Ի՞նչ է Յայտնութիւն 13–ին մէջ յիշուած եօթը գլուխ ունեցող գազանը
Աստուածաշունչին պատասխանը
Յայտնութիւն 13։1–ին մէջ յիշուած եօթը գլուխ ունեցող գազանը կը ներկայացնէ համաշխարհային քաղաքական համակարգը կամ սիստեմը։
Անիկա ունի իշխանութիւն, զօրութիւն եւ գահ,– ինչ որ ցոյց կու տայ թէ անիկա քաղաքականութեան հետ կապ ունի (Յայտնութիւն 13։2)։
Անիկա կ’իշխէ «բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ», ուրեմն քաղաքական կառավարութենէ մը շատ աւելի մեծ է (Յայտնութիւն 13։7)։
Անիկա Դանիէլ 7։2-8–ի մարգարէութեան մէջ նկարագրուած 4 գազաններէն ամէն մէկուն հետ ունի նմանութիւն մը, ինչպէս՝ ինձի երեւոյթ, արջի ոտքեր, առիւծի բերան եւ տասը եղջիւրներ։ Դանիէլի մարգարէութեան մէջի գազանները կը ներկայացնեն որոշ թագաւորութիւններ կամ՝ իրար յաջորդող կայսրութիւններ (Դանիէլ 7։17, 23)։ Ուրեմն, Յայտնութիւն գիրքին 13–րդ գլուխին մէջ յիշուած գազանը կը ներկայացնէ քաղաքական կազմակերպութիւն մը՝ որ կազմուած է տարբեր կառավարութիւններէ։
Ան կ’ելլէ «ծովէն», այսինքն՝ ալեկոծ վիճակի մէջ եղող մարդկութենէն, որոնցմէ կը կազմուին կառավարութիւնները (Յայտնութիւն 13։1. Եսայի 17։12, 13)։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ գազանին 666 թիւը կամ անունը «մարդու մը թիւն է» (Յայտնութիւն 13։17, 18)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ, որ Յայտնութիւն 13–ին մէջ յիշուած գազանը մարդկային բնոյթ ունի, եւ ոչ թէ՝ ոգեղէն կամ դիւային բնոյթ։
Հակառակ անոր որ կառավարութիւնները շատ մը հարցերու նկատմամբ չեն համաձայնիր, բայց անոնք միասնաբար վճռած են պահպանել իրենց իշխանութիւնը, փոխանակ Աստուծոյ Թագաւորութեան ենթարկուելու (Սաղմոս 2։2)։ Ասկէ զատ, Արմագեդոնին, անոնք իրենց ուժերը պիտի միացնեն, պատերազմելու համար Աստուծոյ բանակին դէմ, որ պիտի առաջնորդուի Յիսուսի գլխաւորութեամբ։ Բայց այս պատերազմը պիտի աւարտի կառավարութիւններու բնաջնջումով (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։19, 20)։
«Եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր»
Յայտնութիւն 13–ին մէջ յիշուած գազանին «եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր»ին իմաստը հասկնալու բանալին «գազանին պատկեր»ն է, որուն մասին Յայտնութիւն գիրքը ետքը կ’ըսէ թէ անիկա 7 գլուխ եւ 10 եղջիւր ունեցող կարմիր գազան մըն է (Յայտնութիւն 13։1, 14, 15. 17։3)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այս կարմիր գազանին 7 գլուխները կը նշանակեն «եօթը թագաւորներ» կամ կառավարութիւններ (Յայտնութիւն 17։9, 10)։
Նոյնպէս, Յայտնութիւն 13։1–ին մէջ յիշուած գազանին 7 գլուխները կը ներկայացնեն 7 կառավարութիւններ։ Անոնք քաղաքական աշխարհակալ ուժեր են, որոնք պատմութեան ընթացքին իշխած եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ դաժան կերպով վարուած են. Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը, Յունաստանը, Հռոմը եւ Անկլօ–Ամերիկան։ Աստուածաշունչին մէջ որոշ թիւեր խորհրդանշական իմաստ ունին. օրինակ, 10 թիւը կը ներկայացնէ՝ ամբողջութիւն։ Իսկ եղջիւրները շատ անգամ Աստուածաշունչին մէջ կը գործածուին խորհրդանշելու համար կառավարութիւններ։ Ուրեմն, եթէ եզրակացնենք, որ 10 եղջիւրները կը ներկայացնեն բոլոր անկախ պետութիւնները, ըլլա՛ն մեծ կամ փոքր,– ուրեմն ամէն մէկ եղջիւրի վրայ դրուած թագը ցոյց կու տայ, որ ամէն մէկ պետութիւն կ’իշխէ աշխարհակալ ուժի մը հետ միաժամանակ։

