Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային խոստումներուն հանդէպ հաւատքդ որքա՞ն զօրաւոր է

Եհովային խոստումներուն հանդէպ հաւատքդ որքա՞ն զօրաւոր է

Թէ՛ Յեսուն եւ թէ Սողոմոնը ըսին որ Եհովային խոստումներէն խօսք մը իսկ գետին չինկաւ (Յես. 23։14. Գ. Թագ. 8։56)։ Այս երկու վստահելի մարդոց վկայութիւնը մեր հաւատքին հիմը կը զօրացնէ (Բ. Կոր. 13։1. Տիտ. 1։2

Յեսուին օրերուն Եհովան իր խոստումները ինչպէ՞ս կատարեց։ Ընտանիքիդ հետ դիտէ «Խօսք մը գետին չինկաւ» վիտէոն։ Յետոյ նկատի առ այս հարցումները. 1) Ինչպէ՞ս կրնաս Ռախաբին հաւատքը ընդօրինակել (Եբ. 11։31. Յակ. 2։24-262) Աքարին օրինակը ինչպէ՞ս կը փաստէ որ անհնազանդութիւնը աղէտի կ’առաջնորդէ։ 3) Հակառակ անոր որ Գաբաւոնի մարդիկը զինուորներ էին, ինչո՞ւ Յեսուն խաբեցին եւ իսրայէլ ազգին հետ խաղաղութիւն ըրին։ 4) Եհովային խօսքը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ երբ հինգ ամօրհացի թագաւորներ իսրայէլ ազգին սպառնացին (Յես. 10։5-145) Եհովան քե՛զի համար ի՞նչ կ’ընէ, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես (Մատ. 6։33

Մինչ կը խոկանք այն ամէն բաներուն վրայ որոնք Եհովան ըրած է, կ’ընէ եւ պիտի ընէ, իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ (Հռով. 8։31, 32

Յեսուին պէս զօրաւոր հաւատք ունի՞ս