Թող ժողովքը Եհովան փառաբանէ
Թող ժողովքը Եհովան փառաբանէ
«Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ իտի գովեմ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2։12
1, 2. Ժողովքը ինչո՞ւ օգտաշատ է, եւ անոր բանալի դերը ի՞նչ է։
ԱՄԲՈՂՋ պատմութեան ընթացքին, անհատներ ընտանեկան միաւորին մէջ ընկերակցութիւն եւ ապահովութիւն գտած են։ Սակայն Աստուածաշունչը կը բնորոշէ այլ միաւոր մը, որուն մէջ ներկայիս անհամար մարդիկ աշխարհի չորս կողմը կը վայելեն բացառիկ ընկերակցութիւն եւ ապահովութիւն։ Անիկա քրիստոնէական ժողովքն է։ Սերտ եւ աջակցող ընտանիքի մէկ անդամը ըլլա՛ս կամ ոչ, ժողովքին միջոցաւ Աստուծոյ հայթայթածները կրնաս գնահատել ու պէտք է գնահատես։ Անշուշտ, եթէ արդէն Եհովայի Վկաներու ժողովքի մը կ’ընկերակցիս, հաւանաբար կրնաս վկայել այն ջերմ ընկերակցութեան եւ ապահովութեան մասին, զոր հոն կը վայելես։
2 Ժողովքը պարզապէս ընկերային խմբակ մը չէ։ Անիկա համայնքային ընկերութիւն կամ ակումբ չէ, ուր համանման ենթահող, մարզական հետաքրքրութիւն կամ նախասիրութիւն ունեցող մարդիկ իրարու քով կը հաւաքուին։ Փոխարէն, ժողովքը գլխաւորաբար Եհովա Աստուած փառաբանելու համար է։ Այս է պարագան հինէն ի վեր, ինչպէս Սաղմոսաց գիրքը կ’ընդգծէ։ Սաղմոս 35։18–ի մէջ, կը կարդանք. «Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ, մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ»։ Նոյնպէս, Սաղմոս 107։31, 32–ը մեզ կը քաջալերէ. «Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։ Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին [«համախմբումին», ԱՎ] մէջ»։
3. Պօղոսի համաձայն, ժողովքը ի՞նչ կ’ընէ։
3 Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ ժողովքին ուրիշ էական մէկ դերը ընդգծեց, երբ «Աստուծոյ տան» ակնարկութիւն ըրաւ, «որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին [«ժողովքն», ՆԱ] է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Պօղոս ո՞ր եկեղեցիին կամ ժողովքին մասին կը խօսէր։ Աստուածաշունչը ի՞նչ իմաստներով կը գործածէ «ժողովք» բառը։ Եւ ասիկա մեր կեանքին ու հեռանկարներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ։ Նախ քննենք Աստուծոյ Խօսքին մէջ «ժողով(ք)» բառին գործածութիւնները։
4. Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, «ժողով(ք)» բառը յաճախ ի՞նչ կերպով գործածուած է։
4 Յաճախ «ժողով(ք)» թարգմանուած Եբրայերէն բառին արմատը կը նշանակէ՝ «հաւաքել» կամ «համախմբել»։ (Բ. Օրինաց 4։10. 9։10) Սաղմոսերգուն «ժողով(ք)» բառը գործածեց երկնքի մէջ եղող հրեշտակներուն առնչութեամբ, եւ անիկա կրնայ գործածուիլ չար մարդոց համար։ (Սաղմոս 26։5. 89։5-7) Սակայն շատ յաճախ Եբրայերէն Գրութիւնները զայն կը կիրարկեն Իսրայելացիներուն։ Աստուած նշեց թէ Յակոբ «ժողովուրդներու համախմբում մը» պիտի ըլլար, եւ այդպէս ալ եղաւ։ (Ծննդոց 28։3, ԱՎ. 35։11. 48։4, ԱՎ) Իսրայելացիները կանչուեցան կամ ընտրուեցան «Աստուծոյ ժողովարան»ը, «Տէրոջը ժողով»ը ըլլալու։—Թուոց 20։4. Նէեմիա 13։1. Յեսու 8։35. Ա. Թագաւորաց 17։47. Միքիա 2։5
5. Յունարէն ո՞ր բառը սովորաբար «ժողով(ք)» թարգմանուած է, եւ այս բառը ի՞նչ իմաստներով կրնայ գործածուիլ։
5 Համապատասխան Յունարէն բառն է՝ էք·քլէ·սիա, կազմուած՝ Յունարէն երկու բառերէ, որոնք կը նշանակեն՝ «դուրս» եւ «կանչել»։ Անիկա կրնայ կիրարկուիլ աշխարհիկ խումբի մը, ինչպէս՝ Եփեսոսի մէջ Պօղոսի դէմ Դեմետրիոսի դրդած «ժողովը»։ (Գործք 19։32, 39, 40) Բայց Աստուածաշունչը ընդհանրապէս զայն կը գործածէ քրիստոնէական ժողովքին համար։ Կարգ մը թարգմանութիւններ, ի ներառեալ՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը, այս բառը կը թարգմանեն «եկեղեցի», բայց բառարան մը (The Imperial Bible-Dictionary) կը նշէ թէ անիկա «երբեք . . . չ’ակնարկեր այն շէնքին, ուր հանրային պաշտամունքի համար Քրիստոնեաներ կը հաւաքուէին»։ Սակայն հետաքրքրական է որ քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «ժողով(ք)» բառը, առնուազն չորս իմաստներով գործածուած է։
Աստուծոյ օծեալ ժողովքը
6. Դաւիթ ու Յիսուս ժողովին մէջ ի՞նչ ըրին։
6 Սաղմոս 22։22–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքերը Յիսուսի կիրարկելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «‘Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ’։ Անոր համար [Յիսուս] պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ»։ (Եբրայեցիս 2։12, 17) Դաւիթ Աստուած փառաբանած էր վաղեմի Իսրայէլի ժողովին մէջ։ (Սաղմոս 40։9) Սակայն Պօղոս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ ըսաւ թէ Յիսուս «ժողովին մէջ» Աստուած գովեց։ Ո՞ր ժողով(ք)ը։
7. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ո՞ր գլխաւոր իմաստով «ժողով(ք)» բառը կը գործածեն։
7 Եբրայեցիս 2։12, 17–ի խօսքերը նշանակալից են։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս պարփակուած էր ժողովքի մը մէջ, ուր Աստուծոյ անունը իր եղբայրներուն յայտարարեց։ Ո՞վ էին այս եղբայրները։ Անոնք «Աբրահամին սերունդին» մաս կը կազմէին, Քրիստոսի հոգիէն–օծուած եղբայրները, «երկնային կոչումին մասնակիցներ»ն էին։ (Եբրայեցիս 2։16–3։1. Մատթէոս 25։40) Այո, քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «ժողով(ք)» բառին գլխաւոր իմաստն է՝ Քրիստոսի հոգիէն–օծուած հետեւորդներէն բաղկացած խումբը։ Այս 144,000 օծեալները կը կազմեն «երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողով»ը։—Եբրայեցիս 12։23
8. Յիսուս ի՞նչպէս քրիստոնէական ժողովքին կազմուելուն ակնարկութիւն ըրաւ։
8 Յիսուս այս քրիստոնէական «ժողով(ք)»ին կազմուիլը նշեց։ Իր մահէն շուրջ տարի մը առաջ, ան իր առաքեալներէն մէկուն ըսաւ. «Դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն»։ (Մատթէոս 16։18) Թէ՛ Պետրոս եւ թէ Պօղոս շիտակ կերպով հասկցան թէ այդ վէմը Յիսուսն էր։ Պետրոս գրեց թէ վէմին՝ Քրիստոսի վրայ շինուած հոգեւոր տան մը «կենդանի քարեր»ը՝ ‘սեփական ժողովուրդ մըն էին, որպէս զի հռչակէին անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք կանչեց’։—Ա. Պետրոս 2։4-9. Սաղմոս 118։22. Եսայի 8։14. Ա. Կորնթացիս 10։1-4
9. Աստուծոյ ժողովքը ե՞րբ սկսաւ կազմուիլ։
9 Այս «սեփական ժողովուրդ»ը ե՞րբ սկսաւ քրիստոնէական ժողովքը կազմել։ Անիկա Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին տեղի ունեցաւ, երբ Աստուած Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափեց։ Նոյն օրը աւելի ուշ, Պետրոս Հրեաներէ ու նորադարձներէ բաղկացած խումբի մը ազդեցիկ բանախօսութիւն մը տուաւ։ Շատեր Յիսուսի մահուան համար իրենց սրտերուն մէջ զղջացին եւ մկրտուեցան։ Պատմական տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնց թիւը երեք հազար էր, եւ անոնք Աստուծոյ նոր ու աճող ժողովքին մաս կազմեցին։ (Գործք 2։1-4, 14, 37-47) Անիկա կ’աճէր քանի որ հետզհետէ աւելի Հրեաներ ու նորադարձներ կ’ընդունէին այն իրողութիւնը՝ թէ մարմնաւոր Իսրայէլը այլեւս Աստուծոյ ժողովքը չէր։ Փոխարէն, «Աստուծոյ [հոգեւոր] Իսրայէլ»ը կազմող օծեալ Քրիստոնեաները՝ Աստուծոյ ճշմարիտ ժողովքը դարձած էին։—Գաղատացիս 6։16. Գործք 20։28
10. Յիսուս ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ ժողովքին հետ։
10 Աստուածաշունչը յաճախ Յիսուսի եւ օծեալներուն միջեւ զանազանութիւն մը կը դնէ, ինչպէս սա նախադասութեան մէջ՝ «Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով»։ Յիսուս հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաներէ բաղկացած այս ժողովքին Գլուխն է։ Պօղոս գրեց թէ Աստուած Յիսուսը «որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ Եկեղեցին անոր մարմինն է»։ (Եփեսացիս 1։22, 23. 5։23, 32. Կողոսացիս 1։18, 24) Ներկայիս, երկրի վրայ այս ժողովքին օծեալ անդամներէն միայն պզտիկ մնացորդ մը կայ, եւ վստահ ենք թէ անոնց Գլուխը՝ Յիսուս Քրիստոս զիրենք կը սիրէ։ Անոնց հանդէպ իր զգացումները նկարագրուած են Եփեսացիս 5։25–ի մէջ. «Քրիստոս սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ Ան զիրենք կը սիրէ, քանի որ գործօն կերպով ‘Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ կը մատուցանեն, այսինքն իրենց շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին’, ինչպէս Յիսուս ըրաւ երբ երկրի վրայ էր։—Եբրայեցիս 13։15
«Ժողով(ք)» բառին այլ իմաստները
11. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները «ժողով(ք)» բառը ո՞ր երկրորդ իմաստով կը գործածեն։
11 Երբեմն Աստուածաշունչը «ժողով(ք)» բառը կը գործածէ աւելի սահմանափակ առումով մը, չկիրարկելով զայն «Աստուծոյ ժողովք»ը կազմող 144,000 օծեալներու ամբողջ խումբին։ Օրինակ, Պօղոս Քրիստոնեաներու խումբի մը գրեց. «Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին [«ժողովքին», ՆԱ]»։ (Ա. Կորնթացիս 10։32) Բացայայտ է որ եթէ վաղեմի Կորնթոսի մէջ Քրիստոնեայ մը անպատշաճ վարմունք ունենար, կրնար գայթակղութեան պատճառ ըլլալ ոմանց։ Սակայն անոր արարքը կրնա՞ր գայթակղութեան պատճառ ըլլալ բոլո՛ր հեթանոսներուն, Հրեաներուն կամ օծեալներուն, այդ օրուընէ մինչեւ այսօր։ Անշուշտ ոչ։ Ուստի կը թուի թէ այս համարին մէջ «Աստուծոյ ժողովք»ը կը կիրարկուի որոշ ժամանակի մէջ ապրող Քրիստոնեաներու։ Հետեւաբար կարելի է նշել թէ Աստուած կ’առաջնորդէ, կը հոգայ կամ կ’օրհնէ ժողովքը, ըսել ուզելով՝ որոշ ժամանակի մէջ ապրող բոլոր Քրիստոնեաները, ո՛ւր որ ալ ըլլան։ Կամ, ներկայիս կրնա՛նք խօսիլ Աստուծոյ ժողովքին մէջ տիրող երջանկութեան ու խաղաղութեան մասին, ակնարկելով՝ քրիստոնէական ամբողջ եղբայրութեան։
12. Աստուածաշունչին մէջ «ժողով(ք)» բառը ո՞ր երրորդ իմաստով գործածուած է։
12 Աստուածաշունչը «ժողով(ք)» բառը երրորդ կերպով մը կը գործածէ, կիրարկելով աշխարհագրական շրջանի մը մէջ գտնուող բոլոր Քրիստոնեաներուն։ Կը կարդանք. «Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր»։ (Գործք 9։31, Անթիլիաս) Այդ մեծ տարածքին մէջ մէկէ աւելի քրիստոնէական խումբեր կային, բայց Հրէաստանի, Գալիլիոյ եւ Սամարիոյ մէջ գտնուող բոլորին մասին խօսուեցաւ որպէս «եկեղեցին» կամ ժողովքը։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին եւ անկէ քիչ ետք մկրտուողներուն թիւին ի տես, Երուսաղէմի շրջանին մէջ կանոնաւորաբար հաւաքուող մէկէ աւելի խումբեր ըլլալու էին։ (Գործք 2։41, 46, 47. 4։4. 6։1, 7) Հերովդէս Ագրիպպաս Ա. Հրէաստանի վրայ իշխեց մինչեւ իր մահը Հ.Դ. 44–ին, եւ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։14–էն յստակ է թէ առնուազն Հ.Դ. 50–ին, Հրէաստանի մէջ մի քանի ժողովքներ կային։ Հետեւաբար, երբ կը կարդանք թէ Հերովդէս «սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել», ասիկա կրնայ ակնարկել Երուսաղէմի մէջ հաւաքուող քանի մը խումբերու։—Գործք 12։1
13. Աստուածաշունչը ո՞ր չորրորդ ու սովորական կերպով կը գործածէ «ժողով(ք)» բառը։
13 Չորրորդ կերպը, «ժողով(ք)» բառին աւելի սահմանափակ ու սովորական գործածութիւնը կ’ակնարկէ՝ տեղական ժողովք մը կազմող Քրիստոնեաներու, ինչպէս՝ տան մը մէջ հաւաքուող։ Պօղոս նշեց «Գաղատիոյ եկեղեցիներ»ը կամ ժողովքները։ Հռովմէական այդ մեծ նահանգին մէջ մէկէ աւելի տեղական ժողովքներ կային։ Պօղոս Գաղատիայի առնչութեամբ երկու անգամ գործածեց «ժողովքներ» յոգնակի բառը, Ա. Կորնթացիս 16։1. Գաղատացիս 1։2. Գործք 14։18-22) Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն, այդ բոլորը «Աստուծոյ եկեղեցիները» կամ ժողովքներն էին։—Ա. Կորնթացիս 11։16. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։4
որ կրնար պարփակել Անտիոքի, Դերբէի, Լիւստրայի եւ Իկոնիոնի մէջ գտնուող ժողովքները։ Այս տեղական ժողովքներուն մէջ որակեալ երէցներ կամ տեսուչներ նշանակուեցան։ (14. Կարգ մը համարներու մէջ «ժողով(ք)» բառին գործածութենէն ի՞նչ կ’եզրակացնենք։
14 Կարգ մը պարագաներուն, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ եղող խումբը փոքր ըլլալու էր, սեփական տան մը մէջ բաւելով։ Այսուհանդերձ «ժողով(ք)» բառը այսպիսի խումբերէ ոմանց կիրարկուեցաւ։ Մեր գիտցածներն են՝ Ակիւղասի ու Պրիսկէի, Նիմփասի եւ Փիլիմոնի տուներուն մէջ եղող ժողովքները։ (Հռովմայեցիս 16։3-5. Կողոսացիս 4։15. Փիլիմոն 2) Ասիկա քաջալերութեան աղբիւր պէտք է ըլլայ այն տեղական ժողովքներուն, որոնք ներկայիս բաւական փոքր են եւ թերեւս կանոնաւորաբար սեփական տան մը մէջ կը հաւաքուին։ Եհովա առաջին դարու փոքր ժողովքները ճանչցաւ, եւ վստահաբար այսօր ալ նոյնը կ’ընէ, փոքր ժողովքները իր հոգիով օրհնելով։
Ժողովքները Եհովան կը փառաբանեն
15. Կարգ մը նախկին ժողովքներուն մէջ, սուրբ հոգիին ներգործութիւնը ի՞նչպէս յայտնուեցաւ։
15 Նկատեցինք թէ Սաղմոս 22։22–ի կատարման մէջ, Յիսուս ժողովքին մէջ Աստուած փառաբանեց։ (Եբրայեցիս 2։12) Իր հաւատարիմ հետեւորդներն ալ նոյնը պէտք էր ընէին։ Առաջին դարուն, երբ ճշմարիտ Քրիստոնեաները սուրբ հոգիով օծուեցան, Աստուծոյ որդիները եւ Քրիստոսի եղբայրները ըլլալու, ոմանց մէջ սուրբ հոգին յաւելեալ ու մասնայատուկ կերպով մը ներգործեց։ Անոնք հոգիին հրաշալի պարգեւները ստացան, ինչպէս՝ մասնայատուկ իմաստութիւն կամ գիտութիւն, բուժելու կամ մարգարէանալու զօրութիւն, կամ նոյնիսկ իրենց անծանօթ եղող լեզուներով խօսելու կարողութիւն։—Ա. Կորնթացիս 12։4-11
16. Հոգիին հրաշալի պարգեւներուն նպատակներէն մէկը ի՞նչ էր։
16 Լեզուով մը խօսելու նկատմամբ, Պօղոս ըսաւ. «Սաղմոս պիտի երգեմ հոգիով, սաղմոս պիտի երգեմ միտքո՛վ ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 14։15, ԱՎ) Ան գիտակցեցաւ թէ կարեւոր էր որ ուրիշներ իր խօսքերը հասկնային, որպէսզի կարենային ուսուցանուիլ։ Պօղոսի նպատակակէտն էր՝ ժողովքին մէջ Եհովան փառաբանել։ Ան հոգիին պարգեւները ունեցող անհատները յորդորեց. «Եկեղեցիին շինութեանը համար խնդրեցէք որ աւելնաք նոյն պարգեւներովը», ըսել ուզելով տեղական ժողովքը, ուր պարգեւը կը յայտնէին։ (Ա. Կորնթացիս 14։4, 5, 12, 23) Բացայայտ է որ Պօղոս տեղական ժողովքներով հետաքրքրուած էր, գիտնալով որ իւրաքանչիւրին մէջ Քրիստոնեաները Աստուած փառաբանելու առիթներ ունէին։
17. Ինչ կը վերաբերի ներկայ տեղական ժողովքներուն, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
17 Եհովա կը շարունակէ իր ժողովքը գործածել ու անոր թիկունք կանգնիլ։ Ներկայիս, ան կ’օրհնէ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաներու խումբը։ Ասոր մէկ ապացոյցն է ճոխ հոգեւոր սնունդը, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը վայելէ։ (Ղուկաս 12։42) Ան համաշխարհային եղբայրութիւնը ամբողջութեամբ կ’օրհնէ։ Եւ ան տեղական ժողովքները կ’օրհնէ, ուր մեր Ստեղծիչը կը փառաբանենք մեր գործերով ու հոգեւոր շինիչ մեկնաբանութիւններով։ Հոն կը ստանանք կրթութիւն ու մարզում, որպէսզի կարենանք Աստուած փառաբանել այլ առիթներով, երբ ֆիզիքապէս մեր ժողովքին մէջ չենք։
18, 19. Որեւէ տեղական ժողովքի մէջ, նուիրեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ կ’ուզեն ընել։
18 Մտաբերէ թէ Պօղոս առաքեալ Մակեդոնիոյ Փիլիպպէի ժողովքին Քրիստոնեաները յորդորեց, ըսելով. «Կ’աղօթեմ որ . . . արդարութեան պտուղներով [լեցուիք] Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար»։ Ասիկա պիտի պարփակէր՝ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքին ու հոյակապ յոյսին մասին խօսիլ դրսեցիներուն։ (Փիլիպպեցիս 1։9-11. 3։8-11) Հետեւաբար Պօղոս Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «[Յիսուսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։—Եբրայեցիս 13։15
19 Յիսուսի նման՝ հաճոյք կ’առնե՞ս «ժողովին մէջ» Աստուած գովաբանելէ եւ շրթներովդ Եհովան փառաբանելէ անոնց առջեւ, որոնք տակաւին զինք չեն ճանչնար ու չեն փառաբաներ։ (Եբրայեցիս 2։12. Հռովմայեցիս 15։9-11) Որոշ տարողութեամբ մեր անձնական պատասխանը կախեալ կրնայ ըլլալ մեր կեցուածքէն՝ Աստուծոյ նպատակին մէջ մեր տեղական ժողովքին խաղցած դերին հանդէպ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ Եհովա մեր տեղական ժողովքը ի՛նչպէս կ’ուղղէ եւ կը գործածէ, իսկ անիկա մեր կեանքին մէջ ի՛նչ դեր պէտք է խաղայ։
Կը յիշե՞ս
• Օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած «Աստուծոյ ժողովքը» ի՞նչպէս գոյացաւ։
• Աստուածաշունչը «ժողով(ք)» բառը ուրիշ ի՞նչ երեք կերպերով կը գործածէ։
• Դաւիթ, Յիսուս եւ առաջին դարու Քրիստոնեաները ժողովքին նկատմամբ ի՞նչ ուզեցին ընել, եւ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Յիսուս ո՞ր ժողովքին հիմն էր
[Նկար՝ էջ 11]
Քրիստոնեաներէ բաղկացած տեղական խումբեր կը հաւաքուէին որպէս ‘Աստուծոյ ժողովքներ’
[Նկար՝ էջ 12]
Պենինի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն նման, կրնանք համախմբութեան մէջ Եհովան փառաբանել