Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

JW Library–ն կը գործածե՞ս

JW Library–ն կը գործածե՞ս

JW Library–ն ձրի ծրագրակազմ մըն է (software application), որ քեզի թոյլ կու տայ հեռախօսիկիդ, թապլեթիդ կամ համակարգիչիդ մէջ բեռնելու Աստուածաշունչը, այլ հրատարակութիւններ, տեսաերիզներ եւ ձայնագրութիւններ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՈՒՆԵՆԱԼ։ Համացանցը բաց եւ JW Library–ն տեղադրէ ելեկտրոնային խանութէ մը (app store)։ JW Library–ն մատչելի է զանազան սարքերու համար։ Առցանց app–ը բաց եւ ընտրէ այն հրատարակութիւնները, որոնք կ’ուզես սարքիդ մէջ բեռնել։ Եթէ տանդ մէջ համացանց չունիս, թերեւս այս մէկը ընես Թագաւորութեան սրահին, հանրային գրադարանի մը կամ մօտակայ ճաշարանի մը մէջ։ Անգամ մը որ հրատարակութիւնները բեռնես սարքիդ մէջ, ա՛լ համացանցի պէտք չունիս անոնք բանալու համար։ Քանի՛ որ կանոնաւորաբար նոր երեսակներ կ’աւելցուին JW Library–ին վրայ, պէտք է ատեն–ատեն համացանցին միանաս, որպէսզի նորութիւնները տեղադրես (install updates)։

ԻՆՉՈ՛Ւ ՈՒՆԵՆԱԼ։ JW Library–ն անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ ժողովի ընթացքին հետեւիլը կը դիւրացնէ։ Անիկա նաեւ գործնական է ծառայութեան մէջ, մանաւանդ երբ անպաշտօն կերպով կը քարոզենք։