Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արագիլ

Դասեր քաղենք երկնքի թռչուններէն

Դասեր քաղենք երկնքի թռչուններէն

«Երկինքի թռչուններուն [հարցուր] որպէսզի քեզի իմացնեն. այս բոլորէն ո՞վ չի գիտեր թէ Տէրո՛ջ ձեռքը ըրած է ասիկա» (Յոբ 12։7, 9, ԱԾ

ԱՒԵԼԻ քան 3000 տարի առաջ, Յոբ նահապետը անդրադարձաւ որ երկնքի թռչուններէն շատ բաներ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ ձեռքի գործին մասին։ Անոնք իրենց վերաբերմունքին պատճառով նաեւ կը գործածուին շատ մը օրինակներու մէջ։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամներ խօսուած է երկնքի թռչուններուն մասին, եւ ատոնք մեզի կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն կեանքին եւ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան մասին։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

ՈՒՐ ՈՐ ԾԻԾԵՌՆԱԿԸ ԲՈՅՆ ԿԸ ՇԻՆԷ

Ծիծեռնակ

Երուսաղէմի բնակիչները լաւ գիտէին ծիծեռնակները, որոնք սովորութիւն ունէին որ տանիքներու դուրս երկարած մասին տակ բոյն շինեն։ Ոմանք Սողոմոնի տաճարին մէջ կը շինէին իրենց բոյնը։ Շատ հաւանաբար, այն ծիծեռնակները որոնք տաճարի շրջանին մէջ բոյն կը շինէին, ապահով կը զգային՝ քանի որ առանց խանգարումի կրնային մեծցնել իրենց ձագերը։

84–րդ սաղմոսը գրողը նկատեց այդ բոյները տաճարի շրջանին մէջ։ Ան Կորխի որդիներէն էր եւ ամէն վեց ամիս՝ մէկ շաբաթ կը ծառայէր տաճարին մէջ։ Ան փափաքելով կը փափաքէր որ Եհովայի տունին մէջ ապրի այդ ծիծեռնակին պէս։ Ան ըսաւ. «Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ, ո՛վ զօրաց Տէր։ Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար. . . Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար, քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր, իմ Թագաւորս ու Աստուածս» (Սաղմոս 84։1-3)։ Մենք եւ մեր զաւակները նոյնպէս սրտանց կը փափաքի՞նք Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար հաւաքուիլ (Սաղմոս 26։8, 12

ԱՐԱԳԻԼԸ ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԳԻՏԷ

Երեմիա մարգարէն գրեց. «Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ»։ Ան անկասկած շատ լաւ գիտէր թէ ինչպէս արագիլները Աւետեաց երկիրը կտրելով կը գաղթէին։ Նկատուած է թէ գարնան՝ աւելի քան 300,000 ճերմակ արագիլներ կը գաղթեն Ափրիկէէն դէպի Եւրոպայի հիւսիսը, անցնելով Յորդանանի հովիտէն։ Անոնց ներքին ժամացոյցը կը մղէ որ վերադառնան իրենց ամառնային տեղը, ուր կը բազմանան։ Ուրիշ գաղթող թռչուններու նման, անոնք «իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն» (Երեմիա 8։7

Գիրք մը կ’ըսէ. «Գաղթելուն բնազդային ըլլալը հիանալի կը դարձնէ զինք» (Collins Atlas of Bird Migration)։ Եհովա Աստուած գաղթող թռչուններուն տուած է բնազդային իմաստութիւն մը, որպէսզի ժամանակները կամ եղանակները գիտնան, բայց ան մարդոց տուաւ ժամանակները եւ եղանակները զատորոշելու կարողութիւնը (Ղուկաս 12։54-56)։ Մարդ արարածը արագիլին պէս բնազդային իմաստութիւնով չէ որ կը գիտնայ հիմակուան դէպքերուն նշանակութիւնը, հապա՝ Աստուծոյ գիտութեամբ։ Երեմիայի օրերու իսրայէլացիները կ’անտեսէին այսպիսի նշաններ, եւ Աստուած բացատրեց թէ ատոր ետին ի՛նչ խնդիր կար, ըսելով. «Տէրոջը խօսքը անարգեցին, ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ» (Երեմիա 8։9

Հիմա շատ փաստեր ունինք որ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Դուն ալ արագիլին պէս պիտի նկատե՞ս «ժամանակը»։

ԱՐԾԻՒԻՆ ԱՉՔԵՐԸ ՀԵՌՈՒԷՆ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ

Արծիւ

Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամներ խօսուած է արծիւին մասին, եւ ատիկա սովորաբար կը տեսնուի Աւետեաց երկրին մէջ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ արծիւը ժայռին գագաթին վրայ շինած բոյնէն իր ‘կերակուրը կը փնտռէ’ եւ «անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն» (Յոբ 39։27-29)։ Անոր տեսողութիւնը այնքա՛ն զօրաւոր է որ կ’ըսուի թէ ան կրնայ 1 քիլոմեթր անդիէն տեսնել նապաստակ մը։

Ճիշդ ինչպէս որ արծիւը կրնայ ‘հեռուն տեսնել’, Եհովան ալ կրնայ հեռու ապագան տեսնել։ Այսպիսով, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի» (Եսայի 46։10)։ Եհովայի խրատը մտիկ ընելով, կրնանք օգտուիլ իր աննման իմաստութենէն եւ հեռատեսութենէն (Եսայի 48։17, 18

Նաեւ, Սուրբ Գիրքը արծիւի կը նմանցնէ անոնք որ Աստուծոյ կը վստահին. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն» (Եսայի 40։31)։ Արծիւները բարձրացող տաք օդի հոսանքները գործածելով վեր կը բարձրանան։ Երբ արծիւը բարձրացող հոսանք մը կը գտնէ, իր թեւերը կը բանայ եւ այդ օդին հետ կլոր–կլոր դառնալով երթալէն վեր կը բարձրանայ։ Արծիւը վեր բարձրանալու եւ երկար հեռաւորութիւններ կտրելու համար իր ուժին չի վստահիր։ Նմանապէս, անոնք որոնք Աստուծոյ կ’ապաւինին, կրնան ստանալ «սովորականը գերազանցող ուժը», որ ինք խոստացած է (Բ. Կորնթացիս 4։7, 8, ՆԱ

«ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՒԸ ԻՐ ՁԱԳԵՐԸ ԹԵՒԵՐՈՒՆ ՏԱԿ ԿԸ ԺՈՂՎԷ»

Հաւ ու ճուտիկներ

Յիսուս իր մահէն քիչ առաջ կեցաւ եւ նայեցաւ հրեաներուն մայրաքաղաքին։ Ան վշտանալով ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք» (Մատթէոս 23։37

Թռչունները շատ զօրաւոր բնազդ ունին որ իրենց ձագերը պաշտպանեն։ Այն թռչունները որ գետինը բոյն կը շինեն, ինչպէս ընտանի հաւերը, պէտք է շատ ուշադիր ըլլան վտանգներուն։ Երբ հաւը կը տեսնէ որ օդին մէջ բազէ մը կը թռչի, զգուշացումի բարձր ձայն մը կը հանէ, եւ ճուտիկները արագ–արագ վազելով իր թեւերուն տակ կը պահուըտին։ Հոն, ճուտիկները նաեւ կը պաշտպանուին կիզիչ արեւէն ու տեղատարափ անձրեւէն։ Յիսուս ուզեց նոյնանման կերպով հոգեւոր պաշտպանութիւն տալ Երուսաղէմի բնակիչներուն։ Այսօր, ան մեզ կը քաջալերէ որ իրեն երթանք որպէսզի մեզ հանգստացնէ եւ պաշտպանէ մեր ամէնօրեայ բեռներէն եւ մտահոգութիւններէն (Մատթէոս 11։28, 29

Իրապէս շատ բաներ կրնանք սորվիլ թռչուններէն։ Մինչ անոնց ըրածները կը դիտես, փորձէ յիշել Սուրբ Գիրքին մէջ անոնց մասին գրուած օրինակները։ Թող որ ծիծեռնակը քեզի օգնէ որ գնահատես Եհովայի պաշտամունքի տունը։ Թող որ Եհովայէն ակնկալես այն յոյսը, որ կրնայ քեզ կարող դարձնել որ արծիւի պէս վեր բարձրանաս։ Թող որ Յիսուսին գաս որպէսզի հոգեւոր ճշմարտութիւն առնես, ինչ որ քեզ պիտի պաշտպանէ ինչպէս որ հաւը իր ճուտիկները կը պաշտպանէ։ Եւ թող որ արագիլը քեզի յիշեցնէ որ պէտք է արթուն մնաս ու ըմբռնես մեր ժամանակուան դէպքերուն նշանակութիւնը։