ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Կրնա՞նք գիտնալ թէ ո՛վ գրած է Աստուածաշունչը

Արեւմտահայերէն
Կրնա՞նք գիտնալ թէ ո՛վ գրած է Աստուածաշունչը
https://cms-imgp.jw-cdn.org/img/p/502012485/univ/art/502012485_univ_sqr_xl.jpg
կահ յօդուած 5

Կրնա՞նք գիտնալ թէ ո՛վ գրած է Աստուածաշունչը

Կրնա՞նք գիտնալ թէ ո՛վ գրած է Աստուածաշունչը

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Շատեր կ’ըսեն, թէ անկարելի է որ գիտնանք թէ Աստուածաշունչը ո՛վ գրած է։ Բայց Աստուածաշունչը շատ անգամներ յստակօրէն մեզի ըսած է, թէ ո՛վ են գրողները։ Աստուածաշունչի կարգ մը մասեր կը սկսին այսպիսի խօսքերով. «Նէեմիային խօսքերը», «Եսայիի տեսիլքը», եւ «Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին» (Նէեմիա 1։1, Եսայի 1։1, Յովէլ 1։1

 Աստուածաշունչը գրողներէն շատեր յստակ կերպով ըսած են, որ իրենք միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՛ն անունով եւ ի՛ր առաջնորդութեամբ գրած են։ Եբրայերէն Գրութիւնները գրող մարգարէները 300 անգամէ աւելի ըսած են. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ» (Ամովս. 1։3, Միքիա 2։3, Նաւում 1։12)։ Ուրիշ գրողներ ըսած են որ Աստուծոյ խօսքը ստացան հրեշտակներու միջոցաւ (Զաքարիա 1։7, 9

 Աստուածաշունչը գրուած է մօտ 40 տղամարդոց կողմէ, աւելի քան 1600 տարուան ընթացքին։ Անոնցմէ ոմանք գրած են Աստուածաշունչի գիրքերէն քանի մը հատը։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կազմուած է 66 գիրքերէ, որոնցմէ 39–ն կը կազմեն՝ Հին Կտակարանը կամ Եբրայերէն Գրութիւնները, իսկ 27–ն կը կազմեն՝ Նոր Կտակարանը կամ Յունարէն Գրութիւնները։