Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 3

Մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

1. Սկիզբէն իսկ, մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ էր։

ԱՍՏՈՒԱԾ մարդոց համար հիանալի նպատակ մը ունի։ Ան Ադամն ու Եւան ստեղծեց որ գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ ապրին։ Աստուծոյ նպատակն էր որ անոնք զաւակներ ունենային, ամբողջ երկիրը դրախտի վերածէին եւ անասուններուն հոգ տանէին (Ծննդոց 1։28. 2։8, 9, 15. տե՛ս Բացատրութիւն 6

2. ա) Ուրկէ՞ գիտենք որ Աստուած իր նպատակը պիտի իրականացնէ։ բ) Աստուած կ’ուզէ որ ի՞նչ տեսակ մարդիկ երկրի վրայ ապրին եւ որքա՞ն ժամանակ։

2 Կը կարծե՞ս որ օր մը դրախտի մէջ պիտի ապրինք։ Եհովա Աստուած կ’ըսէ. «Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ» (Եսայի 46։9-11. 55։11)։ Այո՛, ան իր նպատակը պիտի իրականացնէ եւ բա՛ն մը իրեն արգելք պիտի չըլլայ։ Եհովան երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց», հապա նպատակի մը համար ստեղծեց (Եսայի 45։18)։ Ան կ’ուզէ որ մարդիկ երկրի վրայ ապրին։ Լաւ, ի՞նչ տեսակ մարդիկ պիտի ապրին եւ որքա՞ն ժամանակ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Արդարները [կամ հնազանդները] պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4

3. Երբ մարդոց վիճակը տեսնես, թերեւս դուն քեզի ի՞նչ հարցնես։

3 Բայց այսօր մարդիկ կը հիւանդանան եւ կը մեռնին։ Շատ մը շրջաններու մէջ անոնք իրարու հետ կը կռուին եւ իրար կը մեռցնեն։ Անշուշտ ասիկա Աստուծոյ նպատակը չէր։ Լաւ, ի՞նչ եղաւ եւ ինչո՞ւ իր նպատակը չիրականացաւ։ Միայն Սուրբ Գիրքը կրնայ պատասխանել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹՇՆԱՄԻՆ

4, 5. ա) Եդեմի պարտէզին մէջ ո՞վ օձի մը միջոցաւ Եւային հետ խօսեցաւ։ բ) Լաւ մարդ մը ինչպէ՞ս գող կը դառնայ։

4 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած թշնամի մը ունի, որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանան օձի մը միջոցաւ Եւային հետ խօսեցաւ (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։1)։ Ան այնպէս մը ձեւացուց, որ կարծես թէ օ՛ձը կը խօսէր (տե՛ս Բացատրութիւն 7

5 Լաւ, Սատանան ուրկէ՞ եկաւ։ Աստուած զինք բանսարկու եւ սատանա՞յ ստեղծեց։ Ո՛չ։ Երբ Աստուած երկիրը կը պատրաստէր, երկինքին մէջ շատ հրեշտակներ կային։ Ետքը այդ հրեշտակներէն մէկը Բանսարկու դարձաւ (Յոբ 38։4, 7)։ Ինչպէ՞ս։ Պահ մը մտածէ. լաւ մարդ մը ինչպէ՞ս գող կը դառնայ։ Ան գող չի ծնիր։ Ան կ’ուզէ բան մը, որ իրեն չի պատկանիր։ Ետքը կը շարունակէ անոր մասին մտածել եւ իր այս սխալ ցանկութիւնը երթալէն աւելի կը զօրանայ եւ երբ առիթ ստեղծուի, ան կը գողնայ։ Այսպէս, ան ինքզինք գող կը դարձնէ (կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15. տե՛ս Բացատրութիւն 8

6. Հրեշտակ մը ինչպէ՞ս Աստուծոյ թշնամին դարձաւ։

6 Այդ հրեշտակին հետ ճիշդ նոյնը եղաւ։ Երբ Եհովան Ադամն ու Եւան ստեղծեց, անոնց ըսաւ որ զաւակներ ունենան եւ ‘երկիրը լեցնեն’ (Ծննդոց 1։27, 28)։ Այդ հրեշտակը թերեւս մտածեց. ‘Այս բոլո՜ր մարդիկը կրնան Եհովային տեղ զի՛ս պաշտել’։ Ան ասոր մասին որքա՛ն աւելի մտածէր, այնքա՛ն աւելի կ’ուզէր բան մը՝ որ Եհովային կը պատկանի։ Այդ հրեշտակը ուզեց որ մարդիկ զինք պաշտեն, անոր համար Եւան խաբեց (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5)։ Այսպէս՝ ան դարձաւ Բանսարկու Սատանայ՝ Աստուծոյ թշնամին։

7. ա) Ադամն ու Եւան ինչո՞ւ մեռան։ բ) Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։

7 Աստուած Ադամն ու Եւան արգիլած էր որոշ պտուղ ուտելէ։ Ան ըսած էր որ եթէ ուտէին պիտի մեռնէին։ Բայց անոնք այդ պտուղը կերան (Ծննդոց 2։17. 3։6)։ Այսպէս՝ անոնք Եհովային դէմ մեղք գործեցին եւ վերջը մեռան (Ծննդոց 3։17-19)։ Ադամին ու Եւային զաւակներն ալ մեռան, քանի որ մեղաւորներ էին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Բացատրենք. երեւակայէ որ կարկանդակ կ’եփես կաղապարի մը մէջ, որ փոս ունի։ Կարկանդակը նոյն փոսը պիտի ունենայ։ Գալով Ադամին, երբ ան Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, մեղաւոր դարձաւ։ Եւ քանի՛ որ իր զաւակներն ենք, ծնած ենք այդ նոյն «փոս»ով որ ինք ունէր. այսինքն՝ մեղքով։ Անոր համար է որ կը ծերանանք ու կը մեռնինք (Հռովմայեցիս 3։23. տե՛ս Բացատրութիւն 9

8, 9. ա) Սատանան ուզեց որ Ադամն ու Եւան ինչի՞ հաւատան։ բ) Եհովան ինչո՞ւ ըմբոստները անմիջապէս չմեռցուց։

8 Երբ Սատանան Ադամն ու Եւան դրդեց որ Եհովային չհնազանդին, ան առաջինն էր որ Եհովային դէմ ըմբոստացաւ կամ դէմ ելաւ։ Սատանան ուզեց որ անոնք հաւատան, որ Եհովան ստախօս է եւ գէշ իշխող մը, որ իրենց լաւ ըլլալը չ’ուզեր։ Ան ըսել կ’ուզէր թէ մարդիկ Աստուծոյ պէտք չունին եւ թէ Ադամն ու Եւան իրե՛նք պէտք է որոշեն, որ ինչը ճիշդ է եւ ինչը՝ սխալ։ Լաւ, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան կրնար այդ ըմբոստները մեռցնել եւ ըմբոստութեան վերջ դնել։ Բայց եթէ այդպէս ընէր, փաստուած պիտի ըլլա՞ր որ Սատանան ստախօս է։ Ո՛չ։

9 Անոր համար Եհովան զանոնք անմիջապէս չմեռցուց, հապա ձգեց որ ժամանակ մը մարդիկ իրենք իրենց վրայ իշխեն։ Այսպիսով, յստակ պիտի դառնար թէ Սատանան ստախօս է եւ թէ Եհովան գիտէ մարդոց համար ինչն է լաւագոյնը։ Ասոր մասին աւելի պիտի սորվինք 11–րդ դասին մէջ։ Բայց ի՞նչ կ’ըսես. երբ Ադամն ու Եւան Սատանային հաւատացին եւ Աստուծոյ չհնազանդեցան, ճիշդ ըրի՞ն։ Եհովան Ադամին ու Եւային ամէ՛ն բան տուած էր. կատարեալ կեանք, ապրելու համար գեղեցիկ վայր եւ հաճելի գործ։ Իսկ Սատանան անոնց համար բնա՛ւ լաւ բան չէր ըրած։ Եթէ դուն իրենց տեղը ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։

10. Ամէն մէկս ի՞նչ կարեւոր որոշում պէտք է առնէ։

10 Այսօր, ամէն մէկս այս տեսակ որոշումի մը առջեւ ենք. եւ մեր կեանքը կախեալ է այդ որոշումէն։ Կա՛մ կրնանք որոշել Եհովային հնազանդիլ եւ այսպէս փաստել որ Սատանան ստախօս է, կամ ալ կրնանք որոշել որ Սատանա՛ն ըլլայ մեր իշխանը (Սաղմոս 73։28. կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Ցաւալի է որ աշխարհի մէջ շատ քիչեր Աստուծոյ կը հնազանդին։ Եւ իրականութեան մէջ, Աստուած աշխարհին իշխանը չէ։ Լաւ, ո՞վ է։

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ Ո՞Վ Կ’ԻՇԽԷ

Եթէ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները Սատանային չէին պատկաներ, ան կրնա՞ր անոնք Յիսուսին առաջարկել

11, 12. ա) Սատանային առաջարկէն ի՞նչ կը հասկնանք։ բ) Ո՞ր համարները կը փաստեն որ Սատանա՛ն աշխարհին վրայ կ’իշխէ։

11 Յիսուս գիտէ՛ր աշխարհին վրայ ով կ’իշխէ։ Առիթով մը, Սատանան «ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ Ետքը, ան Յիսուսին խոստացաւ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս [կամ խոնարհիս]՝ ինծի երկրպագութիւն ընես» (Մատթէոս 4։8, 9. Ղուկաս 4։5, 6)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ այդ թագաւորութիւնները Սատանային չպատկանէին, ան կրնա՞ր ատոնք Յիսուսին առաջարկել’։ Ո՛չ։ Ուրեմն բոլոր կառավարութիւնները Սատանային կը պատկանին։

12 Թերեւս մտածես. ‘Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ աշխարհին իշխանը Սատանան է։ Եհովան չէ՞ Ամենակալ Աստուածը, որ տիեզերքը ստեղծեց’ (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Այո՛, Եհովան է. բայց Յիսուս յստակօրէն ըսաւ, որ «այս աշխարհին իշխանը» Սատանան է (Յովհաննէս 12։31. 14։30. 16։11)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ Բանսարկու Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։ Եւ Յովհաննէս առաքեալ գրեց, որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է [կամ Չարին իշխանութեան տակ է]» (Ա. Յովհաննէս 5։19

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ

13. Ինչո՞ւ նոր աշխարհի մը պէտք ունինք։

13 Այս աշխարհը օրէ օր աւելի վտանգաւոր կը դառնայ։ Ամէն տեղ կայ պատերազմ, խարդախութիւն, կեղծաւորութիւն եւ վայրագութիւն։ Մարդիկ որքա՛ն ալ ջանք թափեն, չեն կրնար այդ խնդիրներուն վերջ դնել. բայց Եհովան կրնայ։ Ան շուտով այս չար աշխարհը պիտի կործանէ Արմագեդոն պատերազմով եւ անոր տեղ պիտի հաստատէ նոր աշխարհ մը, ուր արդարութիւն պիտի տիրէ (Յայտնութիւն 16։14-16. տե՛ս Բացատրութիւն 10

14. Աստուած ո՞վ ընտրած է որ իր Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ մարգարէացած էր Յիսուսին մասին։

14 Եհովա Աստուած երկիրը աւելի լաւ վայր մը պիտի ընէ իր երկնային կառավարութեան միջոցաւ։ Այդ կառավարութիւնը ճանչցուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Աստուած Յիսուս Քրիստոսը ընտրած է, որ այդ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, Սուրբ Գիրքը մարգարէացած էր թէ Յիսուս պիտի իշխէր որպէս «Խաղաղութեան Իշխան» եւ թէ անոր իշխանութիւնը բնա՛ւ վերջ պիտի չգտնէր (Եսայի 9։6, 7)։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այդ կառավարութեան մասին աղօթեն, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։108–րդ դասին մէջ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։ Ետքը անիկա երկիրը գեղեցիկ դրախտի պիտի վերածէ (տե՛ս Բացատրութիւն 11

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄՕ՛Տ Է

15. Ի՞նչ է «նոր երկիր»ը։

15 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ խոստումին համաձայն «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13. Եսայի 65։17)։ Երբեմն Աստուածաշունչը «երկիր» բառով ըսել կ’ուզէ երկրի վրայ ապրող մարդիկը (Ծննդոց 11։1)։ Ուրեմն, երբ կարդանք արդար «նոր երկիր» արտայայտութիւնը, կը հասկնանք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ կը հնազանդին եւ իրմէ կ’օրհնուին։

16. Աստուած ի՞նչ գեղեցիկ նուէր պիտի տայ անոնց, որոնք իր նոր աշխարհին մէջ պիտի ապրին, եւ ի՞նչ պէտք է ընենք որ այդ նուէրը տրուի մեզի։

16 Յիսուս խոստացաւ որ «յաւիտենական կեանք» պիտի տրուի անոնց՝ որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ պիտի ապրին (Մարկոս 10։30)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք որ այդ նուէրը տրուի մեզի։ Պատասխանը գիտնալու համար, հաճիս կարդա՛ Յովհաննէս 3։16–ը եւ 17։3–ը։ Տեսնենք որ, Սուրբ Գիրքին համաձայն, կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ։

17, 18. Ուրկէ՞ գիտենք թէ երկրի վրայ ամէն տեղ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ եւ թէ մենք ապահով պիտի զգանք։

17 Չարութիւնը, պատերազմը, ոճիրը եւ վայրագութիւնը վերջ պիտի գտնեն։ Երկրի վրայ չար մարդ պիտի չմնայ (Սաղմոս 37։10, 11)։ Աստուած ‘պատերազմները պիտի դադրեցնէ մինչեւ երկրին ծայրը’ (Սաղմոս 46։9. Եսայի 2։4)։ Երկրի վրայ պիտի ապրին Աստուած սիրող եւ անոր հնազանդող մարդիկ։ Եւ յաւիտեան խաղաղութիւն պիտի ըլլայ (Սաղմոս 72։7

18 Եհովային ժողովուրդը ապահով պիտի զգայ։ Անցեալին, երբ իսրայէլացիները Աստուծոյ հնազանդէին, ապահով կ’ապրէին, քանի որ Աստուած զիրենք կը պաշտպանէր (Ղեւտացւոց 25։18, 19)։ Մենք ալ Դրախտին մէջ բանէ մը կամ մէկէ մը պիտի չվախնանք եւ միշտ ապահով պիտի զգանք (կարդա՛ Եսայի 32։18. Միքիա 4։4

19. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։

19 Առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ», նոյնիսկ «լեռներուն գլուխը» (Սաղմոս 72։16)։ Եհովան՝ «մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ» եւ «երկիր իր պտուղը պիտի տայ» (Սաղմոս 67։6

20. Ուրկէ՞ գիտենք որ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։

20 Ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։ Մարդիկ գեղեցիկ տուներ եւ պարտէզներ պիտի ունենան (կարդա՛ Եսայի 65։21-24. Յայտնութիւն 11։18)։ Ամբողջ երկիրը Եդեմի պարտէզին պէս գեղեցիկ վայր մը պիտի ըլլայ։ Եհովան մեզի միշտ պէտք եղածը պիտի տայ։ Աստուածաշունչը իր մասին կ’ըսէ, որ ‘իր ձեռքը կը բանայ եւ ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնէ’ (Սաղմոս 145։16

21. Ուրկէ՞ գիտենք որ մարդոց եւ անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։

21 Մարդոց եւ անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Անասունները այլեւս մարդոց վնաս պիտի չհասցնեն։ Պզտիկները այլեւս պիտի չվախնան նոյնիսկ այն անասուններէն, որոնք այսօր վտանգաւոր են (կարդա՛ Եսայի 11։6-9. 65։25

22. Յիսուս հիւանդներուն ի՞նչ պիտի ընէ։

22 Մէ՛կը հիւանդ պիտի չըլլայ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան շատ մարդիկ բժշկեց (Մատթէոս 9։35. Մարկոս 1։40-42. Յովհաննէս 5։5-9)։ Բայց որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, ան բոլո՛ր մարդիկը պիտի առողջացնէ։ Այլեւս մէ՛կը պիտի չ’ըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսայի 33։24. 35։5, 6

23. Աստուած մեռելներուն ի՞նչ պիտի ընէ։

23 Մեռելները նորէն պիտի ապրին։ Աստուած կը խոստանայ որ միլիառաւոր մեռելներու յարութիւն պիտի տայ։ «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15. կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29

24. Երբ Դրախտին մէջ ապրելու խոստումին մասին մտածես, ի՞նչ կը զգաս։

24 Բոլորս որոշումի մը առջեւ ենք. կա՛մ կրնանք որոշել Եհովային մասին գիտնալ եւ իր ուզածը ընել, կամ ալ կրնանք զինք անտեսել եւ մե՛ր ուզածը ընել։ Եթէ որոշենք Եհովային ծառայել, շատ լաւ ապագայ մը կրնանք ունենալ։ Երբ մարդ մը Յիսուսէն խնդրեց որ իր մահէն ետք զինք յիշէ, Յիսուս անոր խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք թէ ո՛վ է Յիսուս Քրիստոս եւ թէ ան ինչպէ՛ս Աստուծոյ հիանալի խոստումները պիտի կատարէ։