Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բառ մը որ շատ բան նշանակեց

Բառ մը որ շատ բան նշանակեց

«Ո՛Վ ԿԻՆ»։ Յիսուս ատեններ այսպէս ուղղեց իր խօսքը հակառակ սեռի պատկանող անհատներու։ Օրինակ՝ երբ ան կը բժշկէր անհատ մը որ 18 տարիէ ի վեր կծկտած էր, ըսաւ. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես» (Ղուկ. 13։10-13)։ Յիսուս նոյնիսկ այս սովորական կերպով ուղղեց իր խօսքը իր մօրը, ինչ որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն յարգալից կը սեպուէր (Յովհ. 19։26. 20։13)։ Բայց կար բառ մը որ ոչ միայն յարգալից էր, հապա աւելի իմաստ մը ունէր։

«Աղջիկ»։ Սուրբ Գիրքը այս շատ ազնիւ եւ փափուկ բառը կը գործածէ կարգ մը կիներու առնչութեամբ։ Յիսուս այդ բառը գործածեց երբ խօսեցաւ կնոջ մը հետ, որ 12 տարիէ ի վեր արիւնահոսութիւն ունէր։ Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր թէ այս պարագային մէջ եղող կին մը անմաքուր է, բայց կինը այս օրէնքին համաձայն չվարուեցաւ եւ Յիսուսին մօտեցաւ։ Ան պէտք էր ուրիշներէ հեռու մնար (Ղեւ. 15։19-27)։ Սակայն ան յուսահատ էր եւ «շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր» (Մար. 5։25, 26

Կինը լուռումունջ անցաւ ժողովուրդին մէջէն եւ Յիսուսին ետեւէն մօտենալով դպաւ անոր հանդերձին ծայրը։ Կնոջ արիւնահոսութիւնը անմիջապէս կեցաւ։ Ան յուսաց որ մէկը չնկատէ իր ըրածը, բայց Յիսուս հարցուց. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ» (Ղուկ. 8։45-47)։ Ասոր վրայ, կինը վախնալով ու դողալով ինկաւ Յիսուսին առջեւ «ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր» (Մար. 5։33

Որպէսզի կնոջ միտքը հանգստացնէ, Յիսուս ազնուօրէն ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ» (Մատ. 9։22)։ Աստուածաշունչի ուսումնականներ կ’ըսեն թէ այն եբրայերէն ու յունարէն բառերը որոնք «աղջիկ» կը թարգմանուին, կրնան «ազնուութիւն եւ քնքշութիւն» արտայայտել երբ փոխաբերական իմաստով գործածուին։ Յիսուս ա՛լ աւելի կնոջ վստահեցուց, ըսելով. «Քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ» (Մար. 5։34

Իսրայէլացի հարուստ Բոոսն ալ այսպէս ուղղեց իր խօսքը մովաբացի Հռութին։ Հռութ պատճառ ունէր որ ինքնավստահ չզգայ, քանի որ իրեն օտար եղող մարդու մը արտին մէջ գարի կը հաւաքէր։ Բոոս ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս»։ Ետքը, ան Հռութը քաջալերեց որ շարունակէ իր դաշտերուն մէջ ճռաքաղութիւն ընել։ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ Բոոսին առջեւ եւ հարցուց որ ան ինչո՛ւ ազնուօրէն կը վարուէր իրեն պէս օտարի մը հետ։ Բոոս պատասխանելով ա՛լ աւելի վստահեցուց անոր. «Դուն քու կեսրոջդ [որբեւայրի Նոեմի] ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի. . . Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ» (Հռութ 2։8-12

Յիսուս եւ Բոոս ի՜նչ աղուոր օրինակներ են երէցներուն համար։ Ատեններ, թերեւս երկու երէցներ հանդիպում մը ունենան քրիստոնեայ կնոջ մը հետ, որ Սուրբ Գիրքի օգնութեան ու քաջալերութեան պէտք ունի։ Երէցները աղօթքով Եհովայէն ուղղութիւն կը խնդրեն եւ ուշի ուշով մտիկ կ’ընեն քրոջ։ Ետքը, անոնք պատրաստ կ’ըլլան որ իրեն վստահեցնեն եւ Աստուծոյ Խօսքով մխիթարեն (Հռով. 15։4