Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Միասեռականութիւնը սխա՞լ է

Միասեռականութիւնը սխա՞լ է

«Մինչ կը մեծնայի, մեծ խնդիրներէս մէկը այն էր, որ ուրիշ տղաներով կը հրապուրուէի։ Կը խորհէի որ այդ զգացումները ժամանակաւոր են, բայց տակաւին նոյն բանը կը զգամ» (Տէյվիտ, 23)։

Տէյվիտը քրիստոնեայ մըն է, որ կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել։ Ան կրնա՞յ Աստուած հաճեցնել, մինչ ուրիշ տղաներով կը հրապուրուի։ Աստուած միասեռականութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ։

 Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ

Միասեռականութեան նկատմամբ մարդոց կարծիքը մշակոյթէ մշակոյթ կամ ժամանակէ ժամանակ կը տարբերի։ Բայց քրիստոնեաները իրենց կարծիքները չեն հիմներ մարդոց մեծամասնութեան մտածումներուն վրայ, ոչ ալ «զանազան վարդապետութեանց հովերէն կը քշուին» (Եփեսացիս 4։14, ՆԹ)։ Փոխարէնը, անոնք միասեռական վարքի (եւ ուրիշ որեւէ վարքի) նկատմամբ իրենց կարծիքը կը հիմնեն Սուրբ Գիրքին դրած չափանիշներուն վրայ։

Միասեռական արարքներու նկատմամբ Սուրբ Գիրքին չափանիշը յստակ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ.

  • «Արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր» (Ղեւտացւոց 18։22

  • «Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սրտի ցանկութիւններով... անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։ Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներու հետ փոխանակեցին» (Հռովմայեցիս 1։24, 26, ՆԹ

  • «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ չափանիշները բոլոր մարդոց կը կիրարկուին, անոնց ցանկութիւնները ըլլան նո՛յն սեռի կամ հակառակ սեռի հանդէպ։ Բոլորն ալ ատեն–ատեն անվայել բաներ ընելու ցանկութիւններ կ’ունենան, բայց պէ՛տք է զանոնք զսպեն, Աստուած հաճեցնելու համար (Կողոսացիս 3։5

 Ատիկա կը նշանակէ՞, որ՝

Ատիկա կը նշանակէ՞, որ միասեռականները պէտք է ատենք։

Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, Սուրբ Գիրքը չ’ուզեր որ ատենք ոեւէ մէկը, ըլլա՛յ միասեռական կամ ոչ։ Անիկա մեզի կ’ըսէ, որ ‘խաղաղութեան ետեւէ ըլլանք ամենուն հետ’, առանց նկատի առնելու անոնց ապրելակերպը (Եբրայեցիս 12։14)։ Ուստի, սխալ է անհատներու հետ գէշ կերպով վարուիլ, պարզապէս քանի որ միասեռական են։

Ատիկա կը նշանակէ՞, որ քրիստոնեաները պէտք է դէմ դնեն այն օրէնքներուն, որոնք կ’արտօնեն նոյն սեռի պատկանող անհատներու ամուսնութիւնը։

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ չափանիշն է, որ ամուսնութիւնը ըլլայ մէկ մարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ (Մատթէոս 19։4-6)։ Կառավարութիւնը ամուսնութեան նկատմամբ օրէնքներ կը դնէ, հիմնուելով մարդկային գաղափարներու վրայ։ Որովհետեւ Սուրբ Գիրքը քրիստոնեաներէն կը պահանջէ, որ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնան, անոնք ո՛չ կը պաշտպանեն, ոչ ալ դէմ կը դնեն կառավարական այն օրէնքներուն, որոնք կապ ունին նոյն սեռի պատկանող անհատներու ամուսնութեան կամ միասեռական վարքին հետ (Յովհաննէս 18։36

 Ուրիշ հարցումներ

Եթէ մէկը ներկայիս միասեռական է, կրնա՞յ փոխուիլ։

Այո՛։ Իրականութեան մէջ, առաջին դարուն կարգ մը միասեռականներ փոխուեցան։ Ըսելէ ետք, որ միասեռականները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն, Սուրբ Գիրքը կ’աւելցնէ. «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք» (Ա. Կորնթացիս 6։11

Ասիկա կը նշանակէ՞, որ անոնք՝ որոնք միասեռական ըլլալէ դադրեցան, այլեւս բնա՛ւ չզգացին, որ կ’ուզեն իրենց առաջուան ապրելակերպին վերադառնալ։ Ո՛չ։ Փոխուիլը կը պահանջէ շարունակ ջանք թափել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած» (Կողոսացիս 3։10)։ Այո, նոր անձնաւորութիւնը հագուիլը շարունակական է։

Ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ անհատ մը կ’ուզէ Աստուծոյ չափանիշին հետեւիլ, բայց տակաւին միասեռական ցանկութիւններ ունի։

Ինչպէս որեւէ ցանկութեան պարագային, անհատը կրնայ ընտրել որ չշարունակէ մտածել այդ ցանկութիւններուն մասին եւ չվարուի անոնց համաձայն։ Ինչպէ՞ս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք» (Գաղատացիս 5։16

Նկատէ թէ համարը չ’ըսեր, թէ անհատը մարմնական ցանկութիւն պիտի չունենայ։ Փոխարէնը, Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար սերտելով եւ աղօթելով, ան զօրութիւնը պիտի ունենայ այդ ցանկութիւններուն դէմ դնելու։

Յօդուածին սկիզբը յիշուած Տէյվիտը այս կէտին ճիշդ ըլլալը տեսաւ, մանաւանդ իր խնդիրին մասին խօսելէ ետք իր քրիստոնեայ ծնողքին հետ։ Ան կ’ըսէ. «Ուսերէս ծանր բեռ մը իջաւ, եւ հաւանաբար պատանեկան տարիներս աւելի պիտի վայելէի, եթէ ծնողքիս հետ աւելի կանուխ խօսէի»։

Ի վերջոյ, աւելի ուրախ կ’ըլլանք, երբ Եհովայի չափանիշներուն կը հետեւինք։ Համոզուած ենք, որ անոնք «շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն», եւ «զանոնք պահելուն վարձքը շատ է» (Սաղմոս 19։8, 11