Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 51

«Տէրը պատրաստ է. . . փրկելու յուսալքուած հոգիները»

«Տէրը պատրաստ է. . . փրկելու յուսալքուած հոգիները»

«Տէրը պատրաստ է սրտաբեկներուն օգնելու, փրկելու յուսալքուած հոգիները» (ՍԱՂ. 34։18, ՆԹ

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵՐԲԵՄՆ թերեւս մտածենք այն իրողութեան մասին, որ կեանքը կարճ է եւ մեր օրերը «թշուառութիւնով լեցուն» են (Յոբ 14։1)։ Ուստի, հասկնալի է որ ատեն–ատեն յուսալքուած կամ վհատած զգանք։ Անցեալին, Եհովայի ծառաներէն շատեր այդպէս զգացին։ Ոմանք նոյնիսկ ուզեցին մեռնիլ (Գ. Թագ. 19։2-4. Յոբ 3։1-3, 11. 7։15, 16)։ Բայց Եհովան՝ այն Աստուածը որուն ապաւինեցան, կրկին անգամ զիրենք վստահեցուց եւ զօրացուց։ Անոնց փորձառութիւնները գրի առնուեցան, որպէսզի մխիթարուինք եւ անոնցմէ սորվինք (Հռով. 15։4

2 Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Եհովայի կարգ մը ծառաներուն օրինակները, որոնք վհատեցուցիչ դժուարութիւններէ անցան, ինչպէս՝ Յակոբի որդին Յովսէփը, այրի Նոեմին եւ իր հարսը Հռութը, ղեւտացին որ Սաղմոս 73–ը գրեց եւ Պետրոս առաքեալը։ Եհովան ինչպէ՞ս զիրենք զօրացուց։ Եւ մենք ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ իրենց օրինակներէն։ Պատասխանները մեզ կը վստահեցնեն, որ «Տէրը պատրաստ է սրտաբեկներուն օգնելու» եւ «փրկելու յուսալքուած հոգիները» (Սաղ. 34։18, ՆԹ

ՅՈՎՍԷՓ ԱՆԳԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱՑ

3-4. Յովսէփին ի՞նչ պատահեցաւ։

3 Յովսէփ շուրջ 17 տարեկան էր, երբ երկու երազներ տեսաւ, որոնք Աստուծոյ կողմէ էին։ Այս երազները ցոյց տուին, որ Յովսէփ օր մը ընտանիքին մէջ յարգարժան դիրք մը պիտի ունենար (Ծն. 37։5-10)։ Բայց երազները տեսնելէ քիչ ետք, Յովսէփին կեանքը գլխիվայր փոխուեցաւ։ Իր եղբայրները ոչ թէ զինք յարգեցին, հապա՝ ընդհակառակը, զինք ստրկութեան ծախեցին։ Ան եգիպտացի պալատական Պետափրէսի տան մէջ ստրուկ եղաւ (Ծն. 37։21-28)։ Կարճ ժամանակուան մէջ, իր կեանքը ամբողջովին փոխուած էր. իր հօր կողմէ սիրուած Յովսէփը Եգիպտոսի մէջ հեթանոս պալատականի մը աննշան մէկ ծառան դարձած էր (Ծն. 39։1

4 Ետքը, Յովսէփին պարագաները դեռ աւելի դժուարացան։ Պետափրէսի կինը սուտ ամբաստանութիւն ըրաւ, թէ Յովսէփ փորձած էր զինք բռնաբարել։ Առանց ամբաստանութիւնը քննելու, Պետափրէս Յովսէփը բանտ նետել տուաւ, ուր զինք երկաթէ կապանքներով կապեցին (Ծն. 39։14-20. Սաղ. 105։17, 18)։ Երեւակայէ, թէ Յովսէփ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, գիտնալով որ ամբաստանուած էր բռնաբարութեան յանցանքով։ Եւ մտածէ թէ այդ ամբաստանութիւնը թերեւս ի՜նչ անարգանք բերած էր Եհովայի անուան վրայ։ Վստահաբար Յովսէփ պատճառ ունէ՛ր վհատելու։

5. Յովսէփ ի՞նչ ըրաւ որպէսզի չվհատի։

5 Յովսէփ ստրուկ եղած ատեն եւ ետքը բանտարկուած ատեն, բան մը չէր կրնար ընել, որ իր պարագաները փոխէր։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ դրական մնայ։ Փոխանակ կեդրոնանալու այն բաներուն վրայ, որոնք այլեւս չէր կրնար ընել, ան աշխատասիրութեամբ իր լաւագոյնը ըրաւ իրեն տրուած գործը կատարելու։ Եւ գլխաւորաբար, Յովսէփի կեանքին մէջ Եհովան ամենակարեւոր Անձը մնաց։ Ուստի, Եհովան Յովսէփի ամէն ըրածը օրհնեց (Ծն. 39։21-23

6. Յովսէփ թերեւս ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ իր երազներով։

6 Յովսէփ թերեւս նաեւ քաջալերուեցաւ նախապէս իր տեսած մարգարէական երազներուն վրայ խոկալով։ Անոնք ցոյց կու տային, թէ իր ընտանիքը նորէն պիտի տեսնէր եւ թէ իր պարագան պիտի բարելաւուէր։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Երբ Յովսէփ շուրջ 37 տարեկան էր, իր մարգարէական երազները սկսան հիանալի կերպով կատարուիլ (Ծն. 37։7, 9, 10. 42։6, 9

7. Ա. Պետրոս 5։10–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ դժուարութիւններու տոկանք։

7 Դասեր մեզի համար։ Յովսէփի պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս աշխարհը անգութ է եւ թէ մարդիկ մեզի հետ անարդարութեամբ պիտի վարուին։ Նոյնիսկ հաւատակից մը կրնայ մեզ վիրաւորել։ Բայց եթէ Եհովան կը նկատենք որպէս մեր Վէմը, կամ Ապաւէնը, չափէ դուրս պիտի չվհատինք կամ պիտի չդադրինք իրեն ծառայելէ (Սաղ. 62։6, 7. կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։10)։ Նաեւ յիշէ, թէ Եհովան Յովսէփին այդ երազները տուաւ, երբ ան թերեւս շուրջ 17 տարեկան էր։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ Եհովան իր պատանի ծառաներուն կը վստահի։ Ներկայիս, շատ մը պատանիներ Յովսէփին կը նմանին. իրենք ալ Եհովային կը հաւատան։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ անարդարօրէն բանտարկուած են, քանի որ մերժած են Եհովայի հնազանդելէ դադրիլ (Սաղ. 110։3

ՍՈՒԳԸ ՋԱԽՋԱԽԱԾ ԷՐ ԵՐԿՈՒ ԿԻՆԵՐ

8. Նոեմիին եւ Հռութին ի՞նչ պատահեցաւ։

8 Խիստ սովի մը պատճառաւ, Նոեմին եւ իր ընտանիքը Յուդայի մէջ իրենց տունը ձգեցին եւ Մովաբի մէջ ապրեցան։ Հոն, Նոեմիի ամուսինը՝ Ելիմելէք, մեռաւ եւ Նոեմին իր երկու որդիներուն հետ մնաց։ Յետագային, երկու որդիներն ալ ամուսնացան մովաբացի կիներու հետ՝ Հռութ եւ Որփա։ Շուրջ տասը տարի ետք, Նոեմիին որդիներն ալ մեռան, իրենց կիները անզաւակ ձգելով (Հթ. 1։1-5)։ Երեւակայէ, թէ երեք կիները որքա՜ն ջախջախուած ըլլալու էին։ Անշուշտ, Հռութ եւ Որփա կրնային ամուսնանալ։ Բայց ո՞վ Նոեմիին հոգ պիտի տանէր։ Նոեմին այնքա՛ն ընկճուած էր, որ անգամ մը ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի՛ կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս»։ Սրտաբեկ Նոեմին որոշեց Բեթլեհէմ վերադառնալ, եւ Հռութ իրեն հետ գնաց (Հթ. 1։7, 18-20

Աստուած Նոեմիին ու Հռութին ցոյց տուաւ, որ կրնայ զինք պաշտողներուն օգնել, որ վհատութիւնն ու տխրութիւնը յաղթահարեն։ Չե՞ս կարծեր, որ նոյնը կրնայ ընել քեզի համար (տե՛ս պարբերութիւն 8-13) *

9. Հռութ 1։16, 17, 22–ի համաձայն, Հռութ ինչպէ՞ս Նոեմին քաջալերեց։

9 Ի՞նչը օգնեց Նոեմիին։ Հաւատարիմ սէրը։ Օրինակ, Հռութ Նոեմիին կառչելով, իրեն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերեց (կարդա՛ Հռութ 1։16, 17, 22)։ Բեթլեհէմի մէջ, Հռութ ծանր աշխատեցաւ իրեն եւ Նոեմիին համար գարի ճռաքաղելով։ Այս մէկը ընելուն համար, երիտասարդ կինը շուտով լաւ համբաւ շահեցաւ (Հթ. 3։11. 4։15

10. Եհովան ի՞նչ կերպերով կարեկցութիւն ցոյց տուաւ Նոեմիի եւ Հռութի նման կարիքաւոր մարդոց հանդէպ։

10 Եհովան իսրայէլացիներուն տուած էր օրէնք մը, որ կը յայտնէր իր կարեկցութիւնը Նոեմիի եւ Հռութի նման աղքատ մարդոց հանդէպ։ Ան իր ժողովուրդին ըսաւ, որ երբ հունձքը հնձէին, պէտք չէր արտին եզերքը լման հնձէին, որպէսզի աղքատները կարենային ճռաքաղել (Ղեւ. 19։9, 10)։ Ուստի, Նոեմի եւ Հռութ պէտք չունէին ուտելիք մուրալու, հապա կրնային իրենց արժանապատուութեամբ ուտելիք ապահովել։

11-12. Բոոս ինչպէ՞ս ուրախացուց Նոեմին եւ Հռութը։

11 Բոոս անունով հարուստ մարդ մը տէրն էր այն դաշտին, ուր Հռութ գարի հաւաքեց։ Նոեմիի հանդէպ Հռութի հաւատարմութիւնը եւ խոր սէրը զինք այնքա՛ն տպաւորեցին, որ իրենց ընտանեկան ժառանգութիւնը ծախու առաւ եւ Հռութի հետ ամուսնացաւ (Հթ. 4։9-13)։ Զոյգը զաւակ մը ունեցան եւ անունը Ովբէդ դրին, եւ ան Դաւիթ թագաւորի մեծ հայրը դարձաւ (Հթ. 4։17

12 Երեւակայէ Նոեմիի ուրախութիւնը, երբ փոքրիկ Ովբէդը գրկեց եւ աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեց։ Բայց Նոեմիին եւ Հռութին դեռ աւելի աղուոր բան մը կը սպասէ։ Երբ անոնք յարութիւն առնեն, պիտի իմանան որ Ովբէդը խոստացեալ Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսի, նախահայրերէն էր։

13. Նոեմիի եւ Հռութի պատմութենէն ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ։

13 Դասեր մեզի համար։ Երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք, թերեւս վհատինք, կամ նոյնիսկ մեր սիրտը կոտրուի։ Թերեւս մտածենք, որ մեր խնդիրները բնա՛ւ պիտի չլուծուին։ Այսպիսի ատեններ, պէտք է լիովին վստահինք մեր երկնաւոր Հօր եւ մօտիկ մնանք մեր հաւատակիցներուն։ Անշուշտ, թերեւս Եհովան դժուարութիւնը մէջտեղէն չվերցնէ, ինչպէս որ Նոեմիին չվերադարձուց անոր ամուսինն ու որդիները։ Բայց ան պիտի օգնէ որ տոկանք, թերեւս մեր հոգեւոր ընտանիքը մղելով, որ մեզի հանդէպ ազնիւ արարքներ ընէ (Առ. 17։17

ՂԵՒՏԱՑԻ ՄԸ ՈՐ ԳԱՅԹԱԿՂԵԼՈՒ ՎՐԱՅ ԷՐ

Երբ Սաղմոս 73–ը գրողը տեսաւ այն յաջողութիւնը, որ Եհովային վրայ չկեդրոնացող մարդիկը ունէին, քիչ մնաց որ Եհովայի ծառայելէ դադրէր։ Նոյնը կրնայ պատահիլ մեզի (տե՛ս պարբերութիւն 14-16)

14. Ղեւտացի մը ինչո՞ւ շատ վհատեցաւ։

14 Սաղմոս 73–ը գրողը ղեւտացի մըն էր։ Ուստի, մեծ առանձնաշնորհում ունէր Եհովայի պաշտամունքի վայրին մէջ ծառայելու։ Բայց իր կեանքին որոշ մէկ հանգրուանին, նոյնիսկ ինք յուսալքուեցաւ ու վհատեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Սկսաւ նախանձիլ հպարտներուն ու անօրէններուն, ոչ թէ քանի որ ուզեց անոնց պէս չարութիւն ընել, հապա քանի որ այնպէս կը թուէր որ իրմէ աւելի լաւ կեանք ունէին (Սաղ. 73։2-9, 11-14)։ Սաղմոսերգուն կը խորհէր, որ անոնք ամէն բան ունէին. հարստութիւն եւ մտահոգութենէ զերծ կեանք։ Անոնց յաջողութիւնը տեսնելով սաղմոսերգուն այնքա՛ն վհատեցաւ, որ ըսաւ. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի»։ Յստակ է որ մեծ վտանգ կար, որ ան Եհովայի ծառայելէ դադրէր։

15. Սաղմոս 73։16-19, 22-25–ի համաձայն, ղեւտացին ինչպէ՞ս իր վհատութիւնը յաղթահարեց։

15 Կարդա՛ Սաղմոս 73։16-19, 22-25։ Ղեւտացին ‘Աստուծոյ սրբարանը մտաւ’։ Հոն, հաւանաբար իր հաւատակիցներուն հետ ըլլալով, ան կրնար իր պարագան վերլուծել հանդարտօրէն, յստակ միտքով եւ աղօթքով։ Առ ի արդիւնք, անոր աչքերը բացուեցան եւ տեսաւ, թէ իմաստութեամբ չէր մտածեր, եւ թէ սկսած էր բռնել վտանգաւոր ուղի մը, որ զինք Եհովայէն կրնար բաժնել։ Ան նաեւ ըմբռնեց, որ չարերը «սահուն տեղեր»ու վրայ կեցած են, եւ թէ պիտի ‘հատնին ու վախերով կորսուին’։ Նախանձէն եւ վհատութենէն ձերբազատուելու համար, սաղմոսերգուն պէտք էր որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտէր։ Այսպէս ընելով, ան իր խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը վերագտաւ։ Ան ըսաւ. «Երկրի վրայ [Եհովայէն] զատ մէկը չեմ ուզեր»։

16. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ ղեւտացիէ մը։

16 Դասեր մեզի համար։ Թող որ բնա՛ւ չնախանձինք չար մարդոց, որոնք այնպէս կ’երեւի որ յառաջ կ’երթան։ Անոնց ուրախութիւնը մակերեսային ու ժամանակաւոր է. անոնք յաւիտեան պիտի չապրին (Ժող. 8։12, 13)։ Եթէ իրենց նախանձինք, պիտի վհատինք եւ կրնանք նոյնիսկ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը կորսնցնել։ Ուստի, եթէ որեւէ ատեն սկսիս չարերու յաջողութեան նախանձիլ, ղեւտացիին ըրածը ըրէ։ Եհովայի սիրալիր խրատին հետեւէ ու ընկերակցէ անոնց հետ, որոնք իր կամքը կ’ընեն։ Երբ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրես, իսկական ուրախութիւն պիտի գտնես։ Եւ «յաւիտենական կեանք»ի տանող ճամբուն մէջ պիտի մնաս (Ա. Տիմ. 6։19

ՊԵՏՐՈՍԻ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԶԻՆՔ ՎՀԱՏԵՑՈՒՑԻՆ

Երբ մտածենք, թէ ինչպէ՛ս Պետրոս սկիզբը վհատած էր, բայց ետքը կեդրոնացաւ Աստուծոյ ծառայելու վրայ, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ կրնանք ուրիշներուն օգնել (տե՛ս պարբերութիւն 17-19)

17. Պետրոս ի՞նչ պատճառներ ունէր վհատելու։

17 Պետրոս առաքեալ եռանդուն մարդ մըն էր. բայց ատեններ առանց հաշիւի կը խօսէր եւ արագ էր իր զգացումները արտայայտելու մէջ, անոր համար ետքը կը զղջար իր ըսածին կամ ըրածին համար։ Օրինակ, երբ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ պիտի չարչարուէր ու մեռնէր, Պետրոս զինք յանդիմանեց ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ» (Մատ. 16։21-23)։ Այն ատեն, Յիսուս Պետրոսը սրբագրեց։ Երբ ամբոխ մը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու, Պետրոս առանց մտածելու յառաջ անցաւ եւ քահանայապետին մէկ ծառային ականջը կտրեց (Յովհ. 18։10, 11)։ Յիսուս նորէն Պետրոսը սրբագրեց։ Ասկէ զատ, Պետրոս պարծենալով ըսած էր, որ նոյնիսկ եթէ միւս առաքեալները Քրիստոսի վրայով գայթակղէին, ինք բնաւ պիտի չգայթակղէր (Մատ. 26։33)։ Բայց ան իր կարծածին չափ զօրաւոր չէր. մարդու վախին տեղի տալով իր Տէրը երեք անգամ ուրացաւ։ Ան խիստ վհատած՝ «դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ» (Մատ. 26։69-75)։ Թերեւս հարց տուաւ, որ Յիսուս արդեօք օրին մէկը իրեն պիտի ներէ՞ր։

18. Յիսուս ինչպէ՞ս Պետրոսին օգնեց վհատութիւնը յաղթահարելու։

18 Բայց Պետրոս թոյլ չտուաւ, որ յուսալքումը կամ վհատութիւնը զինք ջախջախէ։ Գայթակղելէն ետք, ան շարունակեց Եհովային ծառայել միւս առաքեալներուն հետ (Յովհ. 21։1-3. Գործք 1։15, 16)։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ ետ ոտքի ելլէ։ Ան յիշեց որ Յիսուս նախապէս աղօթած էր, որ իր հաւատքը չպակսի, եւ զինք յորդորած էր, որ դարձի գայ եւ իր եղբայրները զօրացնէ։ Եհովան այդ սրտագին աղօթքին պատասխանեց։ Ետքը, Յիսուս անձամբ Պետրոսին երեւցաւ, անկասկած զինք քաջալերելու համար (Ղուկ. 22։32. 24։33, 34. Ա. Կոր. 15։5)։ Եւ առաքեալներուն երեւցաւ, երբ անոնք ամբողջ գիշերը ձկնորսութիւն ըրած էին, բայց ձո՛ւկ մը չէին բռնած։ Այդ ատեն, Յիսուս Պետրոսին առիթ տուաւ, որ վստահեցնէ թէ զինք շա՜տ կը սիրէ։ Յիսուս իր սիրելի բարեկամին ներած էր, եւ իրեն աւելի գործ յանձնեց (Յովհ. 21։15-17

19. Սաղմոս 103։13, 14–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մեր մեղքերը Եհովային աչքով դիտենք։

19 Դասեր մեզի համար։ Պետրոսի հետ Յիսուսի վարուած կերպը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս շատ գթած է՝ ճիշդ իր Հօր պէս։ Ուստի, երբ սխալներ ընենք, պէտք չէ մտածենք, որ Եհովան բնա՛ւ մեզի պիտի չներէ։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Սատանան կ’ուզէ՛ որ այդպէս մտածենք։ Փոխարէնը, պէտք է ամէն ջանք թափենք, որ մենք մեզ,– եւ մեզի դէմ սխալողները,– դիտենք այն աչքով, որ մեր կարեկից եւ սիրալիր երկնաւոր Հայրը կը դիտէ (կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Յովսէփին, Նոեմիին ու Հռութին, ղեւտացիին եւ Պետրոսին օրինակները մեզ կը վստահեցնեն, որ «Տէրը պատրաստ է սրտաբեկներուն օգնելու» (Սաղ. 34։18, ՆԹ)։ Երբեմն ան թոյլ կու տայ, որ դժուարութիւններէ անցնինք ու վհատինք։ Այսուհանդերձ, երբ Եհովայի օգնութեամբ դժուարութիւններու յաջողապէս տոկանք, մեր հաւատքը կը զօրանայ (Ա. Պետ. 1։6, 7)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի շարունակենք քննարկել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս թիկունք կը կանգնի իր հաւատարիմներուն, որոնք յուսալքուած կամ վհատած են՝ թերեւս իրենց անկատարութիւններուն պատճառաւ կամ դժուար պարագաներու բերմամբ։

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

^ պարբ. 5 Յովսէփ, Նոեմի եւ Հռութ, ղեւտացի մը եւ Պետրոս առաքեալ վհատեցուցիչ դժուարութիւններէ անցան։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զիրենք մխիթարեց եւ զօրացուց։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ իրենց օրինակէն եւ այն կարեկից վարուելակերպէն, որ Եհովան իրենց հանդէպ ունեցաւ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Նոեմիի, Հռութի եւ Որփայի ամուսիններուն մահը զիրենք նեղացուց ու վհատեցուց։ Ետքը, Բոոսի հետ, Հռութն ու Նոեմին շա՜տ ուրախացան, երբ Ովբէդը ծնաւ։