«Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք»

«Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք»

Գլուխ 17

«Իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք»

1, 2. (ա) Եհովայի Վկաներու ժողովներուն նոր յաճախողները շատ յաճախ ի՞նչ բանով կը տպաւորուին։ (բ) Անոնք այս յատկութեան ուրիշ ի՞նչ ապացոյց կը տեսնեն մեր համագումարներուն։

ԵՐԲ մարդիկ առաջին անգամ կու գան Եհովայի Վկաներու ժողովքային հանդիպումներուն, շատ յաճախ խորապէս կը տպաւորուին հոն ցուցաբերուած սէրը տեսնելով։ Զայն կը նշմարեն անոնց ջերմ ընկերակցութենէն եւ անձնապէս իրենց մատուցուած բարիգալուստի մաղթանքներէն։

2 Մեր համաժողովներուն ալ, այցելուներ կը նշմարեն որ ներկայ եղողներուն մեծամասնութիւնը լաւ վարք մը ունի։ Այսպիսի համագումարի մը մասին լրագրող մը հետեւեալը գրեց. ‘Ոչ մէկը թմրեցուցիչի կամ խմիչքի ազդեցութեան տակ է։ Ոչ պոռչտուկ եւ ոչ աղաղակ, ոչ հռմշտկում, ոչ հայհոյանք, ոչ աղտոտ կատակներ կամ կոշտ լեզու։ Ոչ ծուխով լեցուն մթնոլորտ մը։ Ոչ գողութիւն։ Ոչ ալ մարմանդներուն վրայ աղբ կար. իրապէս անսովոր բան մըն էր’։ Այս բոլորը ապացոյցն է այնպիսի սիրոյ մը որ «անվայել վարմունք չունենար», եւ «իրեն [շահերը] չի փնտռեր»։—Ա. Կորնթացիս 13։4–8

3. (ա) Ժամանակի ընթացքին, ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ մեր սէրը։ (բ) Քրիստոսը ընդօրինակելով, ինչպի՞սի սէր մը պէտք է մշակենք։

3 Սէրը, հարազատ Քրիստոնեաները բնորոշող յատկութիւն մըն է։ (Յովհաննու 13։35) Մինչ հոգեւորապէս կ’աճինք, աւելի լման կերպով պէտք է արտայայտենք զայն։ Պօղոս առաքեալ աղօթեց որ իր եղբայրներուն սէրը «հետզհետէ աւելի շատնայ»։ (Փիլիպպեցիս 1։9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։12) Նաեւ, Պետրոս Քրիստոնեաները յորդորեց որ իրենց սէրը բովանդակէ «ամբողջ եղբայրակցութիւնը»։ (Ա. Պետրոս 2։17) Մեր սէրը պէտք է մղէ մեզ որ պարզապէս ժողովներուն յաճախելէն աւելին ընենք անոնց հետ, որոնք անհատապէս ճանչնալու համար շատ ջանք չթափեցինք։ Ան պէտք է պարփակէ շատ աւելին քան ատենը մէյ մը «բարեւ» մը ըսելը։ Յովհաննէս առաքեալ ցոյց տուաւ որ ան անձնազոհ պէտք է ըլլայ։ Ան գրեց. «Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա [Աստուծոյ Որդին] իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը»։ (Ա. Յովհաննու 3։16. Յովհաննու 15։12, 13) Տակաւին այդ աստիճանին չենք հասած։ Բայց արդեօք մեր կեանքը մեր եղբայրներուն համար պիտի ուզե՞նք տալ։ Լաւ, հիմա մինչեւ ո՞ր աստիճան մենք մեզ նեղութեան մէջ կը ձգենք իրենց օգնելու համար, նոյնիսկ երբ անիկա մեզ կը խանգարէ։

4. (ա) Ուրիշ ի՞նչպէս կրնանք աւելի լման կերպով մեր սէրը յայտնել։ (բ) Ինչո՞ւ կենսական է իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենալ։

4 Անձնազոհութիւն ցոլացնող մեր արարքներուն հետ կարեւոր է նաեւ որ մեր եղբայրներուն հանդէպ ջերմ զգացում մը ունենանք։ Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ մեզ. «Եղբայրասիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Բոլորս ալ կարգ մը եղբայրներու հանդէպ այդպէս կը զգանք։ Արդեօք մեր գուրգուրանքը վայելող այսպիսի անհատներ պարփակող շրջագիծը կրնա՞նք մեծցնել։ Մինչ իրերու հին դրութեան վախճանը կը մօտենայ, կենսական է որ մեր հոգեւոր եղբայրներուն հանդէպ աւելի մօտիկ ըլլանք։ Աստուածաշունչը այս մասին մեզ կը զգուշացնէ, ըսելով. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ... Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասնզի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։—Ա. Պետրոս 4։7, 8

5. Ինչո՞ւ սխալ է ակնկալել որ նոյն ժողովքի պատկանողներու միջեւ խնդիրներ չեն կրնար յարուցուիլ։

5 Անշուշտ, այնքան ատեն որ անկատար ենք, պիտի պատահի որ երբեմն բաներ ընենք եւ ուրիշները նեղացնենք։ Անոնք ալ, շատ մը կերպերով մեզի դէմ պիտի մեղանչեն։ (Ա. Յովհաննու 1։8) Եթէ այսպիսի վիճակի մը մէջ գտնուիք, ի՞նչ պէտք է ընէք։

Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ԵՐԲ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ՅԱՐՈՒՑՈՒԻՆ

6. (ա) Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի խրատը թերեւս միշտ համաձայն չըլլայ մեր հակումներուն հետ։ (բ) Սակայն եթէ գործադրենք զայն, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

6 Աստուածաշունչը պէտք եղած ուղղութիւնը կու տայ։ Բայց անոր խրատը թերեւս չհամապատասխանէ մեր անկատար հակումներուն։ (Հռովմայեցիս 7։21–23) Այսուհանդերձ, եթէ անոր խրատներուն համաձայն գործելու անխոնջ ջանք մը թափենք, կը յայտնաբերենք որ անկեղծօրէն կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ ուրիշներու հանդէպ մեր սէրն ալ աւելի ճոխ պիտի ըլլայ։

7. (ա) Եթէ մէկը մեզ վիրաւորէ, ինչո՞ւ պէտք չէ փոխարինենք։ (բ) Ինչո՞ւ մեզ վիրաւորող եղբօրմէն պարզապէս խոյս պէտք չէ տանք։

7 Երբեմն, երբ անհատ մը վիրաւորուած ըլլայ, նոյնիսկ կերպեր կը փնտռէ յանցաւորէն վրէժ առնելու։ Բայց անիկա միայն կը վատթարացնէ պարագան։ Եթէ հատուցումի պէտքը կայ, զայն Աստուծոյ պէտք է ձգենք։ (Առակաց 24։29. 12։17–21) Իսկ ուրիշներ կը ջանան այդ յանցաւորը իրենց կեանքէն վանել, ամէն յարաբերութիւն խզելով իր հետ։ Բայց ասիկա չենք կրնար ընել մեր հաւատակիցներուն հետ։ Մեր պաշտամունքին ընդունելի ըլլալը մասամբ մեր եղբայրները սիրելէն կախեալ է։ (Ա. Յովհաննու 4։20) Անկեղծ ըլլալու համար, կրնա՞նք ըսել որ կը սիրենք անհատ մը երբ անոր հետ չենք խօսիր եւ երբ նոյնիսկ իր ներկայութիւնը կը խանգարէ մեզ։ Եթէ այս է պարագան, պէտք է ջանանք խնդիրը լուծել. բայց ինչպէ՞ս։

8, 9. (ա) Եթէ եղբօր մը հանդէպ գանգատի պատճառ մը ունինք, ընելիք շիտակ բանը ի՞նչ է։ (բ) Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք երբ ան կը շարունակէ մեղանչել մեզի դէմ։ (գ) Ինչո՞ւ խնդիրը այս ձեւով ձեռք պէտք է առնենք, եւ ի՞նչ բանը պիտի օգնէ մեզի ասիկա ընելու։

8 Այս առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս [Եհովա (ՆԱ)] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ (Կողոսացիս 3։13) Կրնա՞ք ասիկա ընել։ Բայց ի՞նչ պիտի ընէք երբ անհատ մը շատ մը տարբեր կերպերով կը շարունակէ մեղանչել ձեզի դէմ։

9 Պետրոս առաքեալ նոյն հարցումը հարցուց եւ ինք խորհեցաւ որ թերեւս եղբօր մը պէտք է ներել մինչեւ եօթը անգամ։ Յիսուս իրեն պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ [եօթանասուն–եօթը] անգամ»։ Բայց ինչո՞ւ այսքան շատ։ Յիսուս շարունակեց բացատրել առակով մը, որու մէջ ան դրսեւորեց մեր ունեցած պարտքը Աստուծոյ, բաղդատած՝ ուրիշներուն մեզի հանդէպ ունեցած պարտքին։ (Մատթէոս 18։21–35) Ամէն օր բազմիցս կը մեղանչենք Աստուծոյ դէմ. երբեմն անձնասէր արարքով մը, շատ յաճախ մեր ըսած եւ խօսած կամ մտածած կերպով, ինչպէս նաեւ մեր պարտականութեան մէջ թերանալով։ Տգիտութեամբ, թերեւս նոյնիսկ չենք անդրադառնար որ մեր ըրած կարգ մը բաները սխալ էին եւ կամ այս կեանքին թոհուբոհին մէջ, թերեւս նոյնիսկ լրջօրէն չենք մտածեր մեր թերացումներուն մասին։ Աստուած կրնայ մեր կեանքը պահանջել մեր մեղքերուն փոխարէն։ (Հռովմայեցիս 6։23) Բայց ան շարունակած է ողորմիլ մեզի։ (Սաղմոս 103։10–14) Հետեւաբար, ոչ մէկ կերպով անտրամաբանական է երբ ան մեզմէ կը պահանջէ որ մենք ալ նոյնպէս վարուինք ուրիշներուն հանդէպ։ (Մատթէոս 6։14, 15. Եփեսացիս 4։1–3) Երբ այսպէս կը վարուինք՝ փոխանակ բարկութեամբ ալեկոծուելու՝ կ’ապացուցանենք որ մենք ալ ձեռք ձգած ենք այն տեսակի սէրը որ «բարկութեան չի գրգռուիր [վնասից հատուցումը չի փնտռեր (ՆԱ)]»։Ա. Կորնթացիս 13։4, 5. Ա. Պետրոս 3։8, 9

10. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ եղբայր մը մեր դէմ լարուած է։

10 Բայց կը պատահի երբեմն որ հակառակ անոր որ մենք եղբօր մը հանդէպ բան մը չունինք, կը նշմարենք թէ ինք մեր դէմ լարուած է։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Առանց ուշանալու այս մասին իր հետ պէտք է խօսինք եւ ջանանք խաղաղ կապեր հաստատել։ Աստուածաշունչը մեզի կը յորդորէ որ նախաքայլը մենք առնենք։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ասիկա ընելը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Ասիկա խոնարհութեամբ շաղախուած սէր կը պահանջէ։ Այս յատկութիւնները բաւական զօրաւո՞ր են ձեր մէջ, որպէսզի Աստուածաշունչին խրատին հետեւիք։ Ասիկա կարեւոր նպատակակէտ մըն է, որու համար կ’արժէ աշխատիլ։

11. Եթէ եղբայր մը մեզ նեղացնող բաներ կ’ընէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

11 Իսկ հիմա, թերեւս Քրիստոնեայի մը վարմունքը ձեզ կամ ուրիշները կը նեղացնէ։ Արդեօք լաւ չըլլա՞յ եթէ այս մասին մէկը խօսի իր հետ։ Թերեւս։ Եթէ դուք անձամբ կրնաք խնդիրը իրեն պարզել ազնիւ կերպով մը, ասիկա կրնայ լաւ արդիւնքներ ունենալ։ Բայց ասիկա ընելէ առաջ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Իր ըրած բաները իրապէս հակա–սուրբ գրայի՞ն են, թէ ոչ մեծաւ մասամբ խնդրին պատճառը այն է որ իմ խառնուածքս կամ ստացած մարզումս իրենինէն տարբեր է’։ Եթէ այս է պարագան, ուշադիր եղէք որ ձեր անձնական չափանիշները չպարտադրէք եւ անոնց համաձայն չդատէք։ (Յակոբու 4։11, 12) Եհովա անաչառութեամբ ամէն մակարդակի մարդիկը կ’ընդունի եւ անոնց հանդէպ համբերող է, այնքան ատեն որ անոնք հոգեւորապէս կ’աճին։

12. (ա) Եթէ ժողովքին մէջ լուրջ յանցանք մը գործող ըլլայ, որո՞նք հոգ կը տանին անոր։ (բ) Բայց ո՞ր պարագաներու ներքեւ նախաքայլը պէտք է առնէ այն անհատը որու դէմ գործուած է մեղքը, եւ ի՞նչ նպատակակէտ ունենալով։

12 Բայց եւ այնպէս, երբ ժողովքի անդամներէն մէկը լուրջ յանցանք մը կը գործէ, ասիկա արագօրէն ձեռք պէտք է առնուի։ Որո՞նց կողմէ։ Սովորաբար երէցներուն կողմէ։ Բայց, երբ անիկա եղբայրներուն միջեւ եղող գործի խնդիր մըն է, եւ կամ լեզուի այնպիսի սխալ գործածութիւն մը որ լրջօրէն վիրաւորած է ուրիշ մը, այդ պարագային՝ այն անհատը որու դէմ գործուած է մեղքը՝ նախ պէտք է ջանայ օգնել յանցաւորին, անհատապէս։ Ասիկա կրնայ դժուար թուիլ ոմանց։ Բայց Յիսուս այս է որ պատուիրեց Մատթէոս 18։15–17–ի մէջ։ Մեր եղբօր հանդէպ մեր ունեցած սէրը եւ ժողովքին մէջ որպէս եղբայր զինք տեսնելու մեր անկեղծ փափաքը պիտի օգնեն մեզի որ ասիկա ընենք այնպիսի կերպով մը որ եթէ կարելի է, յանցաւորին սրտին հասնինք։—Առակաց 16։23

13. Եթէ մեր եւ եղբօր մը միջեւ խնդիր մը ծագի, ի՞նչ բանը պիտի օգնէ որ հարցը պատշաճ կերպով լուծուի։

13 Երբ հարց մը յարուցուի, մեծ կամ պզտիկ, բոլորս ալ կ’օգտուինք երբ ջանանք հասկնալ թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը դիտէ զայն։ Ան որեւէ կերպով մեղքի չի հաճիր եւ սակայն այդ մեղքը ինք մեզմէ ամէն մէկուս մէջ կը տեսնէ։ Իր յարմար ատենին չզղջացող մեղաւորները կը մաքրուին իր կազմակերպութենէն։ Իսկ մնացեալնե՞րս։ Բոլորս ալ Աստուծոյ երկայնմտութեան եւ ողորմութեան առարկան ենք։ Ան մեզի օրինակ հանդիսացած է ասոր մէջ։ Եթէ մենք ալ այսպէս վարուինք, իր սէրը յայտնաբերած կ’ըլլանք։—Եփեսացիս 5։1, 2

‘ԼԱՅՆՆԱԼ’ՈՒ ԿԵՐՊԵՐ ՓՆՏՌԵՑԷՔ

14. (ա) Պօղոս ինչո՞ւ քաջալերեց որ Կորնթացիները ‘լայննան’։ (բ) Հոս յիշուած համարը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մենք ալ այս մասին մտածենք։

14 Պօղոս առաքեալ շատ մը ամիսներ անցուցած էր Յունաստանի մէջ, Կորնթացւոց ժողովքը հիմնելու համար։ Ան ծանր աշխատած էր այդտեղի եղբայրներուն օգնելու համար եւ կը սիրէր զիրենք։ Բայց անոնցմէ ոմանք իրեն հանդէպ գուրգուրանք չունէին եւ միշտ կը քննադատէին զինք։ Ան յորդորեց անոնց որ սիրոյ մէջ ‘լայննան’։ (Բ. Կորնթացիս 6։11–13. 12։15) Մենք ալ լաւ կ’ընենք եթէ քննենք թէ ո՛ր տարողութեամբ ուրիշներուն հանդէպ սէր կ’արտայայտենք եւ անոր մէջ ‘լայննալ’ու կերպեր փնտռենք։—Ա. Յովհաննու 3։14. Ա. Կորնթացիս 13։3

15. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ սիրենք այն անհատները որոնց հանդէպ անհատապէս մասնաւոր քաշողականութիւն մը չունինք։

15 Արդեօք ժողովքին մէջ կա՞ն ոմանք որոնց մօտենալը դժուար կը գտնենք։ Եթէ իրենց գործած պզտիկ յանցանքներուն վրայէն անցնինք՝ ինչպէս որ կ’ուզենք որ իրենք ընեն մեզի՝ ասիկա կրնայ օգնել որ մեր միջեւ աւելի ջերմ յարաբերութիւն մը ըլլայ։ (Առակաց 17։9. 19։11) Անոնց հանդէպ մեր զգացումները կրնան բարելաւուիլ նաեւ, երբ անոնց լաւ յատկութիւնները փնտռենք եւ անոնց վրայ մնանք։ Բնաւ նկատի առա՞ծ ենք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը գործածէ այս եղբայրները։ Եթէ ասիկա նկատի առնենք, վստահաբար իրենց հանդէպ մեր սէրը պիտի աւելնայ։—Ղուկաս 6։32, 33, 36

16. Իրապաշտօրէն, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժողովքի անդամներուն հանդէպ մեր սիրոյն մէջ ‘լայննալ’։

16 Անշուշտ, ուրիշներուն հանդէպ բարիք ընելն ալ իր սահմանը ունի։ Թերեւս ժողովքին մէջ ամէն անգամ բոլորին չենք կրնար բարեւել։ Շատ հաւանաբար կարելի չէ ամէն մարդ հրաւիրել երբ բարեկամներ կանչած ենք ճաշի։ Բոլորս ալ ունինք մտերիմ բարեկամներ, որոնց հետ շատ աւելի ժամանակ կ’անցնենք քան՝ ուրիշներուն։ Բայց արդեօք կրնա՞նք ‘լայննալ’։ Արդեօք ամէն շաբաթ մի քանի վայրկեան կրնա՞նք յատկացնել մեր ժողովքին մէջէն մէկու մը հետ աւելի լաւ ծանօթանալու, որ տակաւին մեր մտերիմ բարեկամը չէ։ Կրնա՞նք անոնցմէ մէկը հրաւիրել որ մեզի միանայ դաշտի ծառայութեան։ Եթէ իրապէս սրտանց սէր ունինք իրարու հանդէպ, վստահաբար կերպեր պիտի գտնենք զայն ապացուցանելու։

17. Երբ կը գտնուինք մեր եղբայրներուն հետ որոնց նախապէս չէինք ճանչնար, ի՞նչ բան ցոյց պիտի տայ որ իրենց հանդէպ սրտանց սէր ունինք։

17 Քրիստոնէական համագումարները գեղեցիկ առիթներ են մեր սիրոյն մէջ ‘լայննալ’ու։ Հազարաւորներ հոն ներկայ կ’ըլլան։ Թէեւ բոլորին հետ չենք կրնար ծանօթանալ։ Բայց այնպիսի կերպով մը կրնանք վարուիլ որ ցոյց կու տայ թէ մեր հանգիստէն աւելի իրենց բարօրութիւնը կը փնտռենք, նոյնիսկ երբ անկէ առաջ բնաւ զիրենք չենք տեսած։ Ընդմիջումներուն կրնանք անհատապէս հետաքրքրուիլ մեր շուրջ գտնուող ոմանց հետ, խօսելու մէջ նախաքայլը առնելով։ Օր մը, երկրի վրայ բոլոր ապրողները եղբայրներ եւ քոյրեր պիտի ըլլան, Աստուծոյ եւ Հօրը պաշտամունքին մէջ միացած։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ ամենուն հետ ծանօթանալ, զիրենք ճանչնալով իրենց շատ մը տարբեր յատկութիւններով։ Իրենց հանդէպ մեր ունեցած անսահման սէրը պիտի մղէ մեզ որ ասիկա ընենք։ Ինչո՞ւ հիմա իսկ չսկսիլ։

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Երբ եղբայրներու կամ քոյրերու միջեւ խնդիրներ յարուցուին, անոնք ինչպէ՞ս պէտք է լուծուին եւ ինչո՞ւ։

Երբ հոգեւորապէս կ’աճինք, ի՞նչ կերպերով մեր սէրն ալ պէտք է աճի։

Ինչպէ՞ս կարելի է սրտանց սէր ցոյց տալ մեզի հետ մտերիմ չեղողներուն հանդէպ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]