Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 6

Եհովա ինչո՞ւ ստեղծեց մեզ

Եհովա ինչո՞ւ ստեղծեց մեզ

Սողոմոն թագաւոր կեանքի իմաստին նկատմամբ եղած հարցումը քննեց

ԵՀՈՎԱՆ ճանչնալը ի՞նչ պիտի նշանակէ ձեզի համար։ Ի միջի այլոց, անիկա պիտի նշանակէ միլիառաւոր մարդիկը շփոթութեան մատնող հետեւեալ հարցումին պատասխանը գտնել. ‘Ինչո՞ւ հոս եմ’։ Հաւանաբար եղած են պահեր որ այս հարցումը հարցուցած էք։ Իմաստուն թագաւոր մը, որ իր օրուան «երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ» հարստութիւն ունէր, կեանքի իմաստին հետ առնչուող այդ հարցումը զննեց։ (Բ. Մնացորդաց 9։22. Ժողովողի 2։1-13) Այս թագաւորը՝ Սողոմոն, իր տրամադրութեան տակ ունէր մեծ հեղինակութիւն, մեծ հարստութիւն եւ անբաղդատելի իմաստութիւն։ Իր հետազօտութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժողովողի 12։13) Քանի որ Սողոմոնի փորձառութեան տարողութիւնը շատերուն ունեցածէն գերազանց է, իր եզրակացութիւնը գոնէ արժանի է մեր նկատառութեան։—Ժողովողի 2։12

2 Սողոմոնի ակնարկած Աստուծոյ վախը, անծանօթ հոգեղէն ուժէ մը հիւանդագին վախ մը չէ։ Ընդհակառակը, անիկա ձեզի շատ սիրելի մէկը տհաճեցնելու առողջ վախ մըն է։ Եթէ խորապէս կը սիրէք անհատ մը, վստահաբար պիտի ուզէք ամէն ատեն հաճեցնել զինք եւ խուսափիլ ընելէ որե՛ւէ բան որ զինք կը ցաւցնէ։ Երբ սկսիք Եհովան սիրել, նոյն զգացումը պիտի ունենաք իրեն հանդէպ։

3 Աստուածաշունչ կարդալով, կրնաք մեր Ստեղծիչին սիրած ու չսիրած բաներուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ երկիրը ստեղծելու իր նպատակին մասին սորվիլ։ Եհովան նկարագրելով որպէս ‘երկիրը կազմողը ու զանիկա շինողը’, Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ նաեւ՝ Ան որ զայն «հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։ (Եսայեայ 45։18) Եհովա երկիրը պատրաստեց, որպէսզի մարդոցմով բնակուի, որոնք անոր եւ անոր վրայի բոլոր արարածներուն հոգ պիտի տանէին։ (Ծննդոց 1։28) Բայց Եհովա մարդկութիւնը միայն երկրին խնամակալնե՞րը ըլլալու նպատակաւ ստեղծեց։

Ադամն ու Եւան Աստուծոյ հետ իմաստալից յարաբերութիւն մը ունէին

4 Ո՛չ, աւելի վեհ նպատակ մը կար։ Առաջին մարդը՝ Ադամ, Եհովայի հետ իմաստալից յարաբերութիւն մը ունէր։ Ադամ կրնար ուղղակիօրէն խօսիլ Ստեղծիչին հետ։ Ան թէ՛ կրնար մտիկ ընել Աստուծոյ ըսածը, թէ՛ Եհովայի արտայայտել իր մտածածը։ (Ծննդոց 1։28-30. 3։8-13, 16-19. Գործք 17։26-28) Հետեւաբար, Ադամն ու իր կինը՝ Եւան, Եհովան աւելի լաւ ճանչնալու եւ իրեն հետ աւելի խոր յարաբերութիւն մշակելու հոյակապ պատեհութիւնը ունէին։ Եհովան ճանչնալը եւ զինք ընդօրինակելը իրենց կեանքը գոհացուցիչ պիտի դարձնէր, քանի որ ան ‘երանելի Աստուած’ է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Որպէս Աստուած մը որ «ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու», Եհովա առաջին մարդը Եդեմի պարտէզ կոչուած դրախտի մը մէջ դրաւ, յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։—Ա. Տիմոթէոս 6։17. Ծննդոց 2։8, 9, 16, 17

Մարդկային բջիջին մասին վերջին յայտնագործութիւնները ի՞նչ կը նշեն

5 Յաւիտեա՞ն։ Թերեւս յաւիտենական կեանքի միտքը մերժէք որպէս անմիտ բան մը, բայց այդպէ՞ս է։ Գիտնականներ կը հաւատան որ այժմ հասկցած են թէ ի՛նչ բան պատճառ կ’ըլլայ բջիջներու ծերացման։ Թելոմէր կոչուած ծինային փոքր մասեր, որոնք մասնատարրերու (chromosomes) վերջաւորութեան կը գտնուին, աւելի կը կարճնան ամէն անգամ որ բջիջը բաժնուի։ Բջիջ մը 50–էն 100 անգամ բաժնուելէն ետք, թելոմէր–ները կը մաշին, եւ բջիջներուն մեծամասնութիւնը կը դադրի բաժնուելէ։ Սակայն գիտական վերջնագոյն գիւտեր կը նշեն թէ թելոմէրազ կոչուած մասնայատուկ ներխմորի (enzyme) մը միջոցաւ, մարդկային բջիջները կրնան անվերջ բաժնուիլ։ Թէեւ այս գիւտը չի նշանակեր թէ Եհովա յաւիտենական կեանքը այս մասնայատուկ ներխմորին միջոցաւ կարելի կ’ընէ, բայց ասիկա բան մը կը նշէ. յաւիտենական կեանքի գաղափարը բնա՛ւ անհնարին չէ։

6 Այո, մարդկային առաջին զոյգին յաւիտեան ապրելու համար ստեղծուած ըլլալուն մասին Սուրբ Գրքի պատմութիւնը համոզիչ է։ Մարդիկ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութեան մէջ անվերջ պիտի աճէին։ Անոնք իրենց երկնաւոր Հօրը հետ զօրաւոր կապ մը պիտի հաստատէին, երկրի մարդոց համար իր նպատակէն լիովին տեղեակ ըլլալով ու զայն կատարելով։ Անոնց կեանքը տաղտկալի պիտի չըլլար։ Ադամն ու Եւան երկիրը ուրախ ու կատարեալ զաւակներով լեցնելու հոյակապ հեռանկարը ունէին։ Անոնք յաւիտեան գոհացուցիչ ու իմաստալից գործ պիտի ունենային։ Անիկա իսկապէս գոհացուցիչ կեանք մը պիտի ըլլար։—Ծննդոց 1։28