ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչպէ՞ս կրնաս գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Արեւմտահայերէն
Ինչպէ՞ս կրնաս գտնել ճշմարիտ կրօնքը
https://cms-imgp.jw-cdn.org/img/p/502015177/univ/art/502015177_univ_sqr_xl.jpg
կահ յօդուած 92

Ինչպէ՞ս կրնամ գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Ինչպէ՞ս կրնամ գտնել ճշմարիտ կրօնքը

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը կը յստակացնէ թէ կարելի է գիտնալ թէ ո՛վ ճշմարիտ կրօնքը ունի եւ ո՛վ՝ ոչ, երբ կ’ըսէ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ» (Մատթէոս 7։16)։ Ճիշդ ինչպէս որ կրնաս գիտնալ տարբերութիւնը որթատունկին եւ փուշին միջեւ՝ ատոնց պտուղներէն, նոյնպէս ալ կրնաս գիտնալ տարբերութիւնը ճշմարիտ եւ սուտ կրօնքին միջեւ՝ ատոնց պտուղներէն, կամ ալ՝ երբ աչքէ անցընես հետեւեալ կէտերը.

  1.   Ճշմարիտ կրօնքը կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը, որ հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ եւ ոչ թէ՝ մարդկային փիլիսոփայութիւններու վրայ (Յովհաննէս 4։24. 17։17)։ Օրինակի համար, ճշմարիտ կրօնքը կը բացատրէ հոգիին մասին եւ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսին մասին ճշմարտութիւնները (Սաղմոս 37։29. Եսայի 35։5, 6. Յակոբոս 5։20)։ Ասկէ զատ, ճշմարիտ կրօնքը չի քաշուիր կրօնական սուտ գաղափարներ մէջտեղ հանելէ (Մատթէոս 15։9. 23։27, 28

  2.   Ճշմարիտ կրօնքը մարդոց կ’օգնէ, որ Աստուած ճանչնան եւ գիտնան անոր անունը՝ Եհովա (Սաղմոս 83։18. Եսայի 42։8. Յովհաննէս 17։3, 6)։ Ատիկա չի սորվեցներ որ Աստուած խորհուրդ է կամ մարդոցմէ հեռու է եւ անոնցմով հետաքրքրուած չէ. հապա կը սորվեցնէ թէ ան կ’ուզէ մեզի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Յակոբոս 4։8

  3.   Ճշմարիտ կրօնքը կը շեշտէ Յիսուս Քրիստոսին դերը որպէս այդ անձը, որուն միջոցաւ Աստուած մարդոց փրկութիւն կու տայ (Գործք 4։10, 12)։ Ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդները Յիսուսին պատուէրներուն կը հնազանդին եւ ջանք կ’ընեն որ անոր օրինակին հետեւին (Յովհաննէս 13։15. 15։14

  4.   Ճշմարիտ կրօնքը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։ Ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդները նախանձախնդրութեամբ ուրիշներուն կը պատմեն այդ Թագաւորութեան մասին (Մատթէոս 10։7. 24։14

  5.   Ճշմարիտ կրօնքը մարդիկը կը քաջալերէ, որ իրարու հանդէպ անձնազոհ սէր ունենան (Յովհաննէս 13։35)։ Ատիկա կը սորվեցնէ յարգել բոլոր էթնիկ խումբերը եւ սիրով ընդունիլ տարբեր–տարբեր ցեղերու, մշակոյթներու, լեզուներու եւ ազգերու պատկանող մարդիկը (Գործք 10։34, 35)։ Քանի՛ որ ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդները իրարու հանդէպ սէր ունին, պատերազմներու չեն մասնակցիր (Միքիա 4։3. Ա. Յովհաննէս 3։11, 12

  6.   Ճշմարիտ կրօնքին մէջ չկան վճարում ստացող կղերականներ, ինչպէս նաեւ անոր հետեւորդներուն վեհ տիտղոսներ չեն տրուիր (Մատթէոս 23։8-12. Ա. Պետրոս 5։2, 3

  7.   Ճշմարիտ կրօնքը քաղաքական հարցերու մէջ բացարձակապէս չէզոք է (Յովհաննէս 17։16. 18։36)։ Բայց անոր հետեւորդները կը յարգեն եւ կը հնազանդին երկրի կառավարութիւններուն, հետեւելով Աստուածաշունչին այս պատուէրին. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք [այսինքն՝ կառավարութիւններուն] եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մարկոս 12։17. Հռովմայեցիս 13։1, 2

  8.   Ճշմարիտ կրօնքը ապրելակերպ է, եւ ոչ թէ՝ արարողութիւն կամ ձեւակերպութիւն։ Անոր հետեւորդները Աստուածաշունչին բարոյական բարձր սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին (Եփեսացիս 5։3-5. Ա. Յովհաննէս 3։18)։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ անոնք չափէ դուրս լուրջ մարդիկ են. ընդհակառակը, անոնք ուրախ են, քանի որ կը պաշտեն «ուրախ Աստուածը» (Ա. Տիմոթէոս 1։11, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն

  9.   Ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդները քիչուոր են (Մատթէոս 7։13, 14)։ Անոնք շատ անգամ կ’անարգուին, կը ծաղրուին եւ կը հալածուին, քանի որ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն (Մատթէոս 5։10-12

Ճշմարիտ կրօնքը կարելի չէ գտնել զգացումէ տարուելով

 Վտանգաւոր է ընտրել կրօնք մը՝ զգացումէ տարուելով կամ ալ մեր նախընտրութիւններուն հիման վրայ։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ, որ պիտի գար ժամանակ մը, երբ մարդիկ ‘իրենց ականջին հաճելի բաներ խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռէին’ (Բ. Տիմոթէոս 4։3, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն)։ Բայց ատիկա նաեւ մեզ կը քաջալերէ, որ հետեւինք ‘Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութեան’, նոյնիսկ եթէ այդ կրօնքը մարդոց մեծամասնութեան կողմէ սիրուած չէ (Յակոբոս 1։27. Յովհաննէս 15։18, 19