Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն

Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՆԵՐ։ Անոնց նպատակն է ձեզի օգնել։ Հաճեցէք անոնց հետ համագործակցիլ՝ ինքնաշարժը ո՛ւր շարելու, համաժողովին վայրը մտնելու եւ անկէ ելլելու, նստարան ապահովելու եւ այլ բաներու նկատմամբ։

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ։ Մկրտութեան թեկնածուներուն յատկացուած նստարանները պիտի դրուին բեմին առջեւ, բացի եթէ ուրիշ կարգադրութիւն եղած է։ Մկրտութեան թեկնածուները պէտք է հոն նստին շաբաթ առտու, մկրտութեան դասախօսութիւնը սկսելէն առաջ եւ իրենց հետ բերեն անձեռոց եւ պատշաճ լողազգեստ։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։ Բաւական մեծ գումար ծախսուած է, որ ապահովենք բաւարար նստարաններ, ձայնային գործիքներ, վիտէոյի գործիքներ եւ այլն, որոնք համաժողովին ներկայ ըլլալը հաճելի կը դարձնեն եւ կ’օգնեն որ Եհովային աւելի մօտենանք։ Ձեր նուիրատուութիւնները այս ծախսերը կը գոցեն եւ համաշխարհային գործին թիկունք կը կանգնին։ Անոր համար, համաժողովին վայրին մէջ տեղ–տեղ նուիրատուութեան տուփեր դրուած են։ Ձեր նուիրատուութիւնները շատ գնահատելի են։ Կառավարիչ մարմինը շնորհակալ է որ առատաձեռն կերպով թիկունք կը կանգնիք Թագաւորութեան շահերուն։

ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ։ Հաճիս ձեր միտքը պահեցէք որ ասիկա ՄԻԱՅՆ ՍՏԻՊՈՂԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ համար է։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՒ ԳՏՆՈՒԱԾ ԻՐԵՐ։ Բոլոր կորսուած իրերը պէտք է «Կորսուած եւ գտնուած իրերու բաժանմունք» տարուին։ Եթէ բան մը կորսնցուցած ես, այս բաժանմունքը գնա՛ եւ կորսնցուցած իրդ նկարագրէ։ Իսկ այն երեխաները, որոնք կորսուած են, պէտք է որ այս բաժանմունքը տարուին։ Բայց յիշեցէք, որ այս բաժանմունքը մանկանոց չէ։ Հաճեցէք ձեր զաւակներուն ուշադիր ըլլալ եւ ձեր քովը պահել։

ՆՍՏԱՐԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵԼ։ Հաճեցէք նկատառու ըլլալ։ Յիշեցէք, որ կրնաք նստարան ապահովել միայն ընտանիքի անդամներուն, ձեզի հետ նոյն ինքնաշարժով գացողներուն, տնեցիներուն եւ ձեր աշակերտներուն։ Հաճեցէք ապրանքներ չդնել նստարաններու վրայ, որոնք պիտի չապահովէք։

ԿԱՄԱՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Եթէ կ’ուզէք համաժողովի գործերուն թիկունք կանգնիլ, հաճեցէք «Տեղեկութիւններու եւ կամաւոր ծառայութեան բաժանմունք»ին տեղեկացնել։

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԺՈՂՈՎ

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑ։ 23–էն 65 տարեկան ռահվիրաները, որոնք կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել, հրաւիրուած են ժողովի մը ներկայ գտնուելու կիրակի կէսօրէ ետք։ Այս ժողովին ժամն ու վայրը պիտի յայտարարուի։

Պատրաստուած է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինին կողմէ