Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Իսրայէլի մէջ, Մովսիսական օրէնքին սկզբունքները իրապէս կը գործածուէի՞ն ամէնօրեայ կեանքին օրինական խնդիրները լուծելու համար։

ԵՐԲԵՄՆ՝ ա՛յո։ Նկատի առ օրինակ մը։ Բ. Օրինաց 24։14, 15–ը կ’ըսէ. «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ. . . Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տէր ըլլաս»։

Կաւէ կտորը, որուն վրայ երկրագործին խնդրանքը գրուած է

Ք.Ա. եօթներորդ դարուն պատկանող արձանագրութիւն մը կը ցուցնէ այսպիսի պարագայի մը ներկայացուած խնդրանք մը։ Ատիկա գտնուած է Ազովտոսի մօտ։ Հաւանաբար գրուած էր արտի մէջ աշխատողի մը համար, որ կը կարծուէր թէ չէր կրցած հատիկներու որոշ քանակ մը հասցնել։ Ատիկա գրուած էր կաւէ կտորի մը վրայ։ Կ’ըսէ. «Քանի մը օր առաջ, ձեր ծառան [աղաչողը] հունձքը մթերելէն ետք, Շոպայի որդին Յոշէյահու եկաւ եւ ձեր ծառային հանդերձը առաւ։ . . .Բոլոր ընկերակիցներս, որոնք այդ տաքին հետս կը հնձէին, պիտի վկայեն. . . որ ըսածս ճիշդ է։ Ես անմեղ եմ որեւէ յանցանքէ։ . . .Ո՛վ կառավարիչ, եթէ կը սեպէք որ պարտաւոր չէք ձեր ծառային հանդերձը վերադարձնելու, վրաս մեղքնալով հաճեցէք վերադարձնել հանդերձս։ Պէտք չէ լուռ մնաք, երբ ձեր ծառան առանց հանդերձի է»։

Պատմաբան Սայմըն Շամա կ’ըսէ թէ այս խնդրանքը «միայն չի ցուցներ մեզի, որ աշխատող մը յուսահատ կերպով [իր հանդերձը] առնելու համար կ’աղաչէ. . . հապա նաեւ կը յայտնէ որ խնդրողը գաղափար ունէր աստուածաշնչական օրէնքներուն մասին, նամանաւանդ Ղեւտացւոց գիրքի եւ Բ. Օրինաց գիրքի այն պատուէրները, որոնք կը զգուշացնեն աղքատներուն հետ գէշ կերպով վարուելէն»։