Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աղուոր նամակներ գրել

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աղուոր նամակներ գրել

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. Ա. Կորնթացիս գիրքը այն 14 նամակներէն է, որոնք Պօղոս առաքեալ գրած է, հաւատակիցները քաջալերելու համար։ Երբ մէկը նամակ կը գրէ, ժամանակ կ’ունենայ որ իր բառերը ուշադրութեամբ զատէ, իսկ նամակ ստացողը կրնայ նամակը մէկէ աւելի անգամներ կարդալ։ Նամակ գրելը լաւ կերպ մըն է վկայութիւն տալու ազգականներու եւ ծանօթներու։ Նաեւ նամակներու միջոցաւ կրնանք վկայութիւն տալ անոնց, որոնց հետ չենք կրնար դէմ դիմաց խօսիլ։ Օրինակ, թերեւս մէկը հետաքրքրութիւն ցուցուց, բայց դժուար է որ զինք տունը գտնենք։ Թաղամասին մէջ ոմանց չենք կրնար հասնիլ, քանի որ կ’ապրին լաւ պաշտպանուած յարկաբաժիններու մէջ, մուտքը արգիլուած շրջաններու մէջ կամ ամայի շրջաններու մէջ։ Ի՞նչ բաներ պէտք է մեր միտքը պահենք, մանաւանդ երբ օտարի մը նամակ կը գրենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՐԵԼ.

  • Գրէ ինչ որ անձին պիտի ըսէիր, եթէ անոր հետ դէմ դիմաց պիտի խօսէիր։ Նամակին սկիզբը դուն քեզ ծանօթացուր եւ յստակօրէն ըսէ թէ նպատակդ ի՛նչ է։ Կրնաս հարցում մը հարցնել եւ անհատը ուղղել մեր կայքին։ Ետքը, իրեն ըսէ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութեան կարգադրութեան մասին կամ ուսումնասիրական հրատարակութենէ մը կարգ մը նիւթեր նշէ։ Նաեւ կրնաս նամակին հետ կայքի քարտ մը, հրաւիրագիր մը կամ թերթիկ մը դնել պահարանին մէջ։

  • Հակիրճ եղիր։ Շատ երկար նամակ մը մի՛ գրեր, թէ ոչ կարդացողը կրնայ ձանձրանալ (տե՛ս Ինչպէ՞ս կրնաս նամակ գրել

  • Ստուգէ որ սխալներ չկան եւ թէ գիրդ մաքուր է եւ կարդալու համար դիւրին է, ինչպէս նաեւ գրածդ ընկերային, փափկանկատ եւ դրական է։