Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ նորէն կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն ըսած են՝ «Հետաքրքրուած չեմ»

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ նորէն կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն ըսած են՝ «Հետաքրքրուած չեմ»

 Եհովայի վկաները Աստուծոյ եւ ընկեր արարածին հանդէպ սէրէ մղուած Աստուածաշունչին ուրախ լուրերը կը քարոզեն բոլոր մարդոց,– նոյնիսկ անոնց՝ որոնք արդէն ըսած են «Հետաքրքրուած չեմ» (Մատթէոս 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ, որ հնազանդինք իր Որդիին պատուէրին եւ «հիմնովին վկայութիւն տանք» (Գործք 10։42, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Անոր համար, մենք Աստուծոյ պատգամը մարդոց մէկ անգամ չենք քարոզեր, հապա՝ շատ անգամ կը քարոզենք,– ճիշդ ինչպէս որ Աստուծոյ վաղեմի մարգարէները ըրին (Երեմիա 25։4)։ Իսկ ընկեր արարածին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ կեանքեր փրկող ‘Արքայութեան աւետարանը’ բոլո՛ր մարդոց քարոզենք, մէջը ըլլալով անոնց՝ որոնք սկիզբը հետաքրքրուած չէին (Մատթէոս 24։14

 Երբ նորէն կ’այցելենք մարդոց, որոնք սկիզբը անտարբեր էին, շատ անգամ կը գտնենք մարդիկ, որոնք դրական կերպով կ’ընդառաջեն։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ երեք պատճառ.

  •   Մարդիկ կը փոխադրուին։

  •   Տան մէջ ուրիշներ մեր պատգամով կը հետաքրքրուին։

  •   Մարդիկ կը փոխուին։ Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը կամ մարդոց պարագաները պատճառ կը դառնան, որ անոնք աւելի՛ ‘գիտակից դառնան իրենց հոգեւոր կարիքներուն’ եւ Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուին (Մատթէոս 5։3, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն)։ Նոյնիսկ անոնք որ սկիզբը մեզի կը հակառակին, թերեւս փոխուին,– ճիշդ ինչպէս որ էր պարագան Պօղոս առաքեալին (Ա. Տիմոթէոս 1։13

 Բայց անշուշտ մենք մարդիկը չենք ստիպեր, որ մեր քարոզած պատգամը ընդունին (Ա. Պետրոս 3։15)։ Մենք համոզուած ենք որ երբ հարցը կապ ունի պաշտամունքի հետ, ամէն մարդ պէտք է անձնական որոշում առնէ (Բ. Օրինաց 30։19, 20