Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարեւելուն զօրութիւնը

Բարեւելուն զօրութիւնը

«ԲԱՐԵ՛Ւ։ Ինչպէ՞ս ես այսօր»։

Անկասկած շատ անգամ այսպէս բարեւած ես ուրիշները։ Թերեւս նոյնիսկ բարեւած ատեն ձեռնուած ես կամ փաթթուկ ըրած ես։ Ամէն շրջան բարեւելու յատուկ ձեւեր եւ բառեր կը գործածէ, բայց բարեւելուն գլխաւոր դերը գրեթէ նոյնն է ամէն տեղ։ Իսկ եթէ մէկը չբարեւէ կամ դիմացինին բարեւին չպատասխանէ, թերեւս մարդիկ զինք անտարբեր կամ անքաղաքավար անձի տեղ դնեն։

Բայց ոչ բոլորը ունին բարեւելու սովորութիւնը։ Ոմանք կը քաշուին բարեւելու, քանի որ կ’ամչնան կամ ինքնավստահութիւն չունին։ Ոմանց համար դժուար է բարեւել ուրիշ ցեղի, մշակոյթի, տարիքի կամ ենթահողի պատկանող անհատները։ Սակայն նոյնիսկ կարճ բարեւը կրնայ շատ դրական ազդեցութիւն ունենալ։

Դուն քեզի հարցուր. ‘Բարեւելը որքա՞ն ազդեցութիւն ունի։ Եւ Աստուծոյ Խօսքը ինծի ի՞նչ կրնայ սորվեցնել բարեւելուն մասին’։

ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՄԱՐԴԻԿ ԲԱՐԵՒԷ

Երբ Պետրոս առաքեալ քարոզեց առաջին ոչ–հրեային՝ Կոռնելիոսին, ըսաւ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Գործք 10։34)։ Յետագային, Պետրոս գրեց որ ‘Աստուած կ’ուզէ որ ամէնքը ապաշխարեն’ (Բ. Պետ. 3։9)։ Այս խօսքերը անկասկած կը կիրարկուին ճշմարտութիւնը սերտող անձերուն, որ պէտք է բերեւենք։ Բայց Պետրոս նաեւ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 2։17)։ Ուրեմն, լաւ կ’ըլլայ որ ուրիշներ ալ բարեւենք, չնայած թէ ի՛նչ է անոնց ազգը, մշակոյթը կամ ենթահողը։ Այսպիսով, յարգանքով եւ սիրով վարուած կ’ըլլանք ամէն տեսակ մարդոց հետ։

Պօղոս առաքեալ ժողովքի անդամներուն ըսաւ. «Մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց» (Հռով. 15։7)։ Ան անունով նշեց այն եղբայրները, որոնք ‘մխիթարած’ կամ զօրացուցած էին զինք։ Ներկայիս, եղբայրներն ու քոյրերը զօրանալու շատ աւելի պէտք ունին, քանի որ Սատանան խստօրէն կը յարձակի Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ (Կող. 4։11. Յայտ. 12։12, 17

Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ բարեւելը մեր կարծածէն աւելի ազդեցութիւն ունի։

ԲԱՐԵՒԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Երբ ժամանակը եկաւ որ Եհովան իր Որդիին կեանքը փոխադրէ Մարիամին արգանդը, հրեշտակ մը ղրկեց Մարիամին։ Ան իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է»։ Մարիամ «շփոթեցաւ», քանի որ չէր գիտեր թէ ինչո՛ւ հրեշտակ մը իրեն հետ կը խօսէր։ Հրեշտակը երբ ասիկա տեսաւ, ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար»։ Ան բացատրեց որ Աստուծոյ նպատակն էր, որ Մեսիան իրմէ ծնէր։ Մարիամին շփոթութիւնը անցաւ եւ ան հնազանդելով ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1։26-38

Հրեշտակին համար առանձնաշնորհում էր, որ Եհովային պատգամաւորը ըլլար, բայց չսեպեց որ իրեն չի վայելեր անկատար անձի մը հետ խօսիլ։ Ան բարեւ տալով սկսաւ խօսակցութիւնը։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք այս օրինակէն։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշները բարեւելու եւ քաջալերելու։ Միայն քանի մը բառով կրնանք ուրիշներուն օգնել եւ վստահեցնել որ իրապէ՛ս Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ մասն են։

Նկատի առ Պօղոսին օրինակը։ Ան իր ծառայութեան ընթացքին ծանօթացաւ Փոքր Ասիոյ եւ Եւրոպայի ժողովքներու շատ մը անդամներու։ Ան իր նամակներուն մէջ անունով բարեւեց շատ մը անձեր։ Ասիկա յայտնի է Հռովմայեցիս 16–րդ գլուխին մէջ։ Ան նշեց «Փիբէ քոյրը», եւ եղբայրները քաջալերեց որ զինք ‘ընդունին Տէրոջմով՝ ինչպէս սուրբերուն արժան է եւ անոր խնամք տանին ի՛նչ բանի որ իրենց օգնութեանը կարօտի’։ Պօղոս նաեւ բարեւեց Պրիսկէն եւ Ակիւղասը, ‘որոնցմէ ոչ միայն ինք շնորհակալ կ’ըլլար, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ’։ Ան բարեւ ըրաւ ոմանց, որոնք մեզի ծանօթ չեն,– «Եպենետոս» իր սիրելիին, ինչպէս նաեւ՝ «Տրիփոնէին ու Տրիփոսէին, Տէրոջմով աշխատողներուն»։ Յստակօրէն, Պօղոս սրտանց կը բարեւէր իր եղբայրներն ու քոյրերը (Հռով. 16։1-16

Երեւակայէ թէ այդ եղբայրներն ու քոյրերը որքա՜ն ուրախացան, գիտնալով որ Պօղոս ջերմութեամբ կը յիշէ զիրենք։ Ասիկա շա՜տ զօրացուցած ըլլալու էր իրենց սէրը Պօղոսին հանդէպ եւ իրարու հանդէպ։ Իսկ երբ միւս քրիստոնեաները լսեցին այդ բարեւները, վստահաբար քաջալերուեցան, ինչ որ օգնեց իրենց հաւատքը զօրաւոր պահելու։ Ուրեմն, երբ Աստուծոյ ծառաները անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնելով կը բարեւեն ուրիշները եւ կը գովեն զանոնք, անոնց հետ իրենց բարեկամութիւնը կը զօրանայ եւ միացած կ’ըլլան։

Երբ Պօղոս հասաւ Պատիողոս նաւահանգիստը եւ սկսաւ դէպի Հռոմ ուղղուիլ, տեղացի քրիստոնեաները դէպի հարաւ եկան որ զինք տեսնեն։ Երբ Պօղոս հեռուէն տեսաւ զանոնք, «գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ» (Գործք 28։13-15)։ Ատեններ, թերեւս միայն կարենանք ժպտիլ կամ ձեռք ընել որպէս բարեւ։ Բայց նոյնիսկ ասիկա կրնայ սիրտ տալ դիմացինին, որ թերեւս ընկճուած կամ տխուր է։

ԸՍԵԼԻՔԸ ՍԿՍԵԼՈՒ ԼԱՒ ԿԵՐՊ ՄԸ

Յակոբոս աշակերտը հարկ տեսաւ զօրաւոր խրատ տալու կարգ մը քրիստոնեաներու, որոնք հոգեւոր շնութիւն կը գործէին՝ աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընելով (Յակ. 4։4)։ Բայց նկատէ թէ Յակոբոս ինչպէ՛ս սկսաւ իր նամակը.

«Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ՝ տասներկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջո՛յն» (Յակ. 1։1)։ Այս խօսքը դիւրացուց որ խրատը ընդունին, քանի որ անոնց յիշեցուց որ ինքն ալ Աստուծոյ ծառան է իրենց պէս։ Ուրեմն, խոնարհութեամբ ըսուած բարեւ մը կրնայ ճամբան բանալ, որ լուրջ հարցեր խօսուին։

Երբ մեր տուած բարեւը անկեղծ եւ սրտանց ըլլայ, իրապէս կ’ազդէ դիմացինին, նոյնիսկ եթէ այնպէս թուի որ ան չնկատեց զայն (Մատ. 22։39)։ Օր մը՝ Իրլանտային մէջ, քոյր մը Թագաւորութեան սրահ հասաւ հազիւ որ ժողովը պիտի սկսէր։ Մինչ աճապարանօք ներս կը մտնէր, եղբայր մը իրեն դառնալով ժպտաց ու ըսաւ. ‘Բարի եկար’։ Քոյրը առանց բան մը ըսելու նստաւ։

Քանի մը շաբաթ ետք, քոյրը մօտեցաւ եղբօր եւ ըսաւ որ վերջերս ընտանեկան լուրջ հարց մը ունէր։ Ան պատմեց. «Այդ իրիկուն այնքա՛ն նեղուած էի, որ քիչ մնաց որ ժողովի չգայի։ Ժողովին մէջ լսածներուս մեծամասնութիւնը չեմ յիշեր, բացի քու բարեւէդ։ Բարեւդ շատ հանգստացուց զիս։ Շնորհակալ եմ»։

Եղբայրը չէր նկատած որ իր կարճ բարեւը որքա՛ն զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցած էր քրոջ վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ինծի ըսաւ որ այդ երկու բառերը ինչպէ՛ս ազդեցին իրեն, ուրախացայ որ այդ քայլը առի։ Ես ալ լաւ զգացի»։

Սողոմոն գրեց. «Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես» (Ժող. 11։1)։ Երբ բարեւելուն կարեւորութիւն տանք, թէ՛ մենք պիտի օգտուինք եւ թէ ուրիշներ, մանաւանդ եղբայրներն ու քոյրերը։ Ուրեմն, բնա՛ւ թեթեւի չառնենք բարեւելուն զօրութիւնը։