ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Պէ՞տք է Աստուած պաշտենք արձաններ ու սրբանկարներ գործածելով

Արեւմտահայերէն
Պէ՞տք է Աստուած պաշտենք արձաններ ու սրբանկարներ գործածելով
https://cms-imgp.jw-cdn.org/img/p/502013270/univ/art/502013270_univ_sqr_xl.jpg
կահ յօդուած 64

Պէ՞տք է Աստուած պաշտենք արձաններ ու սրբանկարներ գործածելով

Պէ՞տք է Աստուած պաշտենք արձաններ ու սրբանկարներ գործածելով

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Ո՛չ, պէտք չէ։ Նկարագրելով իսրայէլ ազգին տուած Աստուծոյ օրէնքները, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Տարբեր–տարբեր սուրբգրային պատմութիւններ ցոյց կու տան, թէ Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ արձաններ չէին գործածուեր» (New Catholic Encyclopedia )։ Նկատի առ թէ կարգ մը համարներ ի՛նչ կ’ըսեն այս նիւթին մասին.

  •   «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ [«նախանձախնդիր», Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ ՝ ծանօթագրութիւններով] Աստուած եմ» (Ելից 20։4, 5)։ Աստուած «նախանձախնդիր» Աստուած է. անոր համար չ’ուրախանար եթէ զինք փառաբանենք կամ պաշտենք գործածելով՝ սրբանկարներ, կուռքեր, արձաններ կամ կրօնական խորհրդանշաններ։

  •   «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն» (Եսայի 42։8)։ Աստուած կը մերժէ արձաններու միջոցաւ պաշտամունքը։ Երբ իսրայէլացիներէն ոմանք հորթի արձան մը շինեցին եւ սկսան անոր միջոցաւ Աստուած պաշտել, ան ըսաւ որ իսրայէլ ազգը «ապականեցաւ», ուրիշ խօսքով՝ շատ լուրջ մեղք մը գործեց (Ելից 32։7-9

  •   «Պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է» (Գործք 17։29)։ Հեթանոսական պաշտամունքին մէջ ընդհանրապէս կը գործածուի «մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած» արձաններ, բայց քրիստոնեաները պէտք է ‘հաւատքով քալեն ու ո՛չ թէ երեւոյթով’, ճիշդ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ (Բ. Կորնթացիս 5։7

  •   «Ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք» (Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Թէ՛ իսրայէլ ազգին եւ թէ քրիստոնեաներուն տրուած օրէնքներն ու պատուէրները ցոյց կու տան, որ Աստուծոյ համար ընդունելի չէ զինք պաշտել արձաններու կամ սրբանկարներու միջոցաւ։