Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 9

Վիտէօ եւ պատկեր գործածելով սորվեցնել

Վիտէօ եւ պատկեր գործածելով սորվեցնել

Ծննդոց 15։5

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Վիտէօներ եւ պատկերներ գործածել կարեւոր կէտերը յստակացնելու համար։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Գործածէ վիտէօներ եւ պատկերներ, որոնք սորվեցնելու կերպդ կը բարելաւեն։ Ժողովքին մէջ կրնաս գործածել պատկերներ, գծագրութիւններ, քարտէսներ եւ ժամանակ ցոյց տուող ցանկեր կարեւոր կէտերը շեշտելու համար։ Իսկ ծառայութեան մէջ կրնաս վիտէօներ ալ գործածել՝ նոյն նպատակին համար։ Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ յիշեն ոչ միայն գործածած վիտէոդ, պատկերդ եւ այլն, հապա անկէ քաղուած դասն ալ։

  • Վստահ եղիր որ քեզի մտիկ ընողները կրնան տեսնել վիտէոն, պատկերը կամ այն ինչ որ կը գործածես ներկայացումիդ մէջ։