Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկրորդ կատարումին մէջ, գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը, որ նշան կը դնէ թէ ո՛վ պիտի փրկուի

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը եւ քանդող գործիք ունեցող վեց մարդիկը որո՞նք կը ներկայացնեն։

Անոնք կը ներկայացնեն երկնային ուժեր, որոնք մասնակցեցան Երուսաղէմի կործանման, եւ որոնք նաեւ Արմագեդոնին՝ Սատանայի չար աշխարհը պիտի կործանեն։ Այս նոր բացատրութիւնը ինչո՞ւ տրամաբանական է։

Ք.Ա. 607–էն առաջ, Եհովան Եզեկիէլին տուաւ տեսիլք մը, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ առաջ որ ատիկա կործանէր։ Նախ, ան տեսաւ հոն տեղի ունեցող բազմաթիւ չար բաներ, իսկ ետքը՝ քանդող գործիք ունեցող վեց մարդիկ։ Ան նաեւ անոնց մէջ տեսաւ մարդ մը, որ «կտաւէ զգեստ հագած» էր եւ «գրագիրի կաղամար» ունէր (Եզեկ. 8։6-12. 9։2, 3)։ Այս մարդուն ըսուեցաւ. «Քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։ Ետքը, քանդող գործիք ունեցող մարդոց ըսուեցաւ, որ սպաննեն բոլոր անոնք որ նշանը չունին (Եզեկ. 9։4-7)։ Այս տեսիլքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ, եւ ո՞վ է այն մարդը որ գրագիրի կաղամար ունի։

Այս մարգարէութիւնը տրուեցաւ Ք.Ա. 612–ին, եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ հինգ տարի ետք, երբ Եհովան թոյլ տուաւ որ բաբելոնական բանակը Երուսաղէմը կործանէ։ Այսպիսով, ան բաբելոնացիները գործածեց, որպէսզի իր անհնազանդ ժողովուրդը պատժէ (Եր. 25։9, 15-18)։ Բայց թացը չորին հետ պիտի չայրէր. արդար հրեաները չարերուն հետ պիտի չբնաջնջուէին։ Եհովան սիրալիրօրէն կարգադրութիւն ըրաւ, որ չար բաներուն չմասնակցող հրեաները փրկուէին։

Եզեկիէլ ո՛չ նշան դնելուն, ոչ ալ կործանելուն մասնակցեցաւ։ Հրեշտակներն էին որ պիտի առաջնորդէին կործանումը։ Ուստի, այս մարգարէութիւնը մեզի առիթ կու տայ, որ տեսնենք թէ երկնքին մէջ ի՛նչ կ’ըլլայ։ Եհովան իր հրեշտակներուն ըսած էր որ կազմակերպէին չարերուն բնաջնջումը, վստահ ըլլալով որ արդարները պիտի փրկուէին *։

Անցեալին ըսած էինք որ այս մարգարէութեան երկրորդ կատարումին մէջ, որ արդի ժամանակներուն է, գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կը ներկայացնէ այն օծեալները որոնք տակաւին ողջ են։ Նաեւ ըսած էինք որ մարդիկ փրկուելու համար նշան կը ստանան, երբ մեր քարոզած բարի լուրը մտիկ ընեն եւ ընդունին։ Բայց վերջերս յստակ դարձաւ որ պէտք է փոփոխութիւն մտցուի այս բացատրութեան մէջ։ Ըստ Մատթէոս 25։31-33–ին, Յիսուսն է որ կը դատէ մարդիկը։ Ան ասիկա պիտի ընէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Ան ոչխարանման անհատները պիտի զատէ այծանման անհատներէն. ոչխարանման անհատները պիտի փրկուին, իսկ այծանման անհատները պիտի բնաջնջուին։

Ուրեմն ի՞նչ կը սորվինք Եզեկիէլի տեսիլքէն։ Ահաւասիկ հինգ դասեր.

  1. Առաջ որ Երուսաղէմ կործանի, Եզեկիէլ եւ Երեմիա ըլլալիք բաներուն մասին զգուշացում տուին մարդոց, ճիշդ ինչպէս որ Եսային նախապէս ըրած էր։ Անոնք դէտի կամ պահապանի դեր խաղցան։ Ներկայիս, Եհովան օծեալներու պզտիկ խումբ մը կը գործածէ, որ իր ժողովուրդին ուսուցանէ եւ ուրիշներու զգուշացում տայ, առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ ամբո՛ղջ ժողովուրդը, այսինքն՝ Քրիստոսի տան «ծառաները», կը մասնակցին ուրիշներու զգուշացում տալուն (Մատ. 24։45-47

  2. Եզեկիէլ նշան չդրաւ այն մարդոց վրայ որ պիտի փրկուէին։ Ներկայիս ալ Աստուծոյ ծառաները նշան չեն դներ։ Անոնք պարզապէս մարդոց կը քարոզեն եւ անոնց զգուշացում կու տան ըլլալիք բաներուն մասին։ Իսկ հրեշտակները կ’օգնեն աշխարհին չորս կողմը կատարուող այս քարոզչութեան մէջ (Յայտ. 14։6

  3. Ինչպէս որ Եզեկիէլի ժամանակ մարդիկ իրենց ճակատին վրայ բառացի նշան չստացան, ան որ ապագային պիտի փրկուի՝ բառացի նշան պիտի չունենայ։ Լաւ, մարդիկ ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի ապագային այլաբանական նշանը ստանան։ Անոնք պէտք է բարի լուրը ընդունին, ջանան Յիսուսի անձնաւորութիւնը ընդօրինակել, Եհովային նուիրուին եւ բարի լուրը քարոզելուն մէջ Յիսուսի եղբայրներուն ձեռք տան (Մատ. 25։35-40)։ Ան որ ասոնք կ’ընէ, փրկուելու նշանը պիտի ստանայ մեծ նեղութեան ընթացքին։

  4. Երկրորդ կատարումին մէջ, գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, ան մեծ բազմութիւնը պիտի զատէ որպէս ոչխարներ եւ անոնց վրայ այլաբանական նշանը պիտի դնէ։ Այսպիսով, անոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու առիթը պիտի ունենան (Մատ. 25։34, 46) *։

  5. Երկրորդ կատարումին մէջ, քանդող գործիք ունեցող վեց մարդիկը կը ներկայացնեն Յիսուսի հրեշտակային բանակները՝ իր առաջնորդութեան ներքեւ։ Մօտ ատենէն անոնք պիտի կործանեն ազգերը եւ վերջ դնեն բոլոր չարութիւններուն (Եզեկ. 9։2, 6, 7. Յայտ. 19։11-21

Այս արժէքաւոր դասերը մեր վստահութիւնը կը զօրացնեն, թէ Եհովան չարին հետ բարին ալ չի բնաջնջեր (Բ. Պետ. 2։9. 3։9)։ Ատոնք նաեւ մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր օրերուն քարոզչութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ զգուշացումը պէտք է ամբողջ աշխարհին տրուի առաջ որ վերջը գայ (Մատ. 24։14

^ պարբ. 6 Անոնք որոնք փրկուեցան, ինչպէս՝ Բարուք (Երեմիային քարտուղարը), եթովպիացի Աբդեմելէքը եւ ռեքաբեանները, իրենց ճակատին վրայ տեսանելի նշան չստացան (Եր. 35։1-19. 39։15-18. 45։1-5)։ Անոնք այլաբանական նշան ստացան, ինչ որ նշանակեց թէ պիտի փրկուէին։

^ պարբ. 12 Հաւատարիմ օծեալները պէտք չունին այս նշանը ստանալու։ Անոնք իրենց վերջնական կնքումը պիտի ստանան՝ կա՛մ իրենց մեռնելէն առաջ, կամ ալ մեծ նեղութիւնը սկսելէ առաջ (Յայտ. 7։1, 3