Գաղտնիութեան դասաւորումներ

To provide you with the best possible experience, we use cookies and similar technologies. Some cookies are necessary to make our website work and cannot be refused. You can accept or decline the use of additional cookies, which we use only to improve your experience. None of this data will ever be sold or used for marketing. To learn more, read the Global Policy on Use of Cookies and Similar Technologies. You can customize your settings at any time by going to Privacy Settings.

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Սերտէ՛ որ սորվածդ ուրիշներուն խօսիս

Սերտէ՛ որ սորվածդ ուրիշներուն խօսիս

Սերտողութեան նիստերը կրնան մեզ թարմացնել։ Բայց կրնանք աւելի՛ թարմանալ, երբ մեր սորված հոգեւոր գանձերը ուրիշներուն խօսինք։ «Ուրիշները թարմացնողը՝ ինքն ալ կը թարմանայ» (Առ. 11։25, ՆԱ

Երբ մեր սորվածները ուրիշներուն խօսինք, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ այդ կէտերը աւելի դիւրաւ յիշենք եւ աւելի հասկնանք։ Եւ քանի որ այդ կէտերը կրնան ուրիշներուն օգտակար դառնալ, ատոնք ուրիշներուն պատմելը մեզի ուրախութիւն կու տայ (Գործք 20։35

Ասիկա փորձէ՛։ Եկող շաբաթ, առիթներ փնտռէ որ սորվածդ ուրիշներուն պատմես։ Կրնաս խօսիլ ընտանիքիդ մէկ անդամին, ժողովքէդ մէկու մը, գործակիցի մը, դասընկերի մը, դրացիի մը, կամ ծառայութեան մէջ մէկու մը որ հանդիպեցար։ Փորձէ սորված կէտերուդ մասին քու բառերովդ խօսիլ՝ պարզ ու յստակ կերպով։

Մի՛ մոռնար։ Սորվածդ ուրիշներուն խօսէ զիրենք քաջալերելո՛ւ համար, եւ ո՛չ թէ ցուցնելու համար որ դուն որքան գիտես (Ա. Կոր. 8։1