Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արդեօք գիտե՞ս ժամը

Արդեօք գիտե՞ս ժամը

ԵՐԲ կ’ուզես ժամը գիտնալ, ի՞նչ կ’ընես։ Հաւանաբար ժամացոյցին վրայ աչք մը կը նետես։ Թերեւս տեսնես որ կէսօրէ ետք ժամը մէկուկէս է։ Եթէ բարեկամդ ժամը հարցնէր, ի՞նչ կը պատասխանէիր։

Կախեալ է թէ ո՛ւր կ’ապրիս։ Բարեկամիդ թերեւս կը պատասխանես որ ժամը 1։30 է, կամ ալ՝ 13։30։ Ոմանք նաեւ կ’ըսեն՝ «երկուքին 30 վայրկեան կայ»։

Որովհետեւ Աստուածաշունչը կը կարդաս, թերեւս հարց տաս թէ սուրբգրական ժամանակներուն ինչպէ՛ս ժամը կ’ըսէին։ Ժամը ըսելու քանի մը կերպեր կային։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ կը նշուին՝ «առտու», «առտուն կանուխ», «կէսօր», «կէս օր» եւ «իրիկուն» արտայայտութիւնները (Ծն. 8։11. 19։27. 43։16. Բ. Օր. 28։29. Գ. Թագ. 18։26)։ Բայց երբեմն աւելի յստակ ժամ կը նշուի։

Յիսուսի ծնունդէն դարեր առաջ, իսրայէլացիները գիշերը բաժնած էին երեք մասերու, որոնք կը կոչուէին պահեր (Սաղ. 63։6Դատաւորաց 7։19–ին մէջ նշուած է «կէս գիշերուան պահ» (ԱԾ)։ Իսկ Յիսուսի օրերուն, հրեաները գիշերը բաժնած էին չորս պահերու, յոյներուն ու հռոմայեցիներուն պէս։

Աւետարանները քանի մը անգամ նշած են այս պահերը։ Օրինակ՝ «գիշերուան չորրորդ պահուն» էր, երբ Յիսուս ծովուն վրայէն քալեց դէպի իր աշակերտները (Մատ. 14։25)։ Նաեւ, Յիսուս օրինակի մը մէջ ըսաւ. «Եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն» (Մատ. 24։43

Յիսուս բոլոր չորս պահերը նշեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն» (Մար. 13։35)։ Այս պահերուն առաջինը՝ «իրիկուն»ը, կը տեւէր արեւամուտէն մինչեւ երեկոյեան շուրջ ժամը ինը։ Երկրորդը՝ «կէս գիշեր»ուան պահը, կը տեւէր շուրջ ժամը իննէն մինչեւ կէս գիշեր։ Երրորդը՝ «հաւախօս»ի պահը, կը տեւէր կէս գիշերէն մինչեւ առտուան շուրջ ժամը երեքը։ Կրնայ ըլլալ որ Յիսուսին ձերբակալութեան գիշերը, այս պահուն էր որ իրապէս հաւը կանչեց (Մար. 14։72)։ Իսկ չորրորդ պահը՝ «առտուն», կը սկսէր առտուան շուրջ ժամը երեքին եւ կը վերջանար արեւածագին։

Հետեւաբար, թէեւ սուրբգրական ժամանակներուն ապրողները հիմակուան պէս ժամացոյց չունէին, բայց ունէին կերպ մը, որ ըսէին թէ ժամը քանի՛ էր։