերը, ինչ որ կը տարբերի երեւակայական առասպելներէն։ Օրինակի համար, անոնք կը նշեն իրական վայրերու անուններ, որոնցմէ շատեր ներկայիս կարելի է այցելել։ Աւետարանները կը նշեն իրական անձեր, որոնց գոյութիւնը վաւերացուած է աշխարհիկ պատմաբաններու կողմէ (Ղուկաս 3։1, 2, 23

Նոյնինքն Յիսո՛ւս նշուած է առաջին եւ երկրորդ դարու աշխարհիկ գրագէտներու կողմէ *։ Աւետարաններուն մէջ նկարագրուած իր մահուան կերպը ներդաշնակ է այդ ժամանակուան հռոմէական մահապատիժներու կերպին հետ։ Աւելին, դէպքերը փաստացի եւ անկեղծ կերպով գրուած են,– նոյնիսկ Յիսուսի կարգ մը աշակերտներուն թերութիւնները մէջտեղ հանելով (Մատթէոս 26։56. Ղուկաս 22։24-26. Յովհաննէս 18։10, 11)։ Այս բոլոր կէտերը կը փաստեն, թէ աւետարանագիրները ճշմարտախօս եւ ճշգրիտ էին Յիսուսի կեանքը նկարագրելուն մէջ։

ԻՍԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆԸ

Մարդիկ ընդհանուր առմամբ կ’ընդունին որ Յիսուս ապրեցաւ ու մեռաւ, սակայն ոմանք իր յարութիւնը հարցականի տակ կը դնեն։ Իր առաքեալներն անգամ չհաւատացին, երբ առաջին անգամ տեղեկացան որ յարութիւն առեր է (Ղուկաս 24։11)։ Սակայն ամէն կասկած վերցուեցաւ, երբ անոնք եւ ուրիշ աշակերտներ տեսա՛ն Յիսուսը յարութիւն առած՝ տարբեր առիթներով։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս առիթով մը աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ (Ա. Կորնթացիս 15։6

Ձերբակալուիլն ու սպաննուիլը աչքերնին առնելով, աշակերտները քաջաբար հռչակեցին Յիսուսի յարութիւնը ամէն մարդու,– նոյնիսկ անոնց, որոնք Յիսուսը մահապատիժի ենթարկած էին (Գործք 4։1-3, 10, 19, 20. 5։27-32)։ Արդեօք այդքան շատ աշակերտներ այդչափ համարձակ պիտի ըլլայի՞ն, եթէ հարիւր առ հարիւր վստահ չըլլային Յիսուսի յարութենէն։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսին յարութեան իրական ըլլալն է, որ պատճառ եղած է որ քրիստոնէութիւնը թէ՛ այդ ատենուան եւ թէ հիմակուան աշխարհին վրայ ազդեցութիւն ունենայ։

Յիսուսի մահն ու յարութիւնը նկարագրող Աւետարանները բոլոր անհրաժեշտ փաստերը ունին հեղինակաւոր եւ պատմական նկատուելու։ Զանոնք ուշադրութեամբ կարդալով պիտի համոզուիս, որ այդ դէպքերը ի՛րապէս պատահեցան։ Իսկ երբ հասկնաս թէ ատոնք ինչո՛ւ պատահեցան, ա՛լ աւելի պիտի համոզուիս։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի բացատրէ։

^ պարբ. 7 Տակիտոս (ծնած շուրջ Ք.Ե. 55–ին) գրեց. «Խրիսդուս, որմէ ծագում առած է [քրիստոնեաներ] անունը, Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, մեր կուսակալներէն մէկուն՝ Պոնտացի Պիղատոսի ձեռքով ծայրայեղ պատիժի ենթարկուեցաւ»։ Յիսուսին մասին ակնարկութիւն եղած է նաեւ Սուետոնիոսի կողմէ (առաջին դար), հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի կողմէ (առաջին դար), եւ Պլինիոս Կրտսերին կողմէ, որ Բիւթանիոյ կառավարիչն էր (երկրորդ դարու սկիզբը)։